Քննադատելով Դաշնակցութիւնը. Արա Պապեանի նորագոյն անլրջութիւնները

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հինգշաբթի, մայիս 17ին, Փաստ կէտ Էյ. Էմ կայքէջի լրագրողներէն Արմինէ Գրիգորեան յօդուածի ձեւաչափով հարցազրոյց մը լոյս ընծայած է նախկին դեսպան, «Մոտիւս վիւենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանի հետ, որ կը զարգացնէ այն միտքը, որ Դաշնակցութիւնը «պէտք է ինքնամաքրուի»՝ եթէ կ՛ուզէ տեղ գրաւել յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ։

Մէկդի դնելով այն հանգամանքը, թէ ԱԺ-ի յառաջիկայ ընտրութիւնները ե՞րբ ու ի՞նչ պարագաներու տակ կրնան տեղի ունենալ, անցնինք բուն նիւթին։ Արա Պապեան բառացիօրէն կ՛ըսէ (կը մէջբերենք ամբողջութեամբ). «Կարծում եմ, որ ազգային գաղափարախօսութիւն ունեցող կուսակցութեան ներկայութեան կարիք ունենք խորհրդարանում, չնայած վերջին շրջանում Հ.Յ.Դ.ն բաւականին հեռացել է իր գաղափարախօսութիւնից (Վ.Բ.- Այսինքն… ազգային գաղափարախօսութենէն) սակայն այն աւանդաբար շարունակում է ընկալուել որպէս այդպիսին։ Եւ վերլուծելով անցած ընտրութիւնների արդիւնքները, պարզ է դառնում, որ նրանք մի կերպ յաղթահարել են 5 տոկոսանոց անցողիկ շեմը։ Դրան եթէ աւելացնենք, որ խորհրդարան են անցել իշխանութեան աջակցութեամբ, այսինքն նրանց օգտին ձայներ լցոնելու միջոցով, ապա պարզ է դառնում, որ այս անգամ կարող է ընդհանրապէս չկարողանան խորհրդարան անցնել։ Բացի այդ, վերջին իրադարձութիւնների հետեւանքով, Դաշնակցութիւնը կրկին ե՛ւ հետեւորդներ է կորցրել, ե՛ւ ձայներ ու, բնականաբար,, պէտք է այս ամէնից հետեւութիւններ անեն»։

Արա Պապեան անհիմն ու մերկապարանոց յայտարարութիւններ կ՛ընէ հոս. օրինակի համար, երբ կ՛ըսէ, թէ «… վերջին շրջանում Հ.Յ.Դ.ն բաւականին հեռացել է իր գաղափարախօսութիւնից», ոչ մէկ հիմնաւորում կու տայ իր հաստատումին համար։ Անկախ անկէ, թէ ի՞նչ նկատի ունի «վերջին շրջանում» ըսելով, Պապեանի համար «ազգային գաղափարախօսութիւն» ունեցող Դաշնակցութիւնը «բաւականին հեռացել է» իր գաղափարախօսութենէն… Իսկ թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ ապացոյցներու հիման վրայ՝ այդ մասին ոչ մէկ բան կ՛ըսէ ան։

Նոյնքան անհիմն ու ծիծաղելի է իր այն պնդումը, թէ վերջին ընտրութիւններուն Հ.Յ.Դ.ն ԱԺ մտած է «իշխանութեան աջակցութեամբ», որովհետեւ այս վերջինները «ձայներ լցոնած» են ի նպաստ Դաշնակցութեան։

Արա Պապեան պարզապէս կը ստէ ու կը փորձէ իր լսարանը մոլորեցնել, որովհետեւ ԱԺ-ի գէթ վերջին ընտրութիւններուն քուէաթուղթերու «լցոնման» ոչ մէկ փաստ արձանագրուած էր տեղական ու միջազգային դէտերու կողմէ։ Այս իմաստով ալ, ընտրութիւնները հիմնովին կը տարբերէին նախորդներէն՝ միջազգային կամ տեղական բոլոր դէտերուն կողմէ։ Այնպէս որ, իր այս պնդումները, ապացոյցէ զուրկ ըլլալով, ոչ մէկ լուրջ քննարկումի կը դիմանան։

Իսկ լրագրող Արմինէ Գրիգորեան իր կարգին կը շարունակէ ըսելով, որ Հ.Յ.Դ.ն գործընկերային յարաբերութիւններ ունենալով ՀՀԿին հետ, «նախ դատապարտեց ժողովրդային շարժումը, սակայն երբ թաւշեայ յեղափոխութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, հրաժարուեց ՀՀԿ-ից» եւ սատարեց Ն. Փաշինեանին։

