Աբրահամ Գասպարեանը ազգի երկնակամարին վրայ չխամրող ասուպ մըն է
301
0
Քստմնելի արարքը՝ հանրային գործիչ Աբրահամ Գասպարեանի հանդէպ, ահազանգային ցուցանիշ է, որ ամէն տեսակի արժեհամակարգ փլած է Հայաստանի իշխանաւոր խունթային մօտ: Եթէ կը կարծուի, որ Աբրահամի նման այրուձիի մը կարելի պիտի ըլլայ խորտակել, ահաբեկել իր պայքարունակ կամքը եւ չորցնել իր մէջ ամրակայուած ազգային գաղափարախօսական հաւատքի ակունքները, այս գործընթացին հաւատացողները շատ կը սխալին անտարակոյս:
Իր անցեալի վարքով այնքա՜ն խօսուն փաստեր ներկայացուցած է Աբրահամը, որ դոյզն իսկ կարելի չէ պատկերացնել, թէ Աբրահամը նահանջող նկարագրի տէր կրնայ դառնալ, անսալով բռնազբօսիկ, կիրառուած ահազդեցիկ միջոցներու: Սկսած ոստիկաններու այցելութենէն իր ARMNEWS-ի վաղեմի տաղաւարին, ուր համաճարակի օրերուն սպառնացին իրեն՝ բերնի ծածկոյթ չգործածելուն պատճառաւ իր սփռումներուն ընթացքին, կամ Արցախի ահագնացող պատերազմին իր առաջին գիծերու վրայ գտնուելուն հանգամանքը, նաեւ միջազգային հանրային կարծիքին ներկայացուած իր յանդուգն ելոյթները, որոնց միջոցաւ կը ձգտէր բացատրել արցախահայութեան իրաւացի պայքարի խնդիրներն ու փարատել իսլամական աշխարհի այն թիւր ըմբռնումը, թէ ընդհարումներու տուն տուող պատճառները կրօնական բնոյթ ունին:
Աբրահամի տեսակը, ո՛չ միայն լրատուական-բանասիրական մասնագիտութեան անմրցելի օրինակ մըն է, վրան պէտք է գումարել քաղաքական հասուն գործիչի, յանձնառու եւ գաղափարի անսասան մարտիկի բոլոր բարեմասնութիւնները: Այս բոլոր առաքինութիւններով օժտուած ասպետը կարելի՞ է ջախջախել: Միայն մէկ միջոց կը մնայ՝ ֆիզիքապէս չքացնել զինք եւ վերջ տալ իր մէջ կուտակուած ժառանգութեան ու յանձնառու առաքելութեան, որ անտարակոյս՝ այլ Աբրահամներու ճիտին պարտքը պիտի դառնայ եւ պիտի՛ չշոգիանայ:
Հետեւաբար, ի զուր կը պայքարի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը, իր բոլոր աճպարարական ելոյթներով ու (Hysteric) ջղացնցական ճգնաժամերու դրսեւորումներով, որոնք կու գան փաստելու, որ կացութեան տիրութիւնը կորսնցուցած եւ փողոցային վարքագիծով «քաղաքական պատասխանատու»ի հետ գործ ունինք: Այդ պարագային, միայն այդ լեզուով պէտք է պատասխանել մէկու մը, որ դեռ մօտիկ անցեալին Մարտ 6-ի դէպքերու հրահրման իր ազդերը մեր ականջներուն մէջ կը ֆշշայ: Նոյն այդ արկածախնդրութեան դիմողը, այսօր ե՛ւս մեկնած իր դիւային մտքի հիւսուածքին արքասիքէն, թունաւոր մաղձի սրսկումով պիտի շարունակէ թունաւորել հանրային կարծիքը, բիրտ միջոցներու գործածութեան հրամանը տալով, անշուշտ այս օրերուն դերեը շրջուած իրավիճակով Մարտ 6-ի օրերէն:
Կարող են մարդիկ խախտել լեռներին,
Ու բազկի ուժով սանձել գետերին,
Բայց ո՞վ է կարող
Ժամանակների վճիռը եղծել,
Եւ դիւցազնութեան կապոյտ երկնքում
Շողացող աստղին վարագոյր քաշել…
Հողմերը կաղնիի արմատները աւելի կ’ամրապնդեն:
Աբրահամը ազգի երկնակամարին վրայ չխամրող ասուպ մըն է:
Պի՛նդ ենք մնալու:
Ժան Հալլաճեան
Թոորնթօ, 13 Յունիս 2024
Comments are closed.