Առաջնորդ Սրբազան Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կազմակերպած Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթը

6 Յունուար 2023-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Գանատայի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ կազմակերպած Սուրբ Ծննդեան Ճաշկերոյթը։
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Գանատայի Conservative Party նախագահ՝ Տիար Փիէր Փոլիէվրը, ինչպէս նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ՝ Տիար Ժասրաժ Սինկ Հալան եւ Տիկին Աննա Ռոպըրդ եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւներն ու Հոգաբարձութեան անդամները, որոնք նահապետական ընտանիքի սովորութեան համաձայն համախմբած են ժողովուրդը տօնական մթնոլորտին մէջ, տօնախմբելու Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութիւնը։
Ան նաեւ գնահատեց ժողովուրդը, որոնք հաւաքուած էին Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հետ ուրախանալու։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ աշխարհը եւ ընդհանրապէս բոլորս ուրախ մթնոլորտի մէջ ենք, սակայն պէտք չէ մոռնանք այն անձերը, որոնք դժուարութեան, նեղութեան եւ տագնապի մէջ են, ինչպէս Արցախի դառն պայմաններուն մէջ գոյատեւող մեր ժողովուրդի զաւակները։
Պէտք չէ միայն յիշել զանոնք եւ աղօթել անոնց համար, այլ պէտք է մեր ներկայ կեանքին մէջ բոլոր մակարդակներու վրայ, բողոքի ձայն բարձրացնել ու պայքարիլ, պահելով Բեթղեհէմեան խաղաղութիւնը, սէրն ու միութիւնը եւ զանոնք ներթափանցել մեր ապրած կեանքին մէջ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքաբար։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.