Քրիստոնէութիւն եւ ազգասիրութիւն
Վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Կար ժամանակ մը մեր ազգային կեանքին մէջ, երբ կարգ մը հայեր այն սխալ ըմբռնումը ունէին, թէ Քրիստոնէութիւն եւ ազգասիրութիւն մէկտեղ չեն զուգընթանար, մէկը միւսին կը հակասէ: Գտնուեցան կարգ մը ազգայիններ, որոնք կրօնքի եւ եկեղեցիի դէմ պայքար մղեցին: Միւս կողմէ, գտնուեցան կարգ մը հայ քրիստոնեաներ, որոնք պնդեցին, թէ Քրիստոնէութիւնը աղերս չունի ազգային հարցերու հետ: Անոնց տեսակէտը այն էր, որ Քրիստոնէութեան պաշտօնն է մարդոց հոգիները փրկել մեղքի կապանքներէն եւ զանոնք պատրաստել անդենական կեանքին: Անոնց համոզումը շատ չէր տարբերեր հին եկեղեցական հայրերէն Տերտիւղիանոսի աշխարհայեացքէն, որ սովոր էր ըսելու. «Ի՞նչ գործ ունի Քրիստոս Պղատոնի հետ կամ Երուսաղէմ Աթէնքի հետ»: Ներկայիս ալ այս մտայնութիւնը ունեցող շատ քրիստոնեաներ կան, որոնք կը հաւատան, թէ քրիստոնեայ մը միայն քրիստոնէական հարցերով հետաքրքրուելու է:
Վերոյիշեալ երկու ծայրայեղ մտայնութիւններն ալ սխալ են: Կրօնք եւ ազգ իրարու հակառակորդ չեն, իրարու չեն հակասեր: Ընդհակառակը, ազգեր իրենց կրօնքներն ու կրօնական համոզումներն ունին: Մարդոց կեանքը միութիւն մըն է, անոնց կեանքը տարբեր դասակարգերու ներքեւ չի դրուիր: Այլ խօսքով, եթէ մէկը քրիստոնեայ է, Քրիստոս իր կեանքին Տէրն է ամէնուրեք, տան մէջ, ինչպէս նաեւ գործի աշխարհին մէջ, իր անհատական ինչպէս նաեւ իր հաւաքական կեանքին մէջ, Կիրակի օր, ինչպէս նաեւ շաբթուան եօթը օրերուն ալ: Թէեւ մարմին եւ հոգի իրարմէ կը տարբերին իրենց պաշտօնով, բայց ամբողջութիւն մը կը կազմեն: Կարելի չէ հոգին անջատել մարմինէն, եթէ կեանքը պիտի շարունակուի: Ժողովուրդի մը կեանքն ալ ամբողջութիւն մըն է: Անոր կրօնքը անջատուած չէ իր հաւաքական կեանքէն:
Հասկնալու համար թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս եւ որքանո՛վ քրիստոնեայ մը իր ազգին հարցերով զբաղելու է, հարկ է թերթատել Աստուածաշունչի էջերը եւ սերտել Ս. Գրական դէմքերու, մարգարէներու, առաքեալներու եւ սուրբերու կեանքը: Այդ տեսակ սերտողութիւն մը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս անոնց կեանքերը անքակտելիօրէն կապուած են իրենց հաւաքական եւ ազգային կեանքին հետ: Օրինակի համար, երբ կը սերտենք Մովսէսի, Եսայիի, Երեմեայի, եւ Ամովսի կեանքերը, որոշապէս կը տեսնենք, թէ անոնք ոչ միայն կրօնասէր, այլ նաեւ ազգասէր մարդիկ էին: Այսպէս, եթէ առնենք յիշեալ մարգարէներու աէենէն ականաւորը՝ Մովսէս մարգարէն, Եբրայական կրօնի ռահվիրան, այն եզրակացութեան կը յանգինք, թէ Մովսէս ոչ միայն հաւատքի տիտան մըն էր, այլ նաեւ ճշմարիտ ազգասէր ու հայրենասէր մարդ մը, որուն սրտէն ոչ ոք կրցաւ մարել ազգասիրութեան բոցավառ կայծը, ո՛չ փառաւոններու շողշողուն գահը, ո՛չ ալ եգիպտական արքունիքի ընծայած փառքն ու պատիւը: Մովսէս աւելի մեծ պատիւ ու պերճանք համարեց իր չարչարուած ժողովուրդին ծառայել, քան թէ փառաւոնի մը գահաժառանգը ըլլալ:
Նմանապէս, եթէ սերտելու ըլլանք Նոր Ուխտի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Պօղոս Առաքեալի կեանքը: Հոն կը տեսնենք, թէ այս հաւատքի հերոսը իր ազգին սիրով տոգորուած կը գրէ. «Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ» (Հռոմ. 10.1): Պօղոս յօժար էր իր ազգին համար նզովուիլ: Այսպէս կը գրէ ան. «Ես ինքս կը փափաքէի նզովուիլ Քրիստոսէն, մարմնի կողմէ իմ եղբայրներուս ու ազգականներուս համար, որոնք Իսրայէլացի են» (Հռոմ. 9.3):
Գաղափար մը ունենալու համար, թէ կրօնասէր մարդ մը որքան կրնայ սիրել իր ազգն ու հայրենիքը, հարկ է կարդալ 137-րդ Սաղմոսը, ուր հայրենաբաղձ Սաղմոսերգուն հայրենիքի կարօտով տոչորած ի խորոց սրտի կը գոչէ. «Ով Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ. թող իմ լեզուս քիմքիս փակչի եթէ քեզ չյիշեմ» (Սաղմ. 137.5-6):
Կրօնք եւ ազգ զիրար չեն հակասեր, թշնամի չեն իրարու, այլ ընդհակառակը՝ կրօնքը կը բարձրացնէ, կ’ազնուացնէ ազգի եւ հայրենիքի սէրը եւ կը մշակէ մարդուն մէջ անձնուրաց սիրոյ եւ անձնազոհութեան հոգի, որ մարդ մը կարենայ զոհուիլ իր ազգին եւ հայրենիքին համար: Կրօնքը կը մշակէ մարդուն մէջ ճշմարտութեան եւ իտէալի համար զոհողութեան ոգին, եւ ազգասիրութիւնը այն ազնուագոյն իտէալն է, որուն պէտք է նուիրուին բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն իրենց կրօնքն ու ազգը:
Ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդին, որոշապէս Քրիստոնէութիւնը խիստ բախտորոշ դեր ունեցաւ մեր ազգային, քաղաքական, ընկերային, ընտանեկան եւ մշակութային կեանքին մէջ: Հայ Քրիստոնէութիւնը օժտեց հայ ազգը այբուբենով, իր լեզուն արտայայտելու ուրոյն նշանագիրերով, որ զօրեղ միջոց մը հանդիսացաւ մեր ազգային գոյութիւնը մշտնջենաւորելու եւ զայն հաստատ վէմի վրայ դնելու:
Հայ եկեղեցին իբրեւ քրիստոնէական ընտիր դաստիարակութիւն ջամբող հաստատութիւն, դարեր շարունակ դարձաւ հայ ժողովուրդի մէջ քրիստոնեայ նկարագիր կերտող ուժեղ ազդակ մը: Հայ եկեղեցին նաեւ եղաւ հզօր ազդակ մը հայ ազգին քաղաքական կեանքի ղեկավարման մէջ: Երբ պետութիւն ունեցանք՝ ան գործեց պետութեան հետ ձեռք ձեռքի: Իսկ երբ մեր պետութիւնը կորսնցուցինք, ան ստանձնեց հայ ժողովուրդի հոգածութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն:
Ես կը հաւատամ, թէ ամէն հայ աստուածային նախախնամական կարգադրութեամբ է, որ հայ ծնած է: Իր հայ ծնած ըլլալը պատահականութեան կամ արկածի արդիւնք չէ: Արդ, Աստուծոյ կամքն է, որ ամէն մարդ իր ինքնութիւնը պահէ: Աստուծոյ կամքն է նաեւ, որ ամէն հայ իր ինքնութիւնը պահէ. այսինքն, իր հայ ապրելով եւ իր հայ մնալով զԱստուած պաշտէ, Քրիստոսի եւ իր ազգին ծառայէ: Աստուածոյ կամքն է, որ Իր ստեղծած արարածները հաւատարիմ ըլլան իրենց ազգին:
Ես կը հաւատամ, թէ ամէն հայ քրիստոնեայ իր անձնական ներաշխարհէն զատ ունենալու է նաեւ ազգային մտահոգոթիւններու աշխարհ մը: Ամէն հայ, ո՛ւր որ ապրի, Արարատը ունենալու է իբրեւ իր անփոխարինելի փարոսը:
Ես կը հաւատամ, թէ ամէն հայ քրիստոնեայ պէտք է իրազեկ ըլլայ այն իրողութեան, որ այս մոլորակի որեւէ երկնակամարի ներքեւ՝ ան կը պատկանի հայ ազգին եւ անբաժանելի մասնիկն է անոր: Գիտակից հայեր, ուր որ ալ ապրին, կապուած են իրարու հայրենիքով, մշակոյթով եւ ճակատագրով:
Ես կը հաւատամ, թէ հայ քրիստոնեային հաւատքն ու ազգասիրութիւնը երբեք չեն հակասեր իրարու, հապա միատեղ կը գործակցին եւ անոր կեանքը կ’ամբողջացնեն:
Comments are closed.