Աժան-կարապետ ու փողոցային հաստատում մը եւս, որովհետեւ Հ.Յ.Դ.ն ոչ մէկ ատեն դատապարտեց ժողովրդային շարժումը. ճիշդ է, ըսուեցաւ, որ փողոց փակելը արգելք պիտի չդառնայ, որ պատգամաւորները խորհրդարան հասնին, սակայն ոչ մէկ ատեն դատապարտումի խօսք եղած է ժողովրդային շարժումի հասցէին։ Դատապարտելը լուրջ, շատ լուրջ քաղաքական կշիռ ունեցող կեցուածք է ու կարելի չէ այդ ուղղութեամբ մերկապարանոց բառակոյտեր հիւսել, տիկնայք եւ պարոնայք։ Կը բաւէ հետեւիլ այդ օրերուն Դաշնակցութեան մարմիններուն կամ պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած բոլոր յայտարարութիւններուն, ու հոն պիտի գտնէք միայն օրուան լրջութեան ու ծանրակշիռ հանգամանքին յարիր քաղաքական կեցուածք։ Ոչ աւելի, ոչ պակաս։ Բարեբախտաբար, այդ բոլոր յայտարարութիւնները բառացիօրէն լոյս տեսած են տպագիր կամ եթերային մամուլին մէջ, հետեւաբար, կրկնելու կարիքը չենք զգար։ Մանաւանդ որ կը խօսինք միայն քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին եւ ոչ թէ, ըսենք, Արտաշիսեան հարստութեան կամ Արգիշտի թագաւորի օրերու եղելութիւններուն մասին…

Դառնանք դարձեալ Պապեանին։

Ան կը շարունակէ ըսելով, որ «անկեղծ ասած», չէ հասկցած «թէ ինչու սկզբում դժգոհութեան «կրակն» իրենց վրայ վերցրեցին, յետոյ հրաժարուեցին ՀՀԿ-ի հետ համագործակցութեան յուշագրից, ապա անցան ժողովրդային շարժման կողմը», եւ այլն։

Թէ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ «քոալիցիայէն», այդ մասին թէ՛ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, թէ՛ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան եւ ուրիշ պատասխանատուներ բազմիցս եւ շատ յստակօրէն բացատրած են. ըսելով, որ նոյնինքն այդ համաձայնագրով (ու ոչ թէ յուշագրով) հաստատուած է, թէ կողմերը պարտաւոր են իրարու հետ համաձայնեցնելու իրենց առնելիք քայլերը. հետեւաբար, այդ տագնապալի օրերուն, երբ ՀՀԿ-ն ընթացաւ միանձնեայ որոշումերու ճամբով (առանց առնելու իր գործընկեր Հ.Յ.Դ.ի համաձայնութիւնը), Դաշնակցութիւնը բնականաբար չէր կրնար պատասխանատու համարուիլ հաւանական աննախատեսելի դէպքերուն համար։ Առաւել եւս, դէպքերու թաւալգլոր ու ժամ առ ժամ յարափոփոխ ընթացքը անակնկալ կացութիւններով յղի էր, որոնց նկատմամբ ինքնուրոյն պատկերացումներով քայլեր առնելու հարկադրանքին տակ էր Հ.Յ.Դ.ն։ Նաեւ, տրուած ըլլալով, որ քաղաքական կեանքի մէջ քաղաքական ուժերու միջեւ որեւէ գործակցութիւն կաթոլիկ ամուսնութեան չի նմանիր, Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ «քոալիցիոն» կառավարութենէն։

Փաստը այն է, որ Սարգսեան-Փաշինեան հանդիպումի ձախողութիւնը ու ատոր յաջորդած դէպքերը կրնային մեր երկիրը առաջնորդել այնպիսի ծանրակշիռ կացութեան, որուն քով Մարտի 1ը կրնար միայն խաղուպար համարուիլ ու այդ ծանրակշիռ իրադրութեան առաջքը կարելի եղաւ առնել շնորհիւ թէ՛ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ թէ՛ «քոալիցիայէն» դուրս եկած Հ.Յ.Դաշնակցութեան միջնորդութիւններուն։

