Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները աջակցութիւն կը յայտնեն Էմանուէլ Մակրոնին

Լուսանկար. Կեդրոնը Մաքրոն, Մու­րատ ­Փա­փա­զեանի եւ Ա­րա ­Թո­րա­նեանի հետ ծաղկեպսակ կը զետեղէ Փարիզի Կոմիտասի յուշարձանին մօտ

Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի  հա­մա­նա­խա­գահ­ներ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան եւ Ա­րա ­Թո­րա­նեան, ­Մակ­րո­նին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կի մը մէջ, կը նշեն, որ խոր­հուր­դը պի­տի սա­տա­րէ ­Մա­յիս 7ին կա­յա­նա­լիք Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւն­նե­րու երկ­րորդ փու­լին En Marche! շարժ­ման ա­ռաջ­նորդ Է­մա­նո­ւէլ ­Մակ­րո­նին: «­Կը ցան­կանք ող­ջու­նել ­Փա­րի­զի մէջ Ապ­րիլ 24ին ձեր կա­տա­րած այ­ցը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձան եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել, որ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­ցիք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէ­կու­կէս մի­լիոն զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: ­Ձեր քայ­լը լիո­վին կը տե­ղա­ւո­րո­ւի ձեր ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թեան գի­ծին մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ապ­րիլ 24ը հան­րա­պե­տու­թեան օ­րա­ցոյ­ցին մէջ նե­րա­ռե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան մէջ: Ա­նի­կա կը վկա­յէ զո­հե­րու հա­մար ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջին ձեր նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան մա­սին` զո­հեր, ո­րոնք «են­թար­կո­ւած են 20րդ ­դա­րու ա­մե­նա­դա­ժան կո­տո­րած­նե­րէն մէ­կուն»,- ինչ­պէս նշած էր Ա.Մ.Ն. նա­խա­գա­հը: «Ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան ու մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու այս հար­ցը, ո­րուն շուրջ մեծ պայ­քար կ­՛ըն­թա­նայ, պաշտ­պա­նու­թեան կա­րիք ու­նի, մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­մար­ձակ յա­ռա­ջըն­թա­ցին ու ար­ժէք­նե­րուն նո­ւի­րուած պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կա­րի­քը:

«Այս հար­ցով ձեր ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը, Ապ­րիլ 24ին ձեր կա­տա­րած քայ­լը, ձե­զի հետ ու­նե­ցած մեր հան­դի­պու­մը, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի հետ կա­պո­ւած ձեր ար­տա­յայ­տած դիր­քո­րո­շու­մը, ինչ­պէս նաեւ Ֆ­րան­սա­յի դիր­քե­րու վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղո­ւած ձեզ ա­ռաջ­նոր­դող ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան սկզբունք­նե­րը մեզ կը հա­մո­զեն, որ դուք այդ­պի­սի գոր­ծիչ էք: ­Մենք եւս հա­մո­զո­ւած ենք, որ միա­ւո­րու­մը, ա­ւան­դա­կան պա­ռակ­տում­նե­րէն ա­ռաջ անց­նիլն է, որ մե­զի թոյլ կու տան յաղ­թա­հա­րե­լու ճգնա­ժա­մե­րը: «­Նոյն այդ պատ­ճա­ռով ալ այս նա­մա­կով կը ցան­կանք մեր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել ձե­զի յա­ռա­ջի­կայ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն»,-  նշո­ւած է նա­մա­կին մէջ: Է­մա­նո­ւէլ ­Մակ­րո­նին իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած էր նաեւ Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.