«Ատրպէյճան-Հայաստան-Թուրքիա». Միացեալ Նահանգները Կը Խօսի Այլընտրանքային Նոր Ճամբու Մը Մասին
«Մենք շատ յստակ ենք նախագահ Ալիեւի հետ՝ ժամանակն է խաղաղութեան»: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ այս հաստատումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛պրայըն՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պատգամ պիտի փոխանցէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին իր տալիք այցելութեան ընթացքին:
Օ՛պրայըն շեշտեց, որ խաղաղութիւնը ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ տարածաշրջանին եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցն է:
Ընդգծելով, որ այդ բոլոր երկիրները հիմա արտածումներ կը կատարեն Չինաստանի կամ Ռուսիոյ ճամբով՝ Օ՛պրայըն նկատել տուաւ, թէ իբրեւ այլընտրանքային ճամբայ անոնք կրնան իրականացուիլ Ատրպէյճանի վրայով:
«Մէկ ճամբան կ՛անցնի Վրաստանով դէպի Սեւ ծով, բայց ուրիշ մըն ալ՝ աւելի լայն ճամբով, կրնայ անցնիլ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ճամբով: Հետեւաբար մենք խաղաղութեան պայմանագիրի մը կարիքը ունինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ՝ վերջ դնելու համար այդ սարսափելի հակամարտութեան, որը ծայր առած է 90ական թուականներէն: Խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու եւ պատերազմի հետեւանքները վերացնելու ժամանակն է», հաստատեց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 26 Յունիսին հաղորդեց, որ Ճէյմզ Օ՛պրայըն 27էն 29 Յունիսին պիտի այցելէ Ատրպէյճան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Comments are closed.