Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

12 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ  Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.

ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը եւ յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը:

բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը:

գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը` գործօն ներկայութեամբ ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներուն:

դ) Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:

ե) Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը:

զ) Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը` միջազգային երաշխաւորութեամբ:

Comments are closed.