Արցախցիներուն Վերադարձը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Մաս Պէտք Կազմէ. Քլաար
Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար JamNews-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ անոնց լուծման հասնելու համար անոնց միջեւ քաղաքական կամքի անհրաժեշտութեան: Ան յատկապէս անդրադարձաւ արցախահայերուն տունդարձի իրաւունքին եւ գերիները ազատ արձակելու հարցին։
Խօսելով Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն` իրենց հայրենիքը վերադառնալու կարելիութիւններուն մասին՝ Քլաար ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը շատ յստակ է եղած է այս հարցով եւ յայտնած, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն վերադարձի հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մաս պէտք է կազմէ, եւ որ Պաքուի եւ անոնց միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ պիտի ըլլան` հայրենի տարածաշրջանը ապահով եւ արժանապատիւ վերադառնալու շուրջ:
«Դարձեալ յոյս ունիմ, որ թշնամութեան եւ բռնութեան էջը վերջապէս կրնայ միանգամընդմիշտ փակուիլ՝ ի շահ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան, որոնց կարգին՝ Ղարաբաղի հայերուն»՝ ըսաւ Քլաար՝ շեշտելով, որ արցախի հայերուն վերադարձին գծով Ատրպէյճան պարտաւորութիւն ունի, որմէ, ըստ իրեն, անիկա չի հրաժարիր։
Քլաար դիտել տուաւ, որ այդպիսի ապագայի մը յատկանիշները եւ պայմանները պէտք է գտնուին եւ համաձայնեցուին՝ ներառական եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութեան միջոցով:
Ըստ անոր՝ կարգաւորում կը նշանակէ բաց վէրքերու բացակայութիւն, եւ, հետեւաբար, այս հարցը պէտք է ըլլայ աւելի լայն խաղաղութեան գործընթացի մը մաստ:
Անդրադառնալով նաեւ Պաքուի կողմէ այս պարունակին մէջ բարձրացուող այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրին՝ Քլաար շեշտեց, որ ասոնք բոլորովին տարբեր հարցեր են, որոնք չեն կրնար նոյն հարթութեան վրայ դրուիլ: «Առաջինը ղարաբաղցի հայերու` իրենց նախնիներուն հայրենիքը վերադարձին աջակցութիւնն է, որ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնն է: Երկրորդը` Ատրպէյճանի այլ մասերու մէջ, որոնց կարգին Պաքուի մէջ ապրած հայերու կամ Հայաստանի մէջ ապրած ատրպէյճանցիներուն հարցն է», նշեց Քլաար:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան ծիրին մէջ Քլաար նաեւ կարեւոր եւ առանցքային տարրեր նկատեց մարդասիրական, մասնաւորապէս, գերիներուն եւ անհետ կորսուած անձերուն վերաբերող հարցերը:
Ան յիշեց, որ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին վրայ իր գործունէութեան ընթացքին ամէնէն յուզիչ փորձառութիւններէն մէկը եղաւ 2021ի աւարտին, Ատրպէյճանի գերութենէն տասը հայ զինուորներու ազատ արձակումը։
«Ես խորապէս համոզուած եմ, որ բոլոր գերիները ազատ արձակելը, բոլոր կողմերուն լաւ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ անհետ կորսուածներու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ ականազերծման ջանքերու հարցին վերաբերող, վճռորոշ տարրեր են կայուն խաղաղութեան եւ թշնամութեան ու բռնութեան էջը վերջնականապէս փակելու համար: Անձնապէս կը տխրիմ, երբ մենք տակաւին իսկապէս չենք կրնար յառաջընթաց արձանագրել այդ հարցերուն մէջ», յայտնեց Քլաար` աւելցնելով, որ այդ հարցը կը մնայ առանցքային՝ իր աշխատանքը շարունակող յաջորդ պաշտօնեային համար:
Քլաար շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութեան համար քաղաքական կամք պէտք է՝ աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը ոգեւորուած է նախագիծերու վերջին աշխոյժ փոխանակումներով եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջեւ 10 Յուլիս 2024ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վերջին եռակողմ հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ անոր՝ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ անոր հետագայ իրականացումը հիմնովին պիտի փոխեն տարածաշրջանին իրավիճակը: «Կը կարծեմ, թէ առաջնորդները նոյնպէս կը կիսեն այս տեսակէտը եւ պիտի ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ ջանքերուն՝ այս հարցին շուրջ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար»։
Այդուհանդերձ, Քլաար յայտնեց, թէ այն փաստը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները չհանդիպեցան Բրիտանիոյ մէջ, վերջերս տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին, կը յիշեցնէ նաեւ, որ տակաւին որքան փխրուն է այս գործընթացը:
«Ասիկա չի նշանակեր, որ կողմերէն որեւէ մէկը յանձնառութիւն չունի, բայց ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ այն զգայունութիւնը, որ կայ ոչ միայն բովանդակութեան, այլ նաեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման քննարկումներու գործընթացին գծող», ընդգծեց Քլաար:
