Արամ Ա. կաթողիկոսին հանդիպեցաւ ԱՄՆ ծերակոյտի ռազմական հարցերու յանձնաժողովի ատենապետ Ժագ Ռիտը
7 Հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական Հարցերու Յանձնաժողովի ատենապետ ծերակուտական Ժագ Ռիտին: Հանդիպման ներկայ էին երեք երեսփոխաններ։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր համայնքներուն եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի մէջ կարելի փութով զինադադար հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ առանձին խօսակցելու ծերակուտական Ժագ Ռիտին հետ եւ անոր փոխանցելու Լիբանանի առնչուած կարգ մը մտահոգութիւններ:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Փրաւիտընսի քաղաքապետ Պրէթ Սմայլին:
Comments are closed.