Արա Պապեան գո՞հ է Դաշնակցութեան այս դերակատարութենէն, դժգո՞հ է, մեզի համար ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ։ Մենք գիտենք, թէ այդ օրերուն ինչ պէտք էր ընէինք, ու ըրի՛նք՝ ըստ մեր քաղաքական համոզումներուն եւ սկզբունքներուն։ Այսինքն, կարելի եղածին չափ երկիրը զերծ պահել անհարկի ցնցումներէ եւ վտանգաւոր զարգացումներէ։

Հիմա գանք Պապեանի միւս տեսակէտներուն, ըստ որոնց Դաշնակցութեան այս վարքագիծը պատճառ դարձած է, որ իր «վարկանիշը բաւականին անկում ապրեց (Վ.Բ.- Նոր Ահարոն Ադիբէկեա՞ն…)։ Եթէ այս ամէնից Հ.Յ.Դ.ի ղեկավար կազմում տեղի չունենան արմատական փոփոխութիւններ եւ ներկայ ղեկավարութիւնը հրաժարական չտայ, ապա վարկանիշի առումով որեւէ դրական տեղաշարժ տեղի չի ունենայ»։
Հիմա ինչպէ՞ս «երախտապարտ» չըլլալ Արա Պապեանին, որ գիշերները քունը փախցուցած, մտահոգ է ու կը տոչորի մեր վարկանիշով, մտահոգ է Դաշնակցութեամբ եւ մեզի ցոյց կու տայ… մեր վարկանիշը բարձրացնելու միջոցը՝ ղեկավարութեան հրաժարական։ Մինչդեռ ինք պէտք է լաւ գիտնայ, թէ Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ ու բազմատեսակ տագնապներու մէջ կոփուած, ունի համապատասխան կառոյց, հաշուետուութեան համապատասխան մեքանիզմներ, օրէնսդիր ժողովներ, ուր անկաշկանդ կերպով կը քննարկուին բոլո՛ր հարցերը։ Պէտք կա՞յ յիշեցնելու իրեն, թէ դաշնակցական գերադաս ժողովներն են, որոնք ատակ ու ի վիճակի են ռազմավարութիւն, վարքագիծ ճշդելու եւ յառաջացնելու համապատասխան գործադիր մարմիններ ու այս ուղղութեամբ իր կամ իր նմաններուն օգնութեան բնաւ կարիքը չենք զգար, փառք աստուծոյ…

Դեռ չվերջացաւ։ Պապեան կը շարունակէ. «Ես ուզում եմ յատկապէս շեշտել, որ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնում կան բազմաթիւ հայրենանուէր ու գաղափարական անձնաւորութիւններ, որոնց մի մասը դուրս է եկել կամ վտարուել է կուսակցութիւնից»։ Պարոն Պապեանին յիշեցնենք, որ դաշնակցականները իր բարենիշներուն կարիքը չունին ու ինք չէ, որ պիտի ճշդէ մեր հայրենանուէր, կամ գաղափարապաշտ նկարագիրը։ Ինք չէ, որ պիտի ճշդէ թէ ով պիտի մնայ, կամ հեռանայ ու հեռացուի։ Դաշնակցութեան մէջ, մնացողներուն, հրաժարողներուն կամ հեռացուողներուն հարցերը բոլորն ալ կանոնակարգուած են։ Այս մասին նոյնիսկ կարծիք տալու համար, ինք ամբողջ կեանք մը պէտք է տրամադրէ իսկապէ՛ս ճանչնալու համար Դաշնակցութիւնը, իր պատմութեամբ, գաղափարական-ծրագրային զարգացումներով, գրաւոր ու անգիր օրէնքներով, աւանդութիւններով ու մանաւանդ՝ անոր զարգացուցած-մշակած քաղաքական Միտքով (գլխագիր Մ-ով)։

Ըստ իրեն, «գաղտնիք չէ», որ իբրեւ թէ Դաշնակցութիւնը վերածուած է «ստալինա-բոլշեւիկեան կուսակցութեան, որը չի հանդուրժում ո՛չ քննադատութիւն, ո՛չ այլակարծութիւն»։ Պարոն Պապեան, եթէ մենք «ստալինա-բոլշեւիկեան» ենք (եւ հոս մենք չէ որ պէտք է փաստենք որ այդպէս չենք. ապացուցելու պարտաւորութիւնը Ձերն է), այդ մէկը Ձեզի ինչո՞ւ պէտք է նեղացնէ, կամ՝ Ձեզի ի՞նչ, Ձեր ի՛նչ տարտն է Դաշնակցութեան «ստալինեան» կամ «մայր թերեզայական» ըլլալը։ Դուք ինչո՞ւ մտահոգ էք մեզմով, այդքա՞ն կը համակրիք Հ.Յ.Դ.ին, որ ի դէպ՝ երբեք ալ Ձեր կամ Ձեր նմաններուն համակրանքին նկատմամբ որեւէ ձգտում չէ ունեցած, ոչ ալ գեղեցկութեան մրցումի ելած է՝ Ձեր հաւանութեան ժպիտին արժանանալու նպատակով…։

