Արցախի հոգեւոր պատմութիւնը խեղաթիւրելու ատրպէյճանական նոր սադրանքները մշակութային ցեղասպանութեան համազօր են

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը Փետրուարի սկիզբը յայտարարեց «մասնագէտներէ» կազմուած «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ» ստեղծելու մասին, որուն գլխաւոր նպատակը այսպէս կոչուած աղուանական եկեղեցիներէն «հայկական կեղծ հետքերու» վերացումն է։

Պաքուի իշխանութիւններու պատմագիտական նորովի այս մարտավարութիւնը կը հետապնդէ մէկ նպատակ՝ ի սպառ ոչնչացնել Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ գտնուող հայկական հոգեւոր ժառանգութեան պատմութիւնը:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով, ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ աւելի քան 1400 հայկական յուշարձաններ կը գտնուին Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, որոնց շարքին՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր: Պատերազմէն ետք, վերոնշեալ յուշարձաններուն մէկ մասը սրբապղծուած, ձեւախեղուած եւ կամ քանդուած է։

Ատրպէյճանական հակահայ տեղեկատուական քաղաքականութեան համակարգի նորագոյն այս մարտավարութեան հիմնական նպատակակէտն է Արցախի ատրպէյճանականացումը պատմագիտական մակարդակի վրայ եւ հայութեան դէմ սանձազերծուած տեղեկատուական սադրանքի դրսեւորում, որ լուրջ մարտահրաւէր է հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան։

Հայկական յուշարձաններու ոչնչացման առընթեր ատրպէյճանական պատմութեան նենգափոխման, հայութեան մշակութային ժառանգութեան իւրացման ու յափշտակման փորձերը ու հակագիտական թեզերը նպատակ ունին նաեւ հայերը ներկայացնել որպէս եկուորներ, իսկ ատրպէյճանցիները պատմական Արցախի աշխարհագրական տարածքի բնիկներ։

Տեղեկատուական պատերազմին մէջ ընդգրկելով հոգեւոր ոլորտը, ակնյայտ կը դարձնէ Պաքուի կողմէ այն յստակ քարոզչական քաղաքականութիւնը, որ կը միտի հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ տեղեկատուական բացասական կարծիքի ձեւաւորման ու ստեղծման, որուն դէմ այսօր այնքան անհրաժեշտ է ՀՀ պետական, գիտակրթական եւ ակադեմական համակարգի արդիւնաւէտ հակազդեցութիւնը։

Որպէս պատմական փաստագրութիւն, նշենք, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ենթակայ եւ Պատմական Հայաստանի Ուտիք ու Արցախ նահանգներու թեմերը ընդգրկող Աղուանից եկեղեցւոյ հոգեւոր եկեղեցավարչական իշխանութիւնը կազմաւորուած է 6-րդ դարուն։ Հետագային, որպէս Գանձասարի կաթողիկոսութիւն, ի հոգեւորս ենթարկուած է Սուրբ Էջմիածնի Հայոց կաթողիկոսութեան։ Իսկ 2005 թուականին հայկական հնագիտական խումբի մը կողմէ յայտնաբերուած Տիգրան Մեծի կառուցած Արցախի Տիգրանակերտ բնակավայրի բացայայտումը կը վկայէ Արցախի աշխարհագրական տարածքին վրայ երկու հազարամեակներու վրայ երկարող հայոց պետականութեան գոյութեան փաստին մասին։

Պաքուի այս վարքագիծը նորութիւն չէ հայ ժողովուրդին համար: Տասնամեակներէ ի վեր ատրպէյճանական հակահայ բրտութիւններու շարանը շեշտաւորում ստացաւ մանաւանդ Խորհրդային շրջանին, երբ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւնները իրագործեցին Նախիջեւանի Շահապոնք, Երջնակ եւ Գողթն գաւառներու հայաթափումը: Այսօր, հայկական պատմական այդ հողատարածքին վրայ ոչ մէկ հայ կ՚ապրի, իսկ շրջանի պատմական յուշարձանները, եկեղեցիներն ու սրբատաշ խաչքարերը ոչնչացած են: Հայկական հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Նախիջեւանի մէջ վերջին տասնամեակներուն ազերիներու կողմէ կործանուած են 250-է աւելի վանքեր, եկեղեցիներ եւ ճարտարապետական շինութիւններ:

Հակահայ տեղեկատուութիւնը Ատրպէյճանի քաղաքական ռազմավարութեան մէջ շեշտուած ուղեգիծ է, որուն խորքին մէջ հայատեացութիւնը դրսեւորուած է բազմաճիւղ մակարդակներով։ Յիշենք միայն մէկ օրինակ, երբ պատմութիւնը եղծելու իր մոլուցքին մէջ Պաքուն չխնայեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր ժառանգութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական ժառանգութեան գոհարներէն՝ Հին Ջուղայի խաչքարերը, որոնք 2006 թուականին բնաջնջուեցան։

Այսօրուան դրութեամբ, հրամայական կը դառնայ բողոքի ալիք ծաւալել «Միացեալ ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան» (UNESCO) մօտ, որուն մշակութային ժառանգութիւններու պահպանման գծով համաձայնագրի օրէնքները խախտած է Պաքուն:

Հակահայ տեղեկատուական ռազմավարութեան բազմաբեւեռ ու նախայարձակ այս գործընթացով Պաքուի իշխանութիւնները թիրախաւորած են հայ ազգի պատմական քաղաքակրթութեան եւ մշակութային արժեհամակարգի վերջնական աղաւաղումն ու հայրենի եւ Սփիւռքի հայութեան բարոյալքումը։

«Արեւմտեան Ատրպէյճան» եւ «Կովկասեան Աղուանքի ժողովուրդ» հասկացութեանց քարոզչական շրջանառութեամբ՝ Պաքու կը նպատակադրէ կասկածի տակ առնել հայ ժողովուրդի Արցախի նախաբնիկները ըլլալու պատմական իրողութիւնը։

Ապատեղեկատուական այս յորձանքին դիմաց խոցելի կը դառնայ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ազգային անվտանգութիւնը, եթէ համապատասխան ու վճռական հակադարձութեան քայլեր չնախաձեռնուին։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.