Ամէն Բերանը Բանալուն Փաշինեան Վնաս Կը Հասցնէ Հայաստանի Շահերուն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամէն անգամ որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակային յայտարարութիւն կը կատարէ, ան վնաս կը հասցնէ Հայաստանի շահերուն:
Փաշինեանի վնասակար խօսքերու վերջին օրինակը 90 վայրկեան տեւած հարցազրոյցն է, զոր ան տուաւ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին, 22 նոյեմբեր 2024-ին:
Առաջին հարցումը կը վերաբերէր վերջերս Փաշինեանի կողմէ կառավարութեան վեց բարձրաստիճան պաշտօնեաներու աշխատանքէ արձակման` կիրակի երեկոյեան անոնց հեռաձայնային հաղորդագրութիւն ուղարկելով: Լրագրողը հարցուց` ինչո՞ւ զանոնք աշխատանքէ արձակեցիք:
Փաշինեան յայտարարեց, որ անոնց «պաշտօնանկութիւնները ոչ թէ անձնաւորուած են, այլ աւելի շատ համակարգերու կապուած են»: Այնուամենայնիւ, ան ըսաւ, որ աշխատանքէ արձակուած պաշտօնեաները «լաւ կ՛աշխատէին»: Լրագրողը մատնանշեց, որ վարչապետը համակարգային փոփոխութիւններ չէ կատարած, այլ ուղղակի աշխատանքէ արձակած է անհատներ: Վարչապետը բացատրեց, որ այս պաշտօնեաները համակարգային ուշագրաւ բարելաւումներ կատարած էին, սակայն հետագային, ժամանակի ընթացքին դարձած են համակարգի մաս: Ան շարունակեց` խոստովանելով, որ` «Ինծի հետ ալ նման բաներ կը պատահին»:
Լրագրող Տաթեւ Դանիէլեան այնուհետեւ Փաշինեանին հարցուց Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեանի պաշտօնանկութեան մասին, «մարմինի մը, որ գործադիր իշխանութենէն լիովին անկախ է: Եղաւ այնպէս, որ վարչապետին, այսպէս ըսուած, յորդորով որոշած է հրաժարականի դիմում ներկայացնել: Հիմա ձեր ընդդիմախօսները կ՛ըսեն` ի՞նչ է ասիկա, եթէ ոչ` իշխանութեան մէկ ճիւղին ճնշումը միւսին նկատմամբ»:
Փաշինեան ոչ համոզիչ բացատրութիւն մը տուաւ, որ` «Վարչապետի յորդոր չէր, այլ վարչապետի խնդրանք»: Լրագրողը պատասխանեց. «Անկախ դատական համակարգին մասին գործադիրին յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն միջեւ ճեղք կայ»:
Իշխանութեան երեք ճիւղերուն միջեւ տարանջատում չկայ: Փաշինեան միանձնեայ կը ղեկավարէ երեք ճիւղերն ալ` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնը: Ան, որ կը շեղի իր փափաքներէն, կ՛արձակուի աշխատանքէ եւ կը փոխարինուի: Տարօրինակ է, ասիկա այն մարդն է, որ անդադար կը խօսէր ժողովրդավարութեան մասին, սակայն կը խախտէ ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները:
Այնուհետեւ Փաշինեանը սխալեցաւ` ըսելով, որ այն պաշտօնեաները, որոնց «խնդրած է» հրաժարական տալ, երկու ընտրանք ունէին` «Այդ խնդրանքը կատարել, կամ` այդ խնդրանքը չկատարել»: Լրագրողը ընդգծեց, որ եթէ պաշտօնեան մերժեր հրաժարական տալ, «հետեւանքներ» պիտի արձանագրուէին: Փաշինեան անտեղեակ ձեւանալով` հարցուց. «Ի՞նչ հետեւանք, օրինակ»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք խորհրդակցեցա՞ւ խմբակիցներուն հետ, նախքան այս վեց պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակելը, ան հպարտօրէն ըսաւ. «Ասիկա միանձնեայ որոշում էր»:
