Առաջնորդ սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանի բարեմաղթութիւններով ՀՄԸՄ-Կամքի 80 սկաուտներ մեկնեցան Հայաստան
Կիրակի, 15 Յուլիս 2018-ին, Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի կազմէն շուրջ 80 սկաուտներ եւ արենոյշներ, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի անցան աղօթելու: Կարճ արարողութիւն մը մատուցուեցաւ, եւ ապա Առաջնորդ սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան սրտի խօսք ըսաւ եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը այս տարի կը բոլորէ իր 100-ամեակը: Այդ առիթով աշխարհի տարբեր երկիրներէ Երևան կը ժամանեն 1200 սկաուտներ` մասնակցելու 100-ամեակին նուիրուած բանակումին, որ տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 19-29:
Ստորեւ արարողութեան «Աղօթք Ճանապարհի»ն՝ որ յատուկ այն առիթին համար գրուած էր:
ԱՂՕԹՔ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ
Ո՜վ մեր Տէրը, Յիսուս,
որ ճանապարհն ես եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը,
նախքան մեր ճամբորդութիւնը
դէպի երկիրն հայրենի, երկիրն հնամեայ,
որ ողորմութեամբդ ես վերստին յարուցաներ,
եւ նոր յոյսով զարդարեր,
ահաւասիկ սուրբ այս յարկն ու
փառաբանութեան այս տեղն ենք եկած՝
խնդրելու որ օրհնես մեր թռիչքը
եւ պահպանութեամբդ տանիս մեզ այնտեղ՝
որ մնացորդն է աշխարհին,
ուր լոյսդ համասփռուեցաւ:
Մենք բուռ մը հողն ենք այն աշխարհին.
մենք մէկ ծիլն ենք անոր.
մենք անոր ծաղիկին մէկ փերթն ենք:
Շնորհէ՜, որ մեր ներշնչիչ հասցէն ու ծրագիրը
արդիւնաւէտ եւ անվրդով ժամանակով մը պարագրկուին,
եւ անոնց կատարումը ըլլայ առիթ՝
որ աճինք
ի պատիւ ուխտաւոր երկրին պապենական,
ու մեր համայնքին:
Եւ ապա մեր վերադարձին՝
ընկերացի’ր մեզի, Տէր,
մինչեւ մեր տուները ծնողական,
որովհետեւ ամենուրէքդ՝ դո’ւն ես ապահովութիւնը.
այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն: