Անորոշ վաղորդայններ. Հայաստան, Կովկաս, Եւրոպա, Ամերիկա, Ասիա եւ այլուր
Յ. Պալեան
Աթաթիւրքէն Էրտողան, զօրանոցէն մզկիթ, իսլամի ազգայնացումէն ազգի ազգի իսլամացում, Եւրոպայէն Ումմա, ՆԱԹՕ-էն խալիֆայութիւն, ահաւասիկ Թուրքիոյ թաքուն դէմքը (կողքի 4րդ էջ)
Ոչ ոք ինքզինք թող խաբէ, ոչ ոք գաղջ խօսքերով մեզ թող քնացնէ, Հայաստանի մէջ կրկնուած ճգնաժամ բառը իր ամբողջական իմաստով պէտք է ընդունիլ: Ճգնաժամ՝ ի՞նչ բանի. ազգի մը, անոր հայրենիքի եւ պետութեան գոյատեւման:
Ճգնաժամ՝ որ վաղը կրնայ աշխարհագրական այլ ծաւալ ունենալ, եթէ արդէն չունի:
Պատերազմ մը տեղի ունեցաւ եւ Հայաստան պարտուեցաւ: Տակաւին յայտնի չեն այդ պարտութեան հետեւանքները: Անմիջական տեսանելին այն է, որ թշնամին գրաւեց հայկական Արցախի երեք քառորդը, 10.000 քառակուսի քիլոմեթր (բաղդատութեան համար ըսենք՝ Լիբանանի տարածութիւնը): Հայաստան ունեցաւ հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ, հաշմանդամներ, եւ այսօր կը գտնուի մաղի վերածուած սահմաններու ետին, սանձարձակ կ’երթեւեկէ թշնամին, թուրքերը կ’ըսեն՝ ճիրիտ կը խաղայ:
«Մեծեր»-ը, այսօ՛ր չանհանգստացնող պատերազմ մը: Վա՞ղը: Անոնց ծրագիրներու հետապնդումը չեն խանգարեր քանի մը հազար հայ երիտասարդներու մահը եւ հայու անցեալով, մշակոյթով եւ պատմութեամբ թաթախուն քանի մը հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի բռնագրաւումը, զոր կրնան գումարել գրաւեալ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւման վրայ, զոր այդպէս ալ լքեցին իրենց ստորագրած յանձնառութիւն-դաշնագիրները ուրանալով, անտեսելով իրաւունք եւ բարոյական:
Ռուսական միջամտութեամբ կասեցուած է պատերազմը: 44-օրեայ պատերազմը պահ մըն է թրքական ընդհանուր յարձակողականի սպայակոյտի քարտէսին վրայ:
Նոյնիսկ իր հանգրուանային բնոյթով 44-օրեայ պատերազմը աւարտա՞ծ է:
Եղած է Յայտարարութիւն մը, որ հաշտութեան համաձայնագիր չէ: Ի՞նչ պայմաններ կան Յատարարութիւնը համաձայնագիր դարձնելու համար:
Ինչո՞ւ Ռուսիան թոյլ տուաւ, որ տեղի ունենայ պատերազմը:
Ինչո՞ւ պատերազմ շղթայազերծեց Թուրքիան: Ատրպէյճանը քաղաքական ճատրակի տախտակին վրայ Էրտողանի ծաւալապաշտական նկրտումներուն համար սոսկ քար մը չէ՞: Աւելի ճիշդ, Ատրպէյճան համաթուրանականութեան առաջին դիրքերու լէգէոնը չէ՞:
Կացութիւնը ըմբռնելու համար պէտք է ունենալ աւելի լայնածիր տեսադաշտ, լսել նաեւ անմիջական-առեւտրականէն տարբեր պատմաքաղաքական կացութեան քաջատեղեակները: Ընդհանուր աշխարհաքաքաղական պատկերացումով խօսողներ կան: Այլ հարց է թէ՝ լսողներ կա՞ն:
Թուրքիոյ հետ հեռուէն կամ մօտէն առնչուող Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր Քարտուղարը եւ Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարները, Եւրոպան եւ Արաբական աշխարհը, Ռուսիան, Իրանը, Չինաստանը եւ Հայաստանը շատ բան կը շահին, իրենց ղեկավարները եւ ժողովուրդները իրատես կը դառնան, եթէ որպէս ուղեցոյց ունենան Ժան-Ֆրանսուա Գոլոսիմոյի 2020ին լոյս տեսած գիրքը. Le Sabre et le Turban, «Թուրը եւ Փաթթոցը», կցուած զգուական հարցումով մը. «Jusqu’où ira la Tutquie», «Մինչեւ ո՞ւր պիտի երթայ Թուրքիան» (Editions du Cerf, 2020):