Այնուհետեւ լրագրողը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք Փաշինեանի խնդրանքո՞վ իշխող խորհրդարանական դաշինքի անդամ Նարեկ Զէյնալեանը հրաժարեցաւ իր աթոռէն: Փաշինեան ըսաւ` այո՛: Զէյնալեանը հրաժարեցաւ պատգամաւորական աթոռէն, սակայն պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանը մինչ օրս կը մերժէ Փաշինեանին «խնդրանքը»: Փաշինեան ըսաւ. «Ես յոյս ունիմ, որ իմ խնդրանքս անարձագանգ չի մնար»: Այդ խնդրանքէն ետք Աղազարեան քանի մը անգամ հարցաքննուեցաւ իշխանութիւններուն կողմէ` խարդախութեան կասկածով: Ասիկա կառավարութեան ուրիշ ճիւղի մը` խորհրդարանի գործերուն վարչապետի անտեղի միջամտութեան այլ օրինակ մըն է:
Փաշինեան երկարօրէն քննարկեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը համոզելու իր յամառ ջանքերը` ստորագրելու այն, զոր ինք «Խաղաղութեան պայմանագիր» կը կոչէ, հակառակ այն հանգամանքին, որ Ալիեւ ոչ միայն շահագրգռուածութիւն չի ցուցաբերեր ստորագրելու նման փաստաթուղթ մը, այլ նաեւ կ՛ընդարձակէ Հայաստանէն հետագայ զիջումներու իր պահանջները: Փաշինեան կարծէք չի հասկնար տարբերութիւնը ստորագրութեան թուղթի կտորի մը, զոր ինք «Խաղաղութեան պայմանագիր» կը կոչէ, եւ` իսկական խաղաղութեան միջեւ:
Այնուամենայնիւ, 90 վայրկեան տեւած հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեանին մեծագոյն սխալը այն էր, որ ան հաւասարութեան նշան դրաւ Ալիեւի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխարէն կեղծ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի համար պահանջներուն եւ հայկական պահանջատիրութեան միջեւ` «Արեւմտեան Հայաստան»-ի պատմական տարածքի համար:
Այս մասին, առանց հարցումի, Փաշինեան ակամայ առաջարկեց. «Բան մըն ալ ըսեմ, լա՛ւ չըսեմ»: Սակայն, երբ լրագրողը յորդորեց անոր ըսել, ան ռումբի նման զգայացունց յայտարարութիւն կատարեց. «Լա՛ւ, ըսեմ: Հիմա մենք որքան կը նեղուինք եւ դժուար կը հանդուրժենք, հարց կը սեպենք, որ կարգ մը մարդիկ որոշ տեղեր կ՛օգտագործեն Արեւմտեան Ազրպէյճան եզրը, չէ՞: Ուրեմն երբ մենք կ՛ըսենք Արեւմտեան Հայաստան, չե՞նք մտածեր, որ կարգ մը մարդիկ կը գրգռենք: Ինչպէս որ երբ Արեւմտեան Ազրպէյճան ըսեն, մենք կը զայրանանք, այնպէս ալ երբ մենք Արեւմտեան Հայաստան կ՛ըսենք, ուրիշներ կը զայրանան: Հիմա կրկին պիտի ըսեն` հերթական դաւաճանութիւն, ստոր տականքութիւն: Այսօր ես կը գտնուիմ այնպիսի կարգավիճակի եւ պատասխանատուութեան մէջ, որ պարտաւոր եմ մեր ժողովուրդին հետ խօսիլ եւ ցոյց տալ պատճառահետեւանքային կապերը, շղթաները: Եթէ ես ատիկա չընեմ, կը նշանակէ, որ ես գիտակցաբար մեր երկիրը կը տանիմ դէպի պետականութեան կորուստ: Ես չեմ կրնան նման բան արտօնել»:
Ասիկա շատ ամօթալի յայտարարութիւն է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարին կողմէ: Նման պատասխան կարելի էր ակնկալել Էրտողանէն կամ Ալիեւէն, բայց ոչ` Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարէն: Անհաւատալի է, որ նոյնիսկ Էրտողանն ու Ալիեւը նման հակահայ յայտարարութիւն չեն ըրած:
Վերջին հարցումը, հաւատաք, թէ ոչ, հետեւեալն էր. «Կրնա՞ք մեզի ըսել իսկական պատճառը` ինչո՞ւ որոշեցիք ածիլել (մօրուքը)»: Փաշինեան հաւատարիմ մնալով հարցումներէն խուսափելու իր սովորական գործելակերպին` ըսաւ. «… Պարզ է, որ պատկերի փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ… Ես կրնամ միայն մէկ բան ըսել, որ երբ որոշեցի ածիլուիլ, որոշեցի օրը` աւագ դստերս ծննդեան օրը, հակառակ անոր որ հիմա, երբ հարցազրոյցը սփռուի, միւս դուստրերս հարց պիտի տան, թէ ինչո՞ւ անոր տարեդարձին եւ` ոչ մեր: Աշոտը (որդին), համոզուած եմ, որ այդ առումով, ոչ միայն այդ առումով, փառատենչ չէ եւ այդպիսի հարցում պիտի չուղղէ»:
Comments are closed.