ԱԺ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան Պրիթիշ Գոլոմպիայի եւ Գանատայի խորհրդարանականներուն իրազեկեց Արցախի շրջափակման մասին

Յուլիս 4-ին, Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանակական վեհաժողովի Վանգուվըրի նստաշրջանի աւարտէն ետք, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ ԵԱՀԿ նստաշրջանին մասնակցած Հայասատանի պատուիրակութեան անդամ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան Հանդիպումներ ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարանականներու հետ։

Գանատայի Ֆինանսական նախարարի խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչի հետ հանդիպման ընթացքին Գալստեան տեղեկացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի մասին՝ շարունակուող անօրինական շրջափակման, հրադադարի և նոյեմբերի 9-ի պայմանաւորուածութիւններու շարունակական խախտումներուն, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն եւ չորս հայ զինծառայողներու սպանութեան մասին՚։ Աւելին, Գալստեան իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ Գանատայի ԵԱՀԿ Խորհրդարանակն Վեհաժողովի պատուիրակութեան մի քանի անդամներ դէմ քուէարկած են այն բանաձեւերուն, որոնք Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան կ՚ենթարկեն յանցագործութիւններուն համար։ Թերի Պիչ խոստացաւ հետապնդել գանատացի պատուիրակներու դրսեւորած այս վարքագիծի պատճառները եւ խոստացաւ այդ հարցը բարձրացնել կառավարական յանձնաժողովներու յառաջիկայ հանդիպումներու ընթացքին, միաժամանակ ան իր լիակատար զօրակցութիւնը յայտնեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ համայնքին։ Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Անտոնեան եւ Վահէ Յակոբեան։

Նոյն օրուան ընթացքին, պատգամաւոր Գալստեան Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսին եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Փարմ Պէյնսին հետ:

Նախարար Տիքսը քաջատեղեակ ըլլալով Արցախի բնիկ հայերուն դէմ շարունակուող ատրպէյճանական յարձակապաշտ վարքագծին մասին, շեշտեց այն մասին, որ դիտումնաւոր որեւէ գործողութիւն, որ 120 հազար բնակիչներու, ներառեալ 30,000 երեխաներու կը զրկէ բժշկական անմիջական օգնութենէ՝ յանցագործութիւն է եւ այդպիսի արարք չի կրնար հանդուրժելի ըլլալ Պրիթիշ Գոլոմպիայի, Գանատայի եւ միջազգային հանրութեան համար:

Գանատայի խորհրդարանի անդամ Փարմ Պէյնսի հետ հանդիպման ընթացքին Լիլիթ Գալստեան մանրամասնօրէն զեկուցեց Ատրպէյճանի հակահայ անօրինական գործողութիւններուն, արցախահայութեան դիմագրաւած մարդասիրական ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ գտնուող հայկական պատմական մշակութային ժառանգութեան Ատրպէյճանի կողմէ դիտումնաւոր ոչնչացման մասին։ Գալստեան շեշտեց, որ միայն Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման եւ անվտանգութեան լիարժէք երաշխիքներու միջոցով արցախահայութիւնը կրնայ կասեցնել Պաքուի ցեղասպանական գործողութիւնները։ Պատգամաւոր Պէյնս խոստացաւ Գանատայի խորհրդարանի իր գործընկերներուն իրազեկել Արցախի իրավիճակին մասին։

Նշենք, որ նոյն օրը Լիլիթ Գալստեան հանդիպում ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ։

Comments are closed.