«Մինչեւ ո՞ւր»-ի հարցման պատասխանը չի կրնար տալ Հայաստանը: Հայաստան եւ Ատրպէյճան, կը գտնուին այդ «մինչեւ ո՞ւր»ի ճամբուն վրայ, առաջինը որպէս խոչնդոտ, երկրորդը որպէս միջոց (ցեղակից, դաշնակից, զինակից, գործիք):
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ եւ միայն հայու աչքով դիտել կացութիւնը: Այդ «մինչեւ ո՞ւր»ը կանգ չ’առներ Կովկաս: Հետապնդուած նպատակը գաղտնիք չէ. «Եգէականէն մինչեւ Չինաստան»…
Երկրի եւ սփիւռքի հայ քաղաքական ղեկավարութիւններուն համար իսկական դպրոց մըն է այս գիրքը, իսկ հայ մամուլին համար տեղեկատուական անսպառ աղբիւր, մանրամասնուած, ծրագրուած, հիմնաւորումներով եւ վերլուծումներով: Քսանինը գլուխներու տակ, պարզ, հիմնաւոր բացատրութիւններով: Առանց խուսանաւումներու եւ կողմնապաշտութեան, Ժան-Ֆրանսուա Գոլիսիմօ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ալֆան եւ օմեկան, զայն ներշնչող քաղաքական միտքը, ցեղապաշտ եւ կրօնամոլ վարդապետութիւնը, տիեզերական ծաւալապաշտական երազանքը:
Գիրքը կարդալէ ետք, ընթերցողը, ան ըլլայ քաղաքական թէ կրօնական ղեկավար, լրագրող թէ խաղաղութեամբ մտահոգ քաղաքացի, իրաւունք չ’ունենար ըսելու, թէ՝ «չէի հասկցած, չէի գիտեր, չէին զգուշացուցած»:
Կարդացի գիրքը, զայն ներկայացնելու համար ընթերցողին, բայց անճրկեցայ: Հիմա չեմ գիտեր, թէ ո՞ր հարցին, գիրքի ո՞ր գլխուն վրայ պէտք է կեդրոնացնեմ ուշադութիւնս: Քսանինը գլուխներէն ամէն մէկը իւրայատուկ ամբողջութիւն մըն, որ իր տեղը կը գտնէ ամբողջի մը մէջ: Գրեթէ անկարելի է այս կամ գլուխը կարեւորել: Լաւ պիտի ըլլայ ունենալ գիրքը, զայն կարդալ, ի հարկին թարգմանել:
Գրախօսել այս գիրքը կը նշանակէ անոր էջերուն վրայ սաւառնիլ, բռնել այս կամ այն միտքը, քաջ գիտնալով, որ հեղինակի վերլուծումները, պատկերացումները, նախատեսութիւնները եւ զգուշացումները իրենց պայծառութիւնը եւ սրութիւնը կը կորսնցնեն:
Կ’ուզեմ գիրքը ծանօթացնել, ո՛չ վերլուծել եւ ո՛չ մեկնաբանել, առաջին հերթին հայ ընթերցողը հաղորդ դարձնել Թուրքիոյ ծաւալած քաղաքական անզսպելի դարձած միջազգային բեմի վրայ արշաւին, որուն առջեւ կարծէք ոչ ոք կ’ուզէ յանձն առնել պատնէշներ դնել, քաջ գիտնալով հանդերձ, որ վտանգը ե՛ւ շրջանային է ե՛ւ համաշխարհային, սպառնալիք՝ խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու համակեցութեան: Իսկ այդ սպառնալիքին դէմ, ինչպէս միշտ, «թղթէ կապարճ» են յօդուածները, յայտարարութիւնները, կամ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին առջեւ խօսքի աճպարարութիւնը՝ վասն զանազան բնոյթի շահախնդրութիւններու:
Ժան-Ֆրանսուա Քոլիսիմօ Թուրքիոյ միջազգային բեմի վրայ յայտնուելու եւ աւագ դերակատար ըլլալու միտումը եւ յարձակապաշտութիւնը կ’ամփոփէ հետեւեալ ձեւով.
