Առաջնորդ Սրբազան Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպս. Չարեան պատարագեց եւ քարոզեց Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ուխտագնացութեամբ կը գտնուի Երուսաղէմ։

16 Ապրիլ, 2023-ին, Առաւօտեան ժամը 2:30-ին Սբ. Յակոբեանց Միաբանութիւնը հանդիսապետութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տ. Թէոդորոս Ծ. Վարդապետ Զաքարեանի, մուտք գործեց Ս. Յարութեան Տաճար: Առաւօտեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց երկրորդ մուտքը Սբ. Յարութեան Տաճար՝ հանդիսապետութեամբ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի: Ճաշու ժամերգութեանը յաջորդեց Զատկական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը Քրիստոսի Սբ. Գերեզմանին վրայ: Պատարագեց եւ քարոզեց Գանատայի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպս. Չարեան:

Comments are closed.