Ազգային Ժողովին դիմաց բողոքի հաւաք
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի աւարտին խօսած է Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն մասին` նշելով, որ պէտք է երթալ անոնց լուծման:
«Ես իմ վրաս վերցուցած եմ պատասխանատուութիւն` երթալու ծանր որոշումներու` յանուն խաղաղութեան: Բայց «ծանր որոշումները» չեն նշանակեր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն հակասող որոշումներ: Մենք այդ որոշումներուն պիտի երթանք երաշխաւորելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, տեւական կայունութիւնը, խաղաղութիւնը:
«Մենք չենք կրնար այսօր վերնագիրներու տակ գրել «խաղաղութեան պայմանագիր», տակը ստորագրենք, որմէ 6 ամիս ետք պատերազմ սկսի:
«Մենք կ՛ուզենք ստորագրել թուղթ մը, որուն հետեւանքով մեզ բազմաթիւ մարդիկ պիտի քննադատեն, բազմաթիւ մարդիկ պիտի հայհոյեն, բազմաթիւ մարդիկ դաւաճան պիտի ըսեն, նոյնիսկ ժողովուրդը կրնայ որոշել մեզ իշխանութենէ հեռացնել, նորէն գոհ ու շնորհակալ կ՛ըլլանք, որ ատոր շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29.800 քառ. քմ տարածքով ստանայ տեւական խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն:
«Ես շատ յստակ կ՛ըսեմ` այն որոշումը, որ սա պիտի ապահովէ, ես այդ որոշումը, շատ յստակ կ՛ըսեմ, պիտի ստորագրեմ: Ու ինծի չի հետաքրքրեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետոյ ինծի հետ, ինծի կը հետաքրքրէ այն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ», ըսած է ան:
Փաշինեանի այս յայտարարութենէն ետք հազարաւոր հայորդիներ ինքնաբուխ կերպով փողոց իջան եւ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջեցին:
Մինչեւ կէս գիշերէն ետք բողոքող ցուցարարները ողողած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտան եւ Ազգային ժողովին դիմաց:
Համախմբումներ ստեղծուած էին նաեւ հանրապետութեան միւս շրջաններուն մէջ: