Արցախը, Անկախութիւնն ու ազգակերտումը
813
0
«Մեր ամբողջ հալածանքը, մեր ամբողջ տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուութեան այս ամբողջ լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին»
Լեւոն Շանթ
Անկախ պետութիւնը չի կրնար գոյատեւել առանց ազգային ինքնութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, այն գաղափարական արժեհամակարգին, որ կը միաւորէ համայն հայութիւնը՝ ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Ներկայ իշխանութիւնները, համակարգուած ձեւով հայ ազգի ապագան ուղենշող ազգային արժէքները ոտնակոխելով, Պատմական Հայաստանը հակադրելով «իրական» Հայաստանին, հայութեան ազգային յիշողութիւնը հեղձամահութեան կը դատապարտեն։
Արդէն իսկ վարչապետի իրերայաջորդ յայտարարութիւնները անառարկելի ապացոյց կը հանդիսանան այն իրողութեան, որ փոխանակ իրաւատէրը դառնալու Հայկական Հարցին, գործող իշխանութիւնները կը տապարահարեն Հայ Դատն ու Հայկական Հարցը եւ ճանապարհ կը հարթեն «Պատմական Հայաստան»ը՝ մռայլ յուշի վերածելու։ Վերախմբագրելով պատմութիւնը, հարուած կ՚ուղղուի մանաւա՛նդ Ցեղասպանութեան պատճառով հայրենազրկուած սփիւռքահայութեան։ Վարչախումբին կողմէ իսկ նախագծուած ու խմբագրուած Ազգային Անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ ամրագրուած «Արցախի երաշխաւոր»ի դիրքերէն հասած են «Արցախը ուրացող»ի դիրքերուն։ Քաղաքական բթամտութեան արգասիք է նաեւ անկախութեան հռչակագրին դէմ ծաւալած գործող վարչախումբի արշաւը։
Սերունդները ազգային գաղափարախօսութեամբ դաստիարակելու առաջադրանքով է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ հայ ազգի կենսատարածքի ու ինքնութեան պահպանումը։ Այս հաստատաման տրամագծօրէն հակոտնեայ ուղղուածութիւն որդեգրած են գործող իշխանութիւնները, վեց տարիէ ի վեր, փայլելով իրենց բազմաբնոյթ ապազգային ծրագիրներով, կրթական ոլորտի դասագրքերէն սկսեալ։
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հիմնադրութենէն մինչեւ Սեպտեմբեր 21, 1991-ի անկախութիւնը, իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, Հայաստանը երկարաժամկէտ պայքարի ու մաքառումի մէջ էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ։ 1994-ի Արցախեան հակամարտութեան հրադադարէն ետք միչեւ 2020 թուական, վերանկախացած հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան այն ռազմավարական տարածքներով, որոնք առիթը ստեղծած էին Հայրենիքին վերածուելու ամրոց պետութեան ու անխորտակելի դարձնելու իր սահմաններու պաշտպանուածութիւնը։ Արցախի կորուստով, խախտած է 26 տարիներու դիմադրողականութիւնը, եւ խոցելի դարձած է երկրի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։
Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանի կէս տարածքի պաշտպանողական ամրակուռ պարիսպն էր, այն սպառազինուած պատնէշով,- որ կ՚երկարէր Վարդենիսէն մինչեւ մերձարաքսեան արցախեան ափ։ Հայաստանի սահմաններու անառիկութիւնն ու անխորտակելիութիւնը պայմանաւորուած են Արցախեան պարիսպով. Քարվաճառը իր անառիկ ու բարձրադիր դիրքով, ռազմավարական պատնէշ էր Վայոց Ձորի եւ Գեղարգունիքի արեւելեան սահմաններուն համար, որ միաժամանակ կ՚ապահովէր Լաչինի միջանցքի, Վարդենիսի եւ Մարտակերտի արեւմտեան հատուածի անվտանգութիւնը։
Հայաստանի անկախութեան ու ապագայ կենսագործունէութեան հիմնախարիսխն է Արցախը, իր ռազմավարական բարձունքներով, լեռնաշղթաներով ու ջրային պաշարներով, այն Ազատ ու անկախ Արցախը՝ որ պատմութեան ընթացքին, դարերով դիմակայած էր մոնկոլական, պարսկական, արաբական, սելճուքեան եւ թրքական յարձակումներուն ու սադրանքներուն։
20-րդ եւ 21-րդ դարերու հայութեան դիմագրաւած պատմական ու ճակատագրական փորձութիւնները՝ այսօր ուղեցոյց պէտք է հանդիսանան ազգի ողջ ներուժի համախմբման, միասնականութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման։
Արցախի ժողովուրդը սեփական ինքնիշխանութիւնը ձեւաւորելու իրաւունքը ունի, եւ առ այդ, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը համազգային առաջնահերթութիւն պէտք է դառնայ, որուն զուգահեռ՝ Հայաստանի յանձնառութիւնը` երաշխաւորելու Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը եւ անվտանգութեան ապահովումը ռազմավարական առաջնահերթութեան պէտք է վերածուի։
Մաքառելու եւ պատնէշի վրայ կանգնելու պահն է։ Պատերազմներէ եւ արհաւիրքներէ ետք, բազում ազգեր խորտակուած են, բայց ընկրկումէն ետք՝ վերականգնած։ Արցախը տակաւին կը մնայ եւ պէ՛տք է մնայ համազգային մեր քաղաքական օրակարգին վրայ, որպէս առաջնահերթութիւն ու բռնագրաւուած Արցախը վերահայացնելը՝ որպէս վսեմագոյն պարտաւորութիւն։
Գործող վարչախումբը Արցախի անկախութեան նշաձողը ոչ միայն զգետնեց՝ այլեւ տապալեց անկախութեան նշաձողը։ Այժմ պէտք է վերականգնել նշաձողը։ Փակուղիէն դուրս գալ ու փրկուիլ կարելի է, ժողովրդավարական հիմքով յեղաշրջելով ներկայ կացութիւնը՝ առաջին հերթին՝ հեռացնելով գործող ապազգային ու ապիկար վարչախումբը։
«Հորիզոն»
Comments are closed.