«Արցախի բանակը պատրաստ է արժանի հակահարուած տալ». Նախագահ Յարութիւնեան
«Ստեղծուած իրավիճակում Արցախի ժողովրդի հետ քաղաքական ու շանտաժի հռետորաբանութեամբ խօսելը յղի է անդառնալի հետևանքներով», Արցախի Մարտունի շրջանի համայնքներու ղեկավարներու հետ հանդիպման ժամանակ կարծիք յայտնած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի` Արցախի մասին յայտարարութիւններուն եւ սպառնալիքներուն։
Ալիևը երէկ յայտարարած էր, թէ Արցախի հետ բանակցութիւններ վարել կարելի չէ, քանի որ Արցախի Հանրապետութիւն գոյութիւն չունի։
«Արցախի պաշտպանութեան բանակը, թիկունքում ունենալով հայ ժողովրդի անվերապահ աջակցությիւնը, պատրաստ է ոչ միայն պաշտպանել մեր երկրի տարածքային անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ նաև անհրաժեշտութեան դէպքում արժանի հակահարուած տալ հակառակորդին։ Աւելին, մենք պատրաստ ենք վերադարձնել Արցախի գրաւեալ տարածքներն Ատրպէյճանից»,– ըսած է նախագահ Յարութիւնեանը։