Պատասխան տալով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուի կողմերուն միջեւ` Քլաար ըսաւ, որ անիկա մեծ ձեռքբերում պիտի ըլլայ, բայց, անշուշտ, համաձայնագիրները պէտք է իրականացուին, առ այդ, խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ըլլայ միայն յարաբերութիւններու կարգաւորման ճամբու կանգառ: Վերջապէս, խաղաղութիւնը կը վերաբերի մարդոց, եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է նշանակէ կարգաւորում երկու հանրութիւններուն մակարդակի վրայ:
Ան դիտել տուաւ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է շարունակէ ներգրաւուած մնալ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ֆինանսական ուղղութիւններով` նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք: Սակայն, պատասխանատուութիւնը, ինչպէս այժմ, պիտի մնայ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութեան ուսերուն` չկանգնիլ կէս ճամբուն վրայ, այլ շարունակել մինչեւ վերջ` դէպի յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում, ոչ միայն կառավարութիւններուն, այլ նաեւ ժողովուրդներուն միջեւ։
Քլաար նշեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջին տարիներուն պատահած իրադարձութիւններու եւ զարգացումներու պատկերը տարբեր եղած է, որովհետեւ եղած են թէ առաւել բարւոք եւ թէ բազմաթիւ բռնութիւններով եւ անմեղ զոհերով լեցուն բազմաթիւ իրավիճակներ:
«2020ի 44օրեայ պատերազմը, զանազան զինուած բախումները եւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ, ոչ-պակաս կարեւոր, Սեպտեմբեր 2023ին Ղարաբաղի հայերու զանգուածային արտագաղթը ամէնէն բարդ իրավիճակներն էին, որոնց հետ ստիպուած եղայ գործ ունենալու: Ես միշտ կը յիշեմ այս բռնութեան զոհերուն հետ ունեցած զրոյցներս եւ այն պատմութիւնները, զորս լսած եմ 1990ականներուն այդպիսի դժուարութիւններ տեսած մարդոցմէ: Նոյն ատեն եղած են նաեւ դրական զարգացումներ: Աշխուժացած է երկխօսութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ, որուն, կը կարծեմ, Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս նպաստեց: Բանակցութիւններ կը կատարուին` խաղաղութեան պայմանագիրի վերջնականացման գծով», ընդգծեց Քլաար:
Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան միջնորդական ջանքերուն` Քլաար նկատել տուաւ, որ այդ պարունակին մէջ, նախքան 2020ի պատերազմը, Եւրոպական Միութիւնը շատ աւելի քիչ տեսանելի դերակատարութիւն ունեցած է, իսկ Եւրոպական Միութեան հարցը աւելի շատ եղած է աջակցիլ հիմնական միջազգային ձեւաչափին` Մինսքի խումբին եւ անոր համանախագահներու ջանքերուն:
Ան յայտնեց, որ 2020ի պատերազմէն ետք Եւրոպական Միութիւնը՝ հիմնականին մէջ ինքնին կողմերուն խնդրանքով, սկսաւ աւելի նշանակալի դեր խաղալ, իսկ անիկա իր գագաթնակէտին հասաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ բարձր մակարդակի եռակողմ հանդիպումներու շարքով:
Ըստ անոր՝ վերոնշեալ հանդիպումները, ի լրումն այլ միջազգային դերակատարներու ջանքերուն, երկու առաջնորդներուն տրամադրեցին անհրաժեշտ հարթակ` հասնելու որոշ ընդհանուր պատկերացումներու առանցքային հարցերու` խաղաղութեան պայմանագիրի, սահմանազատման եւ սահմանագծման, տարածաշրջանային տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու վերաբացման եւ մարդասիրական հարցերու շուրջ:
Ըստ անոր` վերջին ամիսներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը յստակօրէն դրական արդիւնքներ տուաւ:
Քլաար դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց այս բոլոր զարգացումները՝ նշելով, որ, թէեւ կողմերուն միջեւ վերջերս աւելի շատ երկկողմ հանդիպումներ կատարուեցան, այդուհանդերձ, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դարձեալ միջնորդի դեր ստանձնելու, երբ կողմերը դիմեն այդ հարցով:
ՊԱՔՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ
Պաքու արձագանգեց Քլաարի հարցազրոյցին մէջ հնչած որոշ յայտարարութիւններու` մասնաւորապէս Արցախի հայերուն վերադարձին հարցին, եւ զանոնք որակեց «կողմնակալ, հարուած այն կառոյցի հեղինակութեան, զոր Քլաար կը ներկայացնէ»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վասիֆ Ալիեւ, պատասխանելով Քլաարին՝ ըսաւ. «Հայաստանի պարտաւորութիւնը համապատասխան պայմաններ ստեղծել է Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցիները իրենց հայրենի հողերը ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձնելու համար, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է պահանջէ այդ պարտաւորութեան կատարումը»:
Ալիեւ նաեւ ըսաւ, թէ «ատրպէյճանական կողմը կը յարգէ Ատրպէյճան վերադառնալու մտադրութիւնը միայն այն հայազգի անձերուն, որոնք կը յարգեն իրենց երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»:
Comments are closed.