Անթոնի Մագաճեան Համազգայինի շարադրական մրցանքի առաջնութեան գնահատագիր ստացաւ

Յունիս 16-ին, Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամներ ընկերուհիներ Անիթա Թոպի եւ Թամար Շահինեան, ընկերակցութեամբ École arménienne Sourp Hagop Վարժարանի Տնօրէն Լորի Ապրաքեանի եւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Մարալ Այնթապլեանի, 2021-22 տարեշրջանի Շարադրական մրցումի գնահատագիրն ու «Պատանեկան Օրագիրը» գրքէն օրինակ մը յանձնեցին, նախկին տարեշրջանի 8-րդ կարգի աշակերտ՝ Անթոնի Մագաճեանի, որ առաջինը հանդիսացած էր իր դպրոցին մէջ, «Իմ Հերոսս» նիւթով շարադրական մրցանքին։ Ստորեւ, Անթոնիի շարադրութիւնը։

ԱՆՁՆՈՒԷՐ ԶՕՐԱՎԱՐԸ

Իմ հերոսս զօրավար Վարդան Մամիկոնեանն է։ Ես իր մասին շատ կարդացած եմ եւ այս շարադրութեան մէջ իր իւրայատուկ գիծերուն եւ իր հերոսական նկարագրին մասին պիտի գրեմ։
Վարդան Մամիկոնեան իր քաջութեամբ, իր խելացութեամբ եւ իր առիւծի սրտով Հայաստանի վահանը եղած է։ Ան իր հաւատքը եւ իր հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասած է, չէ դաւաճանած իր ժողովուրդին եւ անոնց, որոնք իրեն կը վստահէին։ Իր այս յատկանիշներով կրցած է ապահովել եւ զօրացնել հայրենիքը։ Դժուար ժամանակներու մէջ , ան միշտ ձեւ մը գտած է ստեղծուած հարցերը լուծելու։ Իր քաջութեամբ ան թոյլ չէ տուած, որ պարսիկները կրօնափոխ ընեն հայերը եւ իր հայրենասիրութեամբ կրցած է պաշտպանել ամբողջ ազգին մշակոյթը։ Ահա այս պատճառով ես զինք կը մեծարեմ։
Վարդան Մամիկոնեան հերոս մըն է ամբողջ Հայաստանին ու հայ ազգին համար, որովհետեւ ան կրցաւ պարսկական բանակին դէմ դնել, երբ իր բանակը շատ աւելի փոքր էր։ Ան զոհուեցաւ Աւարայրի ճակատամարտի ընթացքին իր բոլոր համախոհներուն հետ եւ փրկեց հայ ազգի հաւատքը։ Այսօր մենք հպարտ ենք, որ շնորհիւ քաջ Վարդանին, ունինք մեր լեզուն, մեր հաւատքը, մեր հարուստ պատմութիւնն ո մշակոյթը։
Իր բոլոր յատկանիշներէն, ես կ՚ուզէի ունենալ՝ իր անսահման քաջութիւնը, հայրենիքը պահելու եւ կառավարելու իր ուժն ու կորովը։
Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր նման հայրենասէր հայորդիներու շնորհիւ է, որ մենք մինչեւ այսօր, կ՚ապրինք, կը գործենք եւ պիտի շարունակենք գոյատեւել դարէ դար։
Յարգանք քեզ, հերո՛ս զօրավար։

Անթոնի Մագաճեան՚
Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարան

Comments are closed.