Հասանք ամէնէն ծանրակշիռ կէտին, ուր Պապեան մեզ «դաւաճան» կ՛անուանէ։ Այսինքն, Հ.Յ.Դ.ն ընկերվարական կուսակցութիւն ըլլալով, «դաւաճանած է» (իր բնորոշումն է) ընկերվարութեան, «քոալիցիա կազմեցին… ՀՀԿի հետ, որն աւելի շատ նման է խոշոր պուրժուազիայի արհմիութեան։» Մէկ խօսքով, ըստ Պապեանի, Հ.Յ.Դ.ն ընկերվարական կուսակցութիւն ըլլալով, պէտք է գործակցի միայն ու միայն ընկերվարակա՞ն կուսակցութիւններու հետ… եւ (շարունակելով իր «քաղաքական մեկնաբանի» տրամաբանութիւնը) քանի որ չկան նման կուսակութիւններ Հայաստանի մէջ, ուրեմն մեզի կը մնայ հանգիստ մը մէկ կողմ քաշուիլ ու ոչ ոքի հետ գործակցիլ, ու միաժամանակ ակնկալել, որ հայրենիք ու պետութիւ՞ն կարելի է կառուցել այդ ձեւով։

Ահաւասիկ ա՛յս է Արա Պապեանի քաղաքական հասունութեան որակն ու մակարդակը, ու իր նմաններն են, որ այսօր Դաշնակցութեան քաղաքական դասեր կը յաւակնին տալու։ Ան կ՛անգիտանայ նոյնիսկ այն փաստը, որ այսօր Հայաստանի մէջ դժբախտաբար ոչ մէկ կուսակցութիւն կայ բառին քաղաքական իմաստով՝ բացի Հ.Յ.Դ.էն։ Մնացածները անձերու շուրջ հաւաքուած խմբաւորումներ են։ Տխուր է, բայց դժբախտաբար ա՛յս է իրականութիւնը, որմէ միակ տուժողը Հայաստանն է բնականաբար։

Այս բոլորը չեն բաւեր, տակաւին Արա Պապեան կ՛ըսէ, թէ «յոյս ունեմ, որ կուսակցութիւնն այնուամենայնիւ ընդհանուր ժողով հրաւիրելու ուժ կը գտնի, կը վերլուծի (…) եւ կը յանգի եզրակացութեան», այլապէս, կը շարունակէ «քաղաքական մեկնաբանը», «5 տոկոսը հաստատ չեն յաղթահարի»։

Կրկին «երախտապարտ» պէտք է ըլլալ Արա Պապեանին իր այս քաղաքական խորհուրդներուն ի տես, որոնց համար երբեմն կազմակերպութիւններ կը ստիպուին հսկայական գումարներ վճարել խորհրդատու հիմնարկներու, մինչդեռ ինք իր այս «իմաստուն խորհուրդները» այնպիսի շռայլանքով մը կը դնէ մեր տրամադրութեան տակ (առանց փոխադարձ ակնկալութեան…), որ պարզապէս յուզումը կը խեղդէ մեր կոկորդը…։

Փոխան վերջաբանի աւելցնենք, որ քառօրեայ պատերազմին յաջորդած շաբաթներուն, Արա Պապեան մէկն էր անոնցմէ, որ ջերմեռանդօրէն առաջ կը մղէր այն «տեսակէտը», որ Դաշնակցութիւնը համամիտ է «հողերը յանձնելուն»։ Ա՛յն Դաշնակցութիւնը, որուն հարիւրաւոր անդամները քառօրեայի առաջին իսկ ժամերուն, կամաւոր կարգով մեկնած էին Թալիշ, ուր իրենց յանձնուած էր սահմանագծի մէկ հատուածին պաշտպանութիւնը։

Տէր աստուած, այսքան անլրջութիւն մէկ անձի մէջ ինչպէ՞ս կարելի է խտացնել…
Եւ վերջապէս, փոխ առնելով քեսապաբնակ գաղափարի ընկերուհիիս մէկ արտայայտութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը միշտ գիտցած է, թէ երբ է բաշերը թափահարելու ժամանակը։

Լոս Անճելըս
20 Մայիս 2018

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.