Արցախն ուրանալը դաւաճանութիւն է. ՀՅԴ ԳԵՄ

Յունիս 1-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) անդամներ պաստառներ զետեղեցին Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, որոնց վրայ արձանագրուած էին ՀՀ իշխանութիւններու անձնատուողական քաղաքական ընթացքը դատապարտող պատգամներ, «Արցախն ուրանալը դաւաճանութիւն է»։

Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումով ՀՅԴ ԳԵՄը կը շեշտէ, որ Արցախը եղած է եւ միշտ պիտի մնայ հայոց հայրենիքի անբաժանելի մասը։ Նոյն գրառումով կը դատապարտուի նաեւ փանթուրանականութեան ծրագիրներուն նպաստող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարքագիծը։

Comments are closed.