Արամ. Ա. Վեհափառ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Գէմպրիճի ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի պատուիրակութեան հետ շրջագայեցաւ եւ ծանօթացաւ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի համայնքային աշխատանքներուն

Յունիս 9-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Գէմպրիճի ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի պատուիրակութիւնը Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ դիմաւորեցին հովուապետական այցելութեամբ Հարաւային Օնթարիօ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Բաբգէն Արք. Չարեանին։ Վեհափառ Հայրապետ Արամ Ա. Կաթողիկոս շրջագայեցաւ հայ կեդրոնին մէջ եւ իրեն փոխանցուեցան Հայ կեդրոնէն ներս գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու գործունէութեանց մասին սպառիչ տեղեկութիւններ։

 

Comments are closed.