Ազգային Կոմիտէն Չորրորդ Օրն Ըլլալով Բազմամարդ Հանրահաւաք Կայացուց

24 սեպտեմբերի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակը բազմամարդ էր: Արդէն 4-րդ օրն է, որ տեղի կ՛ունենայ հանրահաւաք իշխանութեան հրաժարականի պահանջով: Հանրահաւաքը սկսաւ Արցախի իրավիճակի քննարկումով:

«Ընդհանրապէս անոնք պետութեան ընելիքներն են, բայց քանի որ այսօր մենք պետութիւն չունինք, պետութիւնը անգլուխ է եւ պետութեան գլուխի տեղը դրուած է լրիւ ուրիշ իր մը, մենք ստիպուած ենք այդ խնդիրներուն մէկ մասը մենք ստանձնել: Մենք` այս երկրի պատասխանատու քաղաքացիներս, որոնք հաւաքուած են այստեղ», ըսաւ Ազգային կոմիտէի անդամ Աւետիք Չալաբեանը:

«Նիկոլ Փաշինեանը ձախողեցուցած է մեր ամբողջ արտաքին քաղաքականութիւնը, յանձնած է Արցախը, այնպէս ըրած է, որ մենք մինակ մնանք թուրքին ու ազրպէյճանցիին դիմաց, քանդած է մեր բանակը, մեր փառապանծ զօրավարները նստեցուցած է բանտերը ու այդքանէն ետք կը համարձակի ըսել, որ այստեղ կանգնած հայրենասէրները մեր երկրի անկախութեան վնաս կը հասցնեն», հանրահաւաքի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան ուղերձին արձագանգելով` իր ելոյթին մէջ ըսաւ Ազգային կոմիտէի անդամ Հայկ Մամիջանեան:

Հանրահաւաքին ժամանակ իրենց խօսքին մէջ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները յայտարարեցին, որ իրենք միացած են դասադուլին. «Մեզի խոստացած էին խաղաղութիւն, բայց բերին պատերազմ` երեք պատերազմ երեք տարուան ընթացքին: Մենք կը հրաժարինք այս իրականութենէն, մենք չենք կրնար հանգիստ նստիլ դասի, երբ մեր երկիրը կը տանին կործանման, լսարանը ապաստարան չէ, դո՛ւրս եկուր դասադուլի, դո՛ւրս եկուր պայքարի», ըսին անոնք:

Ազգային կոմիտէի անդամ Վազգէն Մանուկեան իշխանափոխութեան համար պայքարող քաղաքական ուժերուն համերաշխութեան ու միասին գործելու կոչ ուղղեց:

«Ներեցէք իրարու, ձեռք-ձեռքի տուէք, զիրար լրացուցէք: Ես պատրաստ եմ կոմիտէի անդամներուն հետ հանդիպելու քաղաքական ուժերուն հետ: Թող գան, միայն համերաշխութեամբ կարելի է լուծել հարցը», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային կոմիտէի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց այսօրուան ընելիքները:

Անհնազանդութեան բողոքի  գործողութիւնները պիտի սկսին այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-էն:

«Մեր միակ պաշարը դուք էք` հայ մարդը: Մենք ոչ ոստիկանութիւն ունինք, ոչ զինուած խումբեր ունինք, ոչ ալ օտարերկրեայ գործակալներ ենք եւ կը ֆինանսաւորուինք որոշ մարդոց կողմէ: Այս փոփոխութիւնը մենք պէտք է ընենք մեր ուժերով` մեր խումբը աւելցնելով: Մենք պէտք է դուրս գանք փողոց, անհնազանդութեան մակարդակը հասցնենք աստիճանի մը, երբ իշխանութիւնը ծունկի գայ: Վերջնական փոփոխութեան հասնելու համար մենք մէկզմէկու անհրաժեշտ ենք ոչ միայն այս հանրահաւաքին, այլ նաեւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին` բուն գործողութիւններուն սկսելու համար», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեանը:

Ան նաեւ անդրադարձաւ մարզերուն մէջ բողոքի ցոյցեր իրականացնող քաղաքացիներու գործողութիւններուն եւ նշեց, որ այսօր նոյնպէս պէտք է շարունակել այդ ցոյցերը:

«Հանրապետութեան գլխաւոր մայրուղիները կը փակէք եւ կ՛անդամալուծէք պետական վարչամեքենայի գործունէութիւնը: Մարզերու ցոյցերը կ՛ուժեղացնեն Երեւանը, իսկ Երեւանի ցոյցերը` մարզերը»:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն ետք քաղաքացիները երթով շարժեցան դէպի ոստիկանութիւն:

Քաղաքացիները վանկարկեցին «Արցախ», «Արցախ», «Արցախ»:

Comments are closed.