ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ, ՎԵՆԵՏԻԿ
Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 31 Հոկտեբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր տեղի ունեցաւ եռօրեայ գիտաժողով, նուիրուած Մխիթար Աբբահօր մահուան 275 ամեակին։
Գիտաժողովին՝ Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Գանատայէն եւ Պոլիսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ։
Սոյն նախաձեռնութեան՝ Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ յատուկ հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեաան։
Մասնագէտ դասախօսներու շարքին էր Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ․ Քիւսպէկեան, որուն նիւթն էր՝ «ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ
Ներսէս Լամբրոնացիի թրգմանական մեկնութեան համեմատական ուսումնասիրութիւնը եւ Յայտնութեան գիրքին տեղը՝ Հայ Եկեղեցւոյ վախճանաբանութեան,մեկնողական ու մեկնաբանական գրականութեան, եւ քրիստոնէական առողջ աշխարհընկալման ձեւաւորման մէջ»։
Յղումները կարելի է դիտել Մխիթարեան Մայրավանք Սուրբ Ղազար – Monastero Armeno Mechitarista San Lazzaro էջին վրայ։
Comments are closed.