Առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ընդունեց Քեպէգի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեան–Օլիվիէն

8 օգոստոսին Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Ազգային առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Քեպէգի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէն: Ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Քեպեք նահանգին հետ առնչուած նոր օրէնքները, ինչպէս նաեւ` հայ գաղութին մասնակցութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ:

Այս առթիւ Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէ իր գրասենեակին անունով 2500 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Ազգային առաջնորդարանին:

Comments are closed.