«Գլխապտոյտ պատճառող մագլցումին դիմաց, որուն հանդիսատեսն ենք, մեր ապշանքը նոյնքան յանկարծակի է որքան որ եղած են մեր տեւող կուրութիւնները: Հարցականները կը բազմանան, դատողութիւնը կը խեղդուի: Մինչեւ ո՞ւր պիտի երթայ Թուրքիան: Ինչպէ՞ս մէկ դարի ընթացքին, Եւրոպայի միանալու ցանկութենէն դէպի Ումմային տիրելու կամքը թեքեցաւ: Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանէ կը վախնայ: Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար կը սպառնայ մեզի: Ե՞րբ կանգ պիտի առնէ: իր քաղաքական եւ ռազմական սպառնալիքը (շանթաժը): Իր դէպի ուժ միտո՞ւմը, սարսափի հակամիտութիւնը» (էջ 8):
Եւ քիչ անդին իրատես եւ դառն խստովանութիւնը.
«Մեր անտարբերութիւնները եւ մեր անտեսումները այսուհետեւ անդին կ’անցնին մեր հասկացողութենէն: Մեր կանխակալ գաղափարները, մեր ընդունած պատրանքները որպէս սին կը յայտնուին: Մենք հազիւ կը սկսինք հասկնալ որ ոչինչ հասկցած ենք Թուրքիայէն» (էջ 8):
Այս ՄԵՆՔը, ի հարկէ Եւրոպան է, բայց նաեւ՝ միւսները:
Էրտոողանի Միջերկրականի աւազանին մէջ ցուցաբերած ռազմապաշտութիւնը, Կովկասի մէջ շղթայազերուած պատերազմին մասնակցութիւնը եւ անոր ղեկավարումը, զպանակուած են Թուրքիոյ բնոյթով: Ժան Ֆրանսուա Գոլիսիմօ Թուրքիոյ կացութիւնը կը բնորոշէ.
«Անաւարտ կառուցում մը, անկայուն առանցքով, տեւաբար ճօճուող Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, օգտագործելով անգամ մը մէկը, ապա միւսը, հետապնդելով մէկ եւ նոյն վրէժի եւ վերականգնումի ծրագիրը» (էջ 10):
Յաջորդ պարբերութիւնը կը շարունակէ եւ կ’ամփոփէ «Թուրքիան հասկնալու» նախադրեալներու թուումը, որ կը վերաբերի ե՛ւ դուրսի մարդոց ե՛ւ Թուրքերուն, որոնք պէտք է իրենք զիրենք հասկնան, ինչպէս կ’ըսուի «առերեսուին» իրենց պատմութեան հետ, ընդունելով մարդկային եւ բարոյական արժէքներու գերակայութիւնը:
Այսպէս.
