Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Հրաւիրած Է Աշխատանքային Խորհրդակցութեան

21 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն:
 
Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է օրերս Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
 
Այցելութեան շրջագիծին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը հանդիպումներ ունեցած է հայ համայնքի համանախագահներու, ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Արցախ-Ֆրանսա բարեկամական շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փուփփոնիի եւ Աթլեթիզմի Հայաստանի ֆետերասիոնի նախագահին հետ:
 
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են միացեալ նոր ծրագիրներ, նախանշուած են անոնց իրագործման ուղիները:
 
Խորհրդակցութեան ընթացքին Լիբանան եւ Կիպրոս կատարած այցելութեան մասին հակիրճ հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան:
 
Ան շեշտած է, որ յագեցած հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են ծրագիրներ` հետագայ համագործակցութեան համար: Այս առումով Ա. Մոսիեան յատկապէս կարեւոր նկատած է օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.