ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱԼ-ԱՍԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՒ ԻՐԵՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
1473
0
24 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը կը յատկանշուի ներդաշնակութեամբ ու խաղաղ գոյակցութեամբ՝ հասարակութեան մասնիկներուն կրօնական եւ ցեղային տարբերութիւններով մէկտեղ: Նախագահը շեշտեց, որ ներդաշնակ գոյակցութիւն չի նշանակեր ձուլում, այլ՝ պահպանում սուրիական ընկերութեան իւրաքանչիւր բաղադրիչի ինքնութեան բոլոր տարրերուն, ինչ որ կ՛ամրապնդէ տուեալ բաղադրիչներուն պատկանելիութիւնն ու հողին կառչած մնալը: Այն հողին, որուն վրայ կ՛ապրին հազարաւոր տարիներէ ի վեր:
Իր կարգին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիտել տուին, որ Սուրիոյ դէմ ահաբեկչական, ապա նաեւ տնտեսական պատերազմը կը միտին քայքայել երկրի ընկերութեան բազմերանգ եւ իւրայատուկ դիմագիծը, հետեւաբար գաղթի ու հայրենալքումի մղել Սուրիոյ ժողովուրդը: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ սուրիահայերը կառչած պիտի մնան Սուրիական Հայրենիքին եւ Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր մասնիկներուն հետ գործակցաբար իրենց ողջ ներուժը պիտի տրամադրեն պատերազմին հետեւանքները յաղթահարելու եւ երկիրը վերականգնելու նուիրական աշխատանքին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան եւ ազգայիններ՝ Վրէժ Եագուպեան, Սունպուլ Սունպուլեան եւ Սուրէն Վարդանեան:
Աւարտին, Վեհափառ հայրապետը նախագահին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի օրինակ մը եւ իր հեղինակած The Armenian Church գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը։
Յայտնենք, որ Վեհափառ հայրապետը նոյն օրը յաջորդաբար այցելեց Սուրիոյ Կրօնից նախարար Ահմատ Ապտ ալ֊Սաթար ալ֊Սայետին, վարչապետ Հուսէյին Արնուսին եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին (Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պետերը երկրէն բացակայ ըլլալնուն պատճառով անոնց հետ հանդիպում տեղի չունեցաւ)։
«Գանձասար»
+4
Avo Bakkalian, زاريه بولاديان and 671 others
41 Comments
101 Shares
Like
Comment
Share