Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Գանատա
605
0
31 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հովուապետական այցելութեամբ Ժամանեց Գանատա, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։
Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի, Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոս՝ Անթուան Իիտի, Թեմիս Հոգեւորականաց դասին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն,Կազմակերպիչ Յանձնախումբին եւ տեղւոյն եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերու կողմէ։
Գանատայի հայոց Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 1-15 Յունիս, Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմի Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու, Ազգային Վարչութեան, հոգեւորականաց դասուն, գործակից միութիւններու, միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներու եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ։
Comments are closed.