Անյետաձգելին. Լիբանանահայ գաղութը ծով կարիքներու առջեւ կը գտնուի

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանահայութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ բազմատեսակ եւ բարդ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի:

Լիբանան օրէ օր, ժամ առ ժամ տնտեսական, ապահովական, ապրուստի, կենցաղային լուրջ եւ նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը կանգնի:

Անցնող տասնամեակներուն լիբանանահայութիւնը միշտ ալ իր անկարելին կարելի ըրած է եւ հասած է բոլորին անխտիր, տուած է միշտ` իր ունեցածէն եւ չունեցածէն անգամ:

Անցնող տասնամեակներուն լիբանանահայութիւնը անմասն չէ մնացած համահայկական, ազգային, քաղաքական, կրթական, բարեսիրական որեւէ նախաձեռնութենէ:

Այսօր այս գաղութը շատ լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի: Գալիքը աննախատեսելի է, իսկ առօրեան` դժոխային:

Տնտեսական ընթացիկ տագնապ մը չէ, զոր կը դիմագրաւենք, այլ կը կիրարկուի ժողովուրդին արժանապատուութիւնը ոտնակոխելու, զայն ծունկի բերելու, աղքատացնելու եւ անօթի ու վատառողջ պահելու կազմակերպուած ծրագիր մը, որ մարդկային պատմութեան մէջ շատ քիչ երկիրներու մէջ պատահած է:

Բանակի զինուորը, ուսուցիչը, բժիշկը, համալսարանի դասախօսը, բանուորը, արհեստաւորը, դեղագործը, վաճառականը, պաշտօնեան թէ գործատէրը բոլորն ալ սնանկացած են… Սնանկանալու ճամբուն վրայ են:

Այս բոլորին դէմ յանդիման, մենք` իբրեւ լիբանանահայ գաղութ, ԾՈՎ կարիքներու առջեւ կը գտնուինք: Արդարեւ, տագնապը համատարած է. հայ ծերունիէն մինչեւ հայ մանուկին դեղն ու կաթը, հայ ուսուցիչէն մինչեւ հայ բանուորին առօրեայ կենցաղային կարիքները, հայ երիտասարդէն մինչեւ հայ ուսանողին երազները շոգիացած են ամբողջութեամբ: Անտէր չեն, անտէր չի ալ մնար ոեւէ մէկը:

Սակայն այսօրուան մեր մտահոգիչ պայմաններուն դարմանը հաւաքական ճիգն է:

Անյետաձգելին` միասնական ճիգով լուծումներ գտնելն է:

Ալ ո՛չ ուտեստեղէնի տուփերը, ո՛չ առողջապահական ծրարները, ո՛չ զեղչերը, ո՛չ ալ բժշկական դասաւորումները սկսած են գոհացնել ժողովուրդը, որ իր կենցաղային հարցերը լուծելու անկարողութեան դիմաց կը կանգնի ամէն օր:

Մեր կարողութիւններէն վեր պահանջք կայ: Մեր ըսելով կ՛ակնարկենք գաղութային ներքին ուժերուն ու կառոյցներուն, որոնց կարողութենէն եւ կարելիութենէն շատ աւելի վեր ու հսկայ նախաձեռնութեան կարիք կայ այսօր:

Կարելի չէ միայն «Դժուար են լիբանանահայութեան պայմանները» ըսել ու անցնիլ եւ ձեռնածալ սպասել: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ընտանիք լիբանանահայ ընտանիք մը պահելու յանձնառութիւնը պէտք է ստանձնէ: Այսօրուան մեր պայմաններով 6000 ընտանիքի մասին է խօսքը: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան ազգային, կրթական, կրօնական, բարեսիրական, միութենական եւ կուսակցական կառոյցներուն պաշտօնեաները: Սփիւռքի մեր քոյր-եղբայրներուն համար աննշան հանդիսացող գումար մը այսօր կրնայ կարեւոր ըլլալ լիբանանահայ ընտանիքի մը համար, որ իր ջուրն ու հացը ապահովելու տաղտուկով կ՛ապրի յաճախ:

Լիբանանի մէջ նուազագոյն ամսականը, որ կը հասնէր 400-600 տոլարի, այսօրուան լիբանանեան դրամի գահավէժ արժեզրկումով, հասած է միայն 30 տոլարի… Բայց եւ այնպէս ասոր դիմաց սղաճը աւելի քան տասնապատիկ եղած է, ու կը շարունակէ մագլցումը:

Հաւաքական ճիգը, աննախընթաց նեցուկն ու երկարաշունչ նպաստը հրամայական են լիբանանահայ ընտանիքները ոտքի պահելու:

Անյետաձգելի եւ շտապ քայլեր պէտք է առնուին: Բոլորը բոլորին հետ աշխատելու կամքը պէտք է զօրանայ: Սփիւռքի գաղութներն ալ, հակառակ անոր որ իւրաքանչիւրը իր հոգերով տարուած է, բայց եւ այնպէս պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն լիբանանահայութեան, որ լինել չլինելու պայքար կը մղէ:

Կացութիւնը անտանելի դարձած է, իսկ նախաձեռնութիւն մը կատարելը անյետաձգելի է արդէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.