Արցախի մասին իրազեկում Պրիթիշ Գոլոմպիոյ օտարերկրեայ հիւպատոսներուն
1890
0
Փետրուար 8ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ եւ Վանգուվըրի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահիկ Յակոբեան մասնակից դարձաւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգին մէջ գործող հիւպատոսներու հանդիպման՝ Լիբանանի պատուոոյ հիւպատոս տիար Նիք Գահվաճիի հրաւէրով ։ Հաւաքի ընթացքին Վահիկ Յակոբեան առանձնազրոյցներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու հիւպատոսներու հետ, անոնց իրազեկելով Արցախի շրջափակման եւ Արցախի ժողովուրդի դէմ Ատրպէյճանի գործադրած բռնարարքներու մասին, առաջարկելով հիւպատոսներուն որ Արցախի իրավիճակին մասին փոխանցեն իրենց պետութիւններու համապատասխան արտաքին գործոց նախարարարութեանց։