Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Նախագահական Թեկնածու Տանըլտ Թրամփին Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
ւրբաթ, 1 նոյեմբեր 2024-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ ներկայ նախագահական ընտրութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի միջեւ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած խօսակցութեան սկիզբը, Տանըլտ Թրամփ բարձր գնահատեց վեհափառ հայրապետը` անոր ցուցաբերած իմաստուն ղեկավարութեան համար, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հարցին եւ շրջանին մէջ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման գծով: Ան նաեւ ջերմօրէն ողջունեց Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը` իբրեւ կազմակերպ, աշխուժ եւ ուժական համայնք:
Վեհափառ հայրապետը, նախ եւ առաջ, իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Թրամփին` քանի մը օրեր առաջ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն գծով անոր կատարած հրապարակային արտայայտութեան համար, միաժամանակ ընդգծելով Միացեալ Նահանգներու միջազգային դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս տագնապներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետը նախագահական թեկնածուին յստակօրէն պարզեց իր երկու ակնկալութիւնները. ա) անհրաժեշտ է, որ Միացեալ Նահանգներու կազմուելիք նոր կառավարութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնէ` իր պատմական հողերը վերադառնալու եւ ինքնորոշման իրաւունքը վերահաստատելու Արցախի հայութեան արդար պահանջին, միաժամանակ հաշուետուութիւն պահանջելով արցախահայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան համար: բ) Անհրաժեշտ է, որ նոր կառավարութեան մէջ ըլլայ ամերիկահայ համայնքը ներկայացնող յարմար անձ մը:
Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ յիշեալ հարցերուն գծով անհրաժեշտ է խորհրդակցիլ Արեւելեան ու Արեւմտեան ազգային առաջնորդարաններու եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ:
Յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմին շնորհած վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութեան վերջին օրը, Տիթրոյիթի մէջ, պատկերասփիւռէն իմանալով վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը քաղաքին մէջ, նախագահական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի կողմէ երկու բարձրաստիճան պատասխանատուներ հանդիպում ունեցած էին վեհափառ հայրապետին հետ, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, եւ անոր փոխանցած թեկնածուին ողջոյնները եւ պատրաստակամութիւնը կապ հաստատելու վեհափառ հայրապետին հետ:
Comments are closed.