Այնճարը Համահայկական Արժէք Է, Եւ Անոր Հայեցի Դիմագիծի Պահպանումը` Առաջնահերթութիւն

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Բովանդակ հայութեան եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի ապրած ճակատագրորոշ այս փուլին, Մուսա լերան 106-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակի նշումը ժամանակակից խորիմաստ նոր պատգամներով եւ մտածումներով կը ներկայանայ մեզի:

Մուսա լերան ժողովուրդին ցուցաբերած համաժողովրդային դիմադրութիւնը, կերտած հերոսապատումը եւ այնճարահայութեան լինելու ու արարելու կամքը, հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն եւ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն կը պահեն իրենց պատմադրոշմ վեհ ու նշանակալից իմաստն ու այժմէականութիւնը:

Համահայկական մեր ընդհանուր երթին մէջ Մուսա լեռը եւ անոր բնական շարունակութիւնը հանդիսացող Այնճարը միշտ ալ իրենց գլխագիր ներկան արձանագրելով ու հայ կեանքին մէջ խոր արմատներ ընդարձակելով յաջողած են հայութեան պայքարին եւ Հայաստանի, Արցախի ու Հայ դատի ծառայութեան համար գտնուիլ պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը այս տարեշրջանին  դարձաւ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն այնճարահայութեան մօտ, այդ պայքարին Այնճար նուիրաբերեց իր զաւակներէն` հայ մշակոյթի ու դպրութեան սպասարկող, ազնիւ հայորդի Գէորգ Հաճեանը, որուն նահատակութիւնը ցնցեց ամբողջ հայաւանը:

Լիբանանի ապրած ընկերային-տնտեսական ու առողջապահական ճգնաժամը Այնճարի ու այնճարահայութեան համար պիտի դառնար համընդհանուր զօրաշարժ: Գիւղի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, քաղաքապետութիւնը, յարանուանութիւնները եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները միացեալ ու համադրեալ ճիգով դիմակալեցին ու կը շարունակեն կանխարգիլել գիւղին սպառնացող բոլոր վտանգներն ու դժուարութիւնները: Արտասահմանի այնճարահայերուն զօրակցութիւնը պիտի չուշանար եւ համաայնճարեան նուիրահաւաքով անոնք պիտի գային զօրավիգ կանգնելու իրենց հայրենակիցներուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Այս բոլորը անշուշտ զարմանալի պէտք չէ թուի բոլորիս համար, որովհետեւ Այնճարի նուաճած կենսափորձը հարուստ է:  Հայաւանի գոյերթը ամէն գնով անխափան պահելու վճռակամութիւնը այնճարցիին համար դարձած է կեանքի նշանաբան ու գոյութեան իմաստ:

Մեր կեանքի ապրած այսօրուան խառնաշփոթ իրավիճակներուն մէջ այնճարահայութիւնը բնականաբար կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ: Տնտեսական գահավէժ ընթացքին պատճառով գիւղացին դժուարութեան դիմաց կը կանգնի, բերքահաւաքը այսօր դժբախտաբար դարձած է մտահոգիչ եւ այնճարցին իր թափած քրտինքին արդիւնքը չի կրնար քաղել: Յառաջիկայ փուլը բնականաբար կը մտահոգէ բոլորը անխտիր` նկատի ունենալով եկամուտներու աննախընթաց սահմանափակումը եւ անշուշտ յառաջիկայ տարուան համար հողի մշակման ու ցանքի խիստ եւ ծանր պարտաւորութիւնները:

Այս երեւոյթները սակայն ոչ մէկ ձեւով կրնան դառնալ պատճառ ու պատրուակ այնճարահայութեան մօտ ստեղծելու յուսաբեկման եւ անձնատուական տրամադրութիւն ու հոգեվիճակ: Անապատը դրախտավայրի վերածած եւ այսօր Լիբանանի մէջ իր իւրայատուկ տեղն ու դերակատարութիւնը ունեցող այս հայաւանը, վստահաբար պիտի յաջողի շրջանցել նաեւ այս փուլը: Մալարիան գիւղի հիմնադրութեան օրերուն դարձաւ հաւաքական չարիք, սակայն չկասեցուց այնճարահայութեան երթը: Մեր օրերուն, «Քորոնա» ժահրի համավարակը իր կարգին դարձաւ պատուհաս գիւղի բնակչութեան համար, սակայն շնորհիւ գիւղի ղեկավարութեան զգաստ ու յանձնառու մօտեցումին, կարելի եղաւ շրջանցել նաեւ այդ չարիքը: Գիւղի անվտանգութեան ու ապահովութեան սպառնացող բոլոր հարուածներուն դիմաց այնճարցին մնաց իր կուրծքը լայնօրէն պարզած ու չարտօնեց որեւէ թափանցում կամ գիւղացիի արժանապատուութեան ոտնակոխում: Այսօր նաեւ գիւղացին այդ անվտանգութեան ու ապահովութեան անկեղծ զինուորն է:

Այս առիթով սակայն անհրաժեշտ  է անդրադառնալ այդ անվտանգութեան ու ապահովութեան ահազանգ հանդիսացող հողավաճառքի թունաւոր երեւոյթին. մանաւանդ ներկայ փուլին անպատասխանատու ու պատեհապաշտ անհատներու կողմէ ճգնաժամը պատրուակ ծառայեցնելով կը դիմուի անպարկեշտ ու վատ նախաձեռնութիւններու: Անոնք այսպէս կոչուած միջնորդի կամ զանազան նենգ ու ստախօս վարքագիծերու որդեգրումով, շինծու պատճառաբանութիւններով, օտարներու հողավաճառքի անընդունելի գործընթացը կը փորձեն նուիրականացնել` յագուրդ տալու համար իրենց անհատական շահերուն, ոտնակոխելով գիւղի պատմութիւնն ու արժանապատուութիւնը եւ իրենց ազգային գիտակցութիւնը վաճառքի հանած կը փորձեն սառնասրտօրէն նաեւ վտանգել գիւղին հայկականութիւնը:

Մուսա լերան հերոսամարտի եւ Այնճարի հիմնադրութեան տարեդարձներու նշումին առիթով, մեծագոյն մարտահրաւէրը, որ կը դրուի մեր դիմաց, Այնճար հայաւանի հայկականութեան անաղարտ պահպանումն է: Անշուշտ այս մարտահրաւէրը պէտք է վերածել համազգային ռազմավարութեան եւ համահայկական ճիգով փորձել պատմական այս չարիքը միանգամընդմիշտ հեռացնել գիւղի երկնակամարին վրայէն: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք ու կ՛ըմբռնենք, որ Այնճարը համահայկական արժէք է, հետեւաբար անոր գոյութեան պահպանումը պէտք է արժանանայ համազգային զօրակցութեան: Աշխատանք, որուն հիմնական զինուորագրեալը պէտք է ըլլայ գիւղի եւ արտասահմանի մէջ ապրող ամբողջ այնճարահայութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.