Ապրի՛ք ՀՅԴ Զաւարեանականներ
Երեքշաբթի, 4 ապրիլին Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանին ու Պէյրութի թրքական «Եունուս Էմրէ» հիմնարկին կազմակերպած «Արդի Թուրքիոյ պատմութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը: Օրուան դասախօսն էր իր ժխտողական կեցուածքներով յայտնի թուրք պատմագէտ Իլպեր Օրթայլը, որ ընդհանուր առմամբ ներկաներուն ոչինչ ըսաւ, իսկ միակ շօշափելի տեսակէտներն ալ զաւեշտական էին:
Ան Լեռնալիբանանի մեծ սովը վերագրեց Ճեմալ փաշայի «ապիկարութեան»` փորձելով ուշադրութիւնը շեղել օսմանեան իշխանութիւններէն եւ պատասխանատուութիւնը բեռցնել միայն անոր ուսերուն, իսկ աշխարհի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը վերագրեց… Գերմանիոյ: Ըստ «պատմագէտ»-ին, նկատի ունենալով, որ Գերմանիան Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին ցեղասպանութիւն գործած է, կը փորձէ աշխարհի բոլոր երկիրներն ալ նոյն յանցանքով մեղադրել` մեկնելով «երբ բոլորը յանցաւոր են, ոչ ոք յանցաւոր է» սկզբունքէն: Ան այս ձաբռտուքը աւելի հաւաստի դարձնելու եւ անոր կշիռ ու հանգամանք ունեցող բովանդակութիւն հաղորդելու ջանքով մը սկիզբը այդ սկզբունքը նշեց լատիներէնով, ապա թարգմանեց իր կտրուկ ու հազիւ հասկնալի անգլերէնով:
Այս բոլորը թերեւս կարելի է վերագրել տեղեկութեանց լաւապէս չտիրապետելուն եւ պատմագէտէ աւելի փրոփականտիստ ըլլալու հանգամանքին, սակայն մանաւանդ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) անդամներուն կատարած անակնկալ խաղաղ ցոյցին, որ ո՛չ միայն շփոթի մատնեց ժխտողական պատմագէտն ու կազմակերպիչները, այլ նաեւ զայրացուց ձեռնարկին ներկայ եղող Թուրքիոյ դեսպանը, որ կազմակերպիչներէն պահանջեց լռեցնել հայ երիտասարդները: Վերջիններս մնացին անդրդուելի եւ բաւարարուելէ ետք միայն խաղաղօրէն ու կամաւոր կերպով հեռացան սրահէն: Իբրեւ հետեւանք սրահը գրեթէ դատարկուեցաւ: Իրողութիւն մը, որ աւելի զայրացուց Թուրքիոյ դեսպանը, որ սրահ մուտք գործելուն ընթացքին ներկայութիւնը տեսնելով հրճուած էր եւ ունեցած ձեռնարկին յաջող ըլլալուն խաբկանքը` անտեղեակ քիչ ետք իր գլխուն գալիքէն:
«Դասախօսութեան» վերջաւորութեան, հարցումներուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու համար, կազմակերպիչները ներկաներէն պահանջեցին իրենց հարցումները ներկայացնել գրաւոր: Ի տես կիրարկուող գրաքննութեան` սրահ մնացած «ծպտուած» տղոցմէն մէկը ոտքի կանգնելով Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստ ըլլալուն մասին ուղղակի հարցում մը յղեց ժխտողական թուրքին, որ կրկնեց թրքական պաշտօնական յանկերգը, եւ երբ յանդգնեցաւ առնել հարցումին համար շնորհակալութիւն յայտնելու ամբարտաւան քայլը, հայ երիտասարդէն ստացաւ «նաք աութի հարուած» մը. ԶՈՄ-ականը դիպուկ կերպով հակադարձեց. «Շնորհակալութիւն, սպասելի եղող պատասխանին համար»:
Վերջապէս, իրենց կատարած քաղաքակիրթ ցոյցին համար կարելի է միայն շնորհաւորել ԶՈՄ-ի տղաքն ու աղջիկները: Ապրի՛ք ու վարձքերնի՛դ կատար:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