Անկախութեան Հռչակագիրն ու Յօդուած 13-ը
Հայաստանի խորհրդարանի նիստին, խնդրոյ առարկայ դարձաւ հանրապետութեան Զինանշանի խորհուրդը: Հին արժէքները հակադրուեցան նոր արժէքներուն, պատմական Հայաստանը` իրական Հայաստանին, զինանշանի խորհուրդն ու նկարագրութիւնը մեկնաբանուեցան իւրովի եւ սուր ենթակայականութեամբ, շեշտելու համար, որ մեր Զինանշանի խորհուրդը այսօրուան իրականութեան հետ կապ չունի: Այն ձեւակերպումով, որ 1991-ին հիմնադրուած պետութեան հետ ի՞նչ կապ ունի Զինանշանը:
Սահմանադրութեան Զինանշանին վերապահած բաժինը կարեւոր է վերստին կարդալ:
Յօդուած 13.
Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է. կենտրոնը վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւններու զինանշանները: Վահանը կը պահեն արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանէն ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերու խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:
Դրօշի եւ զինանշանի մանրամասն նկարագրութիւնը կը սահմանուի օրէնքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը կը սահմանուի օրէնքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը Երեւանն է:
Յօդուած 13-ը մեր Սահմանադրութեան ամէնէն հեռանկարային, ամէնէն ազգային-փիլիսոփայական եւ ամէնէն համահայկական էութիւն ամփոփած յօդուածն է: Այս յօդուածը անքակտելիօրէն կապուած է Անկախութեան հռչակագիրին հետ, ուր կը խօսուի համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական իրաւունքներու վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ մայիսքսանութեան աւանդութիւններու շարունակման հրամայականներուն մասին:
Զինանշանին մէջ պատկերուած Նոյեան տապանն ու Արարատը պատմական Հայաստանին կը վերաբերին եւ անկախութեան հռչակագիրով իսկ ամրագրուած պատմական իրաւունքներու վերականգնման:
Յօդուած 13-ը ունի չորս հիմնական բաղադրիչ` եռագոյն, զինանշան, օրհներգ եւ մայրաքաղաք: Յօդուած 13-ի եւ Անախութեան հռչակագիրին ամէնէն առանցքային կապը սակայն մայիսքսանութեան աւանդութիւններու շարունակման իրաւադրոյթն է: Անկարելի է չնկատել, որ Յօդուած 13-ի 4 բաղադրիչներն ալ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան որոշած խորհրդանիշներու կամ մայրաքաղաքին վերահաստատումն են: Խնդիրը հետեւաբար ո՛չ գեղագիտական է, ո՛չ ալ այժմէականը հինին կամ պատմականը նորին արուեստական երկուութիւններ ստեղծելուն կը վերաբերի:
Յօդուած 13-ով, 1991-ին, առաջին օրէն իսկ կայացած է ազգային պետական կարեւորագոյն որոշում խորհրդանիշները վերաորդեգրելով վերանկախացող Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ա. Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդը նկատելու: Այս իրականութեան անտեսումն ու շրջանցումը կա՛մ անգիտակցութեան հարց է, կա՛մ ալ այսօրուան արտաքին քաղաքականութեան համահունչ նոր զիջումներու երթալու համար ենթահողի նախապատրաստութեան քայլ: Ասիկա նոյնիսկ կրնայ նկատուիլ Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար միտքերու պատրաստութիւն համահայկական խորհրդանիշները փոխելու որոշումով:
Որովհետեւ այսօրուան Սահմանադրութեամբ թէ՛ Արցախի ուղղութեամբ եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ նոր համաձայնագիր կամ սահմաններու ճանաչման նոր պայմանագիր կնքելը կը նկատուին հակասահմանադրական, եւ իրաւական հիմնաւորումներով չի հաստատուիր անոնց սահմանադրականութիւնը:
Յօդուած 13-ի եւ Անկախութեան հռչակագիրի ուղղակի կապը չէր արտօներ, որ խորհրդարանի բեմէն վարչապետի մակարդակով հնչէին նման անտեղի համեմատութիւն կամ Զինանշանին` այսօրուան իրականութեան հետ կապ չունենալու մասին բարձրաձայնումներ: Անոնց հակասահմանադրական ըլլալու իրողութեան նշումով պէտք է ընդմիջուէր Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը:
Առաջին Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդութիւնը ամրագրող Յօդուած 13-ը շատ հեռուներ կրնայ առաջնորդել մեր համազգային երթը: Առաջին Հանրապետութեան օրերուն էր, որ կայացաւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը: Պատահական չէ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջ հնչեց նաեւ պաշտօնական Անգարայէն:
Այս իրաւաժառանգորդութեան կարեւորութեան գիտակցած էին ցեղասպանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն հանող, «Պատերա՞զմ թէ՞ խաղաղութիւն» հարցադրումով լրջանալու պահի մասին խօսող առաջին իշխանութիւնները:
Զինանշանի մասին խորհրդարանին մէջ հնչած տեսակէտները մաս կը կազմեն Արարատ-Արագած հին-նոր պատմական-իրական կեղծ բանավիճային օրակարգին: Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունող խաղաղութեան պայմանագիրէն ետք յայտնապէս կը նախապատրաստուի Կարս 2-ը: Մեր Սահմանադրութիւնը կ՛արգելակէ երկուքն ալ:
Անհպելի պէտք է պահել Անկախութեան հռչակագիրին յղում կատարող Սահմանադրութեան բաժինը եւ Յօդուած 13-ը:
«Ազդակ»ի Խմբագրական
Comments are closed.