Արցախի Հայաթափումը Մերժող Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ստեփանակերտի Մէջ
Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-ամեակին առիթով Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցները լեփ-լեցուն էին: Երեկոյեան ժամը 18:00-ին Ազատութեան հրապարակէն քայլերթ սկսաւ դէպի Վերածնունդի հրապարակ, ուր մէկ ժամ ետք տեղի ունեցաւ հանրահաւաք: Երթը կ՛առաջնորդէին Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն պատգամաւորները, ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու անդամներ Վահէ Յակոբեան, Գեղամ Մանուկեան եւ Տիգրան Աբրահամեան:
Երթին դիմացէն խումբ մը երիտասարդներ կը տանէին Արցախի դրօշը: Երթը կ՛ուղեկցուէր Արցախի մասին երգերով: Շէնքերէն եւ խանութներէն քաղաքացիները կը հետեւէին երթին, կը ծածանէր Արցախի դրօշը: Երթի ընթացքին միասնութեան եւ պայքարի կոչեր կը հնչէին:
Արդէն Վերածնունդի հրապարակին վրայ, ուր նաեւ նախագահական շէնքն է, ոստիկանական պատն էր, ինչպէս նաեւ նախագահականի անվտանգութեան աշխատակիցները: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր նստավայրին բակէն կը հետեւէր հանրահաւաքին:
Արցախցիները հանրահաւաքին եկած էին «Ո՛չ Արցախի հայաթափման», «Ո՛չ ազրպէյճանական բռնագրաւումին» պաստառներով: Խումբ մը քաղաքացիներ ալ աջակցութիւն կը յայտնէին պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանին, որ կը մեղադրուի Շուշիի անկման համար եւ հանրահաւաքէն երկու օր առաջ կալանաւորուեցաւ: Անոնք կը պահանջէին զայն ազատ արձակել: