Արցախի Մէջ, Ռազմական Դրութեան Պարագային, Ազգային Ժողովը Նախագահ Պիտի Ընտրէ. Որոշումը Առաջին Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Արցախի մէջ ռազմական դրութեան պարագային նախագահ ընտրելու իրաւունքը պիտի վերապահուի Ազգային ժողովին. Արցախի խորհրդարանը երէկ առաջին ընթերցումով, միաձայն ընդունեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին նախագիծը:

Նախագիծին վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներու ներկայացման ժամկէտ սահմանուած է մինչեւ 21 մարտ:

Փոփոխութիւններու նախաձեռնութիւնը նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանինն է:

Գործող Սահմանադրութեամբ, նախագահի հրաժարականի, մահուան, լիազօրութիւններու դադրեցման կամ անոր անվստահութիւն յայտնելու, պաշտօնանկ ընելու պարագային խորհրդարանը կը լուծարուի, նախագահի եւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ կը կատարուին:

Առաջարկուող փոփոխութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ Ազգային ժողովի լուծարումէն, վերջինս պիտի շարունակէ գործել եւ պիտի կարենայ նախագահ ընտրել:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.