Ֆրանսայի Ծերակոյտը Որոշած Է Քուէարկութեան Ներկայացնել Արցախի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Անհրաժեշտութեան Մասին Բանաձեւի Նախագիծ

Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին կոչը ընդունելէ քանի մը ժամ ետք, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը որոշում տուած է քուէարկութեան ներկայացնել «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան:

«Անիկա ստորագրած են Ծերակոյտի առաջին մեծագոյն 5 քաղաքական խմբակցութիւններու նախագահները, ինչ որ կը խորհրդանշէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Արցախի անկախութեան մասին համընդհանուր միաձայնութիւնը», նշած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.