Ամերիկացի Եւ Եւրոպացի Գործընկերներուն Կոչ` Անյապաղ Գործողութիւններով Օժանդակելու Հայ Գերիներուն Վերադարձին
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ղեկավարութիւններէն կը պահանջէ անյապաղ ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի կատարեն Ժընեւեան համաձայնագիրի պահանջները եւ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան համաձայն` անվերապահ ազատ արձակեն հայ ռազմագերիներն ու պատանդները: Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւնները կը գովաբանեն Ալիեւին կողմէ հայ գերիներու պայմանական սակարկութիւնը, այն պարագային, երբ Ազրպէյճանը միջազգային օրէնսդրութեամբ պարտաւոր է ազատ արձակել հայ ռազմագերիները:
Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի ղեկավար Քեն Խաչիկեան կը նշէ. «1949-ի Ժընեւի համաձայնագիրները զօրացնելու, մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան համընդհանուր արժէքները ամրապնդելու փոխարէն, ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւններու վերջին յայտարարութիւնները Ազրպէյճանին թոյլ կու տան շարունակել ձերբակալուած պահել հայ ռազմագերիները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակումներու ժամանակ առեւանգել զինուորներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել շինծու դատավարութիւններ` կեղծ յայտարարութիւններու ու ապացոյցներու հիման վրայ: Այդպիսի վարքի գովաբանումը, որ աշխարհի ամէնէն տխրահռչակ բռնապետներէն մէկուն թոյլ կու տայ օգտագործել մարդկային կեանքը` իբրեւ սակարկութեան առարկայ, եւ ոտնահարել միջազգային մարդու իրաւունքի նկատմամբ իր պարտականութիւնները, խորապէս մտահոգիչ է եւ զայրացնող: Միջազգային հանրութիւնը իր գործողութիւններով կը խրախուսէ Ազրպէյճանի շարունակուող շանթաժը»: