Օթթաուայի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅԴ «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէութիւնը

«Հորիզոն».- Գանատայի մէջ կայացած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի նոր միաւորին՝ ՀՅԴ «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէութեան։ Հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւն, որմէ ետք շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեան, որ յայտնեց, թէ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, Հայաստանի ազատագրութեան դատին ու Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութեան նուիրեալ ընկեր Վահան Յովհանիսեանի անունով կը կնքուի նոր կոմիտէութիւնը։

Ընկեր Վահան Յովհաննիսեան 1990ին ընտրուած է ՀՅԴ Հայաստանի առաջին Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ գործուղուած է Արցախ, ուր մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման աշխատանքին։ 1992ին ան ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: 1999-էն մինչեւ իր մահը եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: Ընտրուած է ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ երկու անգամ վարած է Ազգային ժողովի փոխ-նախագահի պաշտօնը: 2013ին նշանակուած է Գերմանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան։ Մահացաւ 2014ի Դեկտեմբեր 28ին։

Նշենք, որ ընկեր Վահան Յովհանիսեան 1992ին այցելած է Գանատա։ 1992 թուականի Փետրուար 11ին, ՀՅԴ Հայաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ պարոնուհի Գարոլայն Գոքսի եւ Զօրի Բալայեանի ընկերակցութեամբ՝ Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու եւ Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկուած է Արցախի հիմնահարցը։

Գանատայի մէջ առաջին կոմիտէութիւնը հիմնուած է 1902-ին Պրանթֆըրտի մէջ։ Այսօրուան դրութեամբ Գանատայի մէջ ՀՅԴ կոմիտէութիւններ կը գործեն Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Լաւալ, Վանգուվըր, Գէմպրիճ, Համիլթըն, Ուինծըր, Սէնթ Գաթրինզ եւ Օթթաուա քաղաքներուն մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.