Արամ Ա. Կաթողիկոս Լաչինի Միջանցքին Գծով Դիմեց Սէուտական Արաբիոյ Միջամտութեան
20 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարին։
Վեհափառ հայրապետը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը եւ անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սէուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնն ու դեսպանը տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ Լիբանանի ժողովուրդը դիմագրաւող ընկերատնտեսական հարցերու առնչուած շարք մը խնդիրներու շուրջ։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը քանի մը օրեր առաջ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական ու միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած էր միջամտելու Լաչինի միջանցքի վերաբացումը երաշխաւորելու գծով։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (Ե.Հ.Խ.), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Ե.Ե.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) զանազան կերպերով ու հրապարակային յայտարարութիւններով դատապարտեցին Ազրպէյճանի բարբարոսային արարքները՝ իբրեւ խախտում միջազգային օրէնքին եւ պահապնջեցին Լաչինի միջանցքին անյապաղ վերաբացումը։ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապը անցեալ Կիրակի օրուան պատգամին մէջ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց խաղաղ լուծում գտնելու՝ յանուն մարդոց բարօրութեան:
Նոյն օրը երեկոյեան, Արցախի հարցին շուրջ խորհդակցութիւն ունեցան երկու Վեհափառ Հայրապետները եւ ընդգծեցին զոյգ Նուիրապետական Աթոռներուն այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները ներդաշնակելու կարեւորութիւնը։
Աւելի ուշ, Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ պարզեց Արցախի ժողովուրդին հետզհետէ վատթարացող ընկերատնտեսական կացութիւնը եւ խնդրեց Հայրապետէն Լաչինի միջանցքին վերաբացման գծով կատարուող աշխատանքներու շարումակումը։