Արցախի անկախութեան ճանաչման պահանջով նստացոյց Մոնթրէալի քաղաքապետարանին դիմաց
1976
0
Նոյեմբեր 6-ին Մոնթրէալի քաղաքապետարանին դիմաց սկիզբ առաւ Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնի նախաձեռնած նստացոյց հաւաքը, որ կը նպատակադրէ Մոնթրէալի քաղաքապետութենէն պահանջել Արցախի անկախութեան ճանաչումը։ Խորհրդանշական ձեւով նստացոյցը պիտի տեւէ 42 ժամ, նկատի ունենալով Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական յարձակման սկզբնաւորութենէն ի վեր անցնող 42 պատերազմական օրերը։
Նստացոյցի մեկնարկի ազդանշանի պահուն ելոյթ ունեցաւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան եւ կոչ ուղղեց Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդին յատուկ բանաձեւով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Մոնթրէալի յարակից Լաւալ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը, Նոյեմբեր 4-ին միաձայնութեամբ վաւերացուց յատուկ բանաձեւ, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։
Լուսանկարը՝ Մայք Թաշճեանի