«Թուրքիան առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով հասկնալու համար, հարկ է շրջել երկփեղկուածութիւնը, վերագտնել համաչափութիւնը: Խորանալ հարիւրամեայ շարունակական հետքերու մէջ ուրկէ անցած է թրքական հանրապետութիւնը, յաճախուած օսմանեան կայսրութեան բազմադէմ յիշողութեամբ: Վկայակոչել ուրուականները որոնք իրենք ծնունդ տուած են, ինչպէս 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, 1923-ի Յոյներու ազգագրական մաքրագործումը, 1928-ի Քիւրտերու եւ Ալեւիներու ջարդերը: Վերցնել վարագոյրը 1960-էն 2010 զինուորական յեղաշրջումներու թաքուն պատճառներուն վրայէն, որոնք խեղդեցին ժողովրդավարութիւնը: Բացայայտել 1945-էն ի վեր իրականացած Ուաշինկթընի մեղսակցութիւնները, նաեւ Պրիւքսէլի՝ մինչեւ այսօր, 2020: Ցոյց տալ թէ ինչպէ՞ս Թուրքիա կը հանդիսանայ ամենէն պայթուցիկ ռազմատենչ տարրալուծարանը Փարիզէն, Պերլինէն եւ Լոնտոնէն օդային ճամբով երեք ժամ հեռու: Եւ ընթացքին՝ չմոռնալ թափօրը պաշտօնականացուած սուտին ոչ ըսելու պատճառով սպաննուած, բանտարկուած, աքսորուած Թուրքերուն: Անոնք տառապած ըլլան քաղաքական թուրէն, կրօնական փաթթոցէն, կամ երկուքէն» (էջ 10-11):
Ժան-Ֆրանսուա Գոլիսոմոյի գիրքին պէտք է անդրադառնալ, մաս առ մաս, փորձել հասկնալ, հրաւիրել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը վեր առնուած իւրաքանչիւր հարցի համար:
Ազրպէյճանի զէնք հայթայթողները, սպիտակ ձեռնոցերով միջնորդները վերջ պէտք է տան իրենց կուրութեան, եթէ ջատագովուած խաղաղութիւն եւ մարդկային իրաւունք նպատակ են, կեղծիք չեն:
Ինչ որ չըսին Մ․Ա․Կ․-ը, Ֆրանսան, Ամերիկան, Գերմանիան, Ռուսիան, շագանակները կրակէն հանելով իրենց մատները չուզելով այրել, պայծառ խօսքով կ’ըսէ Ժան-Ֆրանսուա Գոլիսիմօ, հետեւաբար ոչ ոք պիտի կարենայ ըսել, որ չէր գիտեր:
Կը կրկնեմ, որ այս գիրքը պէտք է սեփականութիւնը դարձնել զանգուածներուն, ոչ միայն հայկական:
Որպէս եզրակացութիւն Ժան-Ֆրանսուա Գոլիսոմոյի գիրքի էջ 169-ի անմիջական ներկայի վերաբերող հետեւեալ պարբերութիւնը.
«2010-ին, այն պահուն երբ Ատրպէյճան կը պահանջէ իրաւատէր ըլլալ (իւրացնել) հայկական մշակութային ժառանգութեան, զոր կը քանդէ, Րէյիսը (Reis, տէր, այսինքն՝ Էրտողան, Յ.Պ.) կը յայտարարէ, որ Երեւանի հետ երկխօսութեան հազուագիւտ պահերէն մէկուն ձօնուած քիչ ժամանակ առաջ կառուցուած կոթողը «կեղտ» մըն է: Մագլցումը արդէն սկսած է, իր անվերջանալի կրկնութիւններու ջղագարութեան թափօրով: Գագաթնակէտին ենք: Ղարաբաղի Հայերու կտակը այն, է որ ան կանգ պէտք է առնէ»:
Այս մարգարէական տողերը գրուած են 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին:
Եւ ի հարկէ լսող չեղաւ:
Ո՞վ պիտի ուզէր եւ այսօր ալ կ’ուզէ հայերուն համար անհանգիստ ըլլալ:
Յ. Գ. – Գէթ մեր հանրութեան համար ինչո՞ւ չթարգմանել գիրքը հայերէնի եւ անգլերէնի, հրատարակել նաեւ որպէս թերթօն, ինչպէս Ամերիկա կ’ըսեն, հանրային կարծիքի քաղաքականացման training-ին համար: