Արցախի Մէջ Սեպտեմբերեան Մարտերուն Զոհուած Զինուորներու Հարազատները Կը Խնդրեն Անոնց Աճիւնները Հայաստան Տեղափոխել
Սեպտեմբերեան մարտերուն ընթացքին զոհուած, Արցախի մէջ թաղուած զինուորներու հարազատները կառավարութենէն կը խնդրեն անոնց աճիւնները Հայաստան տեղափոխել:
Զոհուածներու ծնողները, կիները եւ հարազատները 11 Յուլիսին հաւաքուեցան կառավարութեան շէնքին դիմաց՝ պահանջելով հանդիպում ունենալ պաշտօնատարներէն մէկուն հետ: Անոնք անելանելի եւ անորոշ վիճակի մէջ են: Անոնք կ՛ըսեն, որ արաւել քան 10 ամիսներէ ի վեր կը սպասեն, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի կամ այլ կողմի օգնութեամբ իրենց սիրելիներուն աճիւները Հայաստան տեղափոխուին:
«Եթէ հնարաւոր է, թէկուզ մի փոքր շանս (առիթ) օգտագործուի, թէկուզ մի փոքր ինչ-որ տարբերակ, ուղղակի խնդրում ենք ձեզ՝ միջամտել ու էդ հարցով իրօք զբաղուել, որ լուծում տրուի էդ հարցին», ըսաւ նահատակ զինուորի մը քոյրը՝ Բելլա Գալստեան, որուն կրտսեր եղբայրը ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած է, աւագը՝ պենզինի կայանի պայթումէն ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ մահացած է եւ թաղուած Հաաստանի մէջ: Փոքրին աճիւնը Ստեփանակերտի եղբայրական գերեզմանատան մէջ է. Սասունի շիրիմին տեղը երիտասարդ կինը անգիր կը յիշէ:
Թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ատրպէյճական կողմին հետ հանդիպումներուն այս հարցը կը բարձրացնէ՞՝ յայտնի չէ: Պաշտօնապէս այս մասին չի խօսուիր: Զոհուածներու ծնողները դիմած են զանազան գերատեսչութիւններու, նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, բայց՝ ապարդիւն:
Կարմիր Խաչէն կը յայտնեն, որ իրենք կրնան միջնորդի դեր ստանձնել, բայց այս հարցով կարիք կայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համաձայնութեան:
«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն թէեւ երկխօսութեան մէջ է թէ՛ կողմերի հետ, թէ՛ ընտանիքների հետ բազմաթիւ մարդասիրական հարցերով, սակայն պէտք է փաստենք, որ լինելով միանգամայն մարդասիրական կազմակերպութիւն՝ քաղաքական գործընթացների մէջ մենք չենք ընդգրկւում: Սա նշանակում է, որ այս կամ միւս հարցերով որոշումներ կայացնելը գտնւում է կողմերի ձեռքերում: Այսինքն՝ այն պահից սկսած, երբ որ կողմերը գան համաձայնութեան, թէ ինչպէս եւ ինչ ձեւաչափով արձագանգեն այս մարդասիրական խնդրին, մենք պատրաստ ենք հանդէս գալ որպէս չէզոք միջնորդ եւ աջակցել որեւէ գործընթացի, ինչին կը հանգեն կողմերը: Սակայն մինչեւ այդ պահը մեր կազմակերպութիւնը կարող է միայն ուշադրութիւն դարձնել նման խնդրին՝ շարունակաբար լինելով երկխօսութեան մէջ կարիք ունեցող մարդկանց հետ», ըսաւ Կարմիր Խախի Հայաստանի մէջ ներկայացուցչութեան հաղորդակցութեան ղեկավար Զառա Ամատունի:
Զոհուածներու հարազատներուն միացան նաեւ անհետ կորսուածներու ծնողները, որոնք նոյնպէս կը պահանջեն պարզել իրենց հարազատներուն ճակատագիրը:
Comments are closed.