Ազգային Ժողովի Խորհուրդը Մերժեց Արտահերթ Նիստ Գումարելու Ընդդիմութեան Առաջարկը
Ազգային ժողովի խորհուրդը յունիս 10-ին մերժեց ընդդիմութեան միջնորդութիւնը` արտահերթ նիստ հրաւիրելու եւ քննարկելու կառավարութեան հրաժարականի ու նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու առաջարկը:
Երէկ աւելի կանուխ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները միջնորդութիւն ներկայացուցած էին Ազգային ժողով` պահանջելով արտահերթ նիստ գումարել: Ընդդիմադիր պատգամաւորները միջնորդութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշած էին, թէ կառավարութիւնը տապալած է 2021-2026 թուականներու ծրագիրները, նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու փոխարէն շրջանը հայաթափուած է, «Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը անմիջական սպառնալիքի տակ է», որ «գործող կառավարութիւնը ձախողած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան, անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան առումով»: «Պահը հրամայական է, որ պետութեան կառավարումը, քաղաքական համաձայնութեամբ, խաղաղ եւ անցնցում կերպով ստանձնեն արհեստավարժ, հանրային հեղինակութիւն ունեցող փորձառու անձեր», կը նշուի միջնորդութեան մէջ:
Ազգային ժողովի խորհուրդին կողմէ ընդդիմութեան միջնորդութեան մերժուելէն արդէն 5 աշխատանքային օրեր ետք, այսինքն` 17 յունիսի ժամը 18:30-ին, օրէնքի ուժով կը գումարուի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ: «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի անդամ Հայկ Կոնջորեան լրագրողներուն ըսաւ, որ իրենց խմբակցութիւնը 17 յունիսին պիտի չմասնակցի արտահերթ նիստին` աւելցնելով, որ իրենք նման օրակարգ չունին: Սա կը նշանակէ, որ իշխանութիւնները կը պատրաստուին տապալել նաեւ այդ նիստը:
Խորհրդարանի խորհուրդի նիստին կը մասնակցէին ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու ղեկավարները` Սէյրան Օհանեան եւ Հայկ Մամիջանեան: Ինչպէս Սէյրան Օհանեան նշեց, նիստի ընթացքին իրենց միջնորդութիւնը մերժելով իշխանութիւնը որեւէ հիմնաւոր պատճառ չէ նշած:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞նք պիտի ըլլան իրենց հետագայ քայլերը` հաշուի առնելով, որ իշխանութիւնը նաեւ կը ծրագրէ տապալել 17 յունիսին կայանալիք արտահերթ նիստը, Մամիջանեան պատասխանեց, որ մինչեւ 17 յունիս տակաւին ժամանակ կայ եւ թերեւս որոշակի գործընթացներ տեղի ունենան:
Comments are closed.