Քեսապի, «ընդդիմադիրներու» եւ collateral damage-ի մասին

Քեսապը ազատագրուած է: Երրորդ անգամ տարագրութեան դառն փորձառութիւնը ճաշակած քեսապի բռնագաղթի ենթարկուած զաւակները, այսօր կը վերադառնան պատմական Հայաստանի իրենց բննօրանը, քանդուածը վերաշինելու, խաւարը լուսաւորելու, կորուսեալ ծննդավայրը վերածաղկեցնելու, վերստին յառնելու:

***

Միջին Արեւելքի մԷջ Սուրիոյ պատերազմի յարաբորբոք իրավիճակը տակաւին հեռու Է խաղաղ հանգուցալուծման մը հասնելու հանգրուանԷն։
Երկրագունտի այս տարածաշրջանը, Միջին Արեւելքը՝ ի կզբանէ եղած է աշխարհաքաղաքական տարբեր բախումներու բեմադրավայր, հնագոյն դարերէն մինչեւ 21-րդ դար: Սակայն Սուրիոյ ներկայ պատերազմը տարբեր երանգաւորում ունի:

Արդեօ՞ք երկրին մէջ բարեփոխումներ կատարելու եւ ժողովրդավարութիւնը ամրագրելու «Արաբական գարուն»ներու կրկնօրինակը Սուրիոյ մէջ նուիրագործելու ջանք մըն էր կատարուածը: Սակայն բոլորս ականատես եղանք այդ գարուններուն, որոնք բոլորն ալ շուտով վերածուեցան աշուններու, ուր բռնատէրերուն յաջորդեցին նոր բռնատէրերն ու իշխանութիւնները… Եթէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արմատաւորելու յստակ միտում եւ մարմաջ կայ, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ «գարուն»ներ չեն պատահիր Արաբական Թերակղզիի տափաստաններուն վրայ…

Պատերազմը քաղաքացիական պատերազ՞մ է: Եթէ քաղաքացիական պատերազմ պիտի ըլլար, ուրեմն քաղաքական տրամաբանութիւնը կ՚ենթադրէ, որ միեւնոյն երկրի կամ պետութեան գաղափարապէս հակադրուած երկու հատուածներու քաղաքացիներ պիտի պայքարին իրար դէմ, այնպէս ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ Մեքսիքոյի քաղաքացիական պատերազմները, ուր նոյն հայրենիքին մէջ ծնունդ առած քաղաքացիներ, զէնքերը ուղղեցին իրար դէմ եւ արիւնալի պատմական արարներէ ետք՝ այդ երկիրներուն համար գրուեցաւ պատմութեան նոր էջ մը: Սակայն Սուրիոյ պարագային, ընդդիմադիր հատուածը եթէ իր մէջ կը ներառէ երկրի քաղաքացիութիւնը կրող անդամներ, իր շարքերուն մէջ, յատկապէս մարտնչող ստորաբաժանումներուն մէջ, ունի բազմահազար օտարահպատակներ, որոնք կը կազմեն ընդդիմութեան զինեալներու գրեթէ 50 տոկոսը:

Այս առնչութեամբ, վիճակագրական յստակ տեղեկութիւններ գրած է HIS Janes Terrorism and Insurgency Center-ի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի նախկին ղեկավար եւ Միջին Արեւելքի բախումներու մասնագէտ Չարլզ Լիսթըր, որուն կատարած մասնագիտական վիճակագրական հաշուարկներով, Սուրիոյ ընդդիմադիրներու զինեալ խմբաւորումներու 46 տոկոսը, մօտաւորապէս 42 հազար ըմբոստներ, կը պատկանին ծայրայեղ, արմատական իսլամական կազմակերպութիւններու, որոնց մեծամասնութիւնը Արեւմուտքի կողմէ կը դասուի որպէս ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Ահա, արեւմտեան ռազմաքաղաքական վերլուծողական կեդրոնի մասնագէտի մը վկայութիւնը, որ իր յօդուածին մէջ չի վարանիր խորհուրդ տալու Արեւմտուտքի գերտէրութեանց, յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն, թէ այդ 50 տոկոսը կը կազմեն այն զինեալ խմբաւորումները, որոնց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հասնիլը կտրուկ կերպով կը հակասէ Սուրիոյ ապագայ իշխանութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի պատկերացումին։Յստակ է, որ Սուրիան այսօր միջազգային տարբեր ուժերու բախման բեմադրավայրն է, գերտէրութիւններու աշխարհաքաղաքական հաշուեյարդարի ռազմադաշտն է, որուն մէջ ներառուած է նաեւ ուժանիւթի տարանցիկ ճանապարհներու տիրացման մրցակցութիւնը:

Այս է իրապատկերը, այլապէս ինչո՞ւ մէկ օրուան ընթացքին իր պապենական բնօրրանէն արմատախիլ պիտի ըլլար Քեսապի հայ բնակչութիւնը, որ ժողովրդավարօրէն եւ համատեղ խաղաղ գոյակցութեամբ կ՚ապրէր տարբեր կրօնքի պատկանող իր համաքաղաքացիներուն հետ:

Այո, մէկ օրուան ընթացքին, թրքական պետութեան անմիջական ռազմական օգնութեամբ, ծայրայեղական զինեալներ, օտարահպատակ չեչեններ ու տաղստանցիներ, արաբական թերակղզիէն Սուրիա հանգրուանած արկածախնդիրներ, օր ցերեկով հատեցին թուրք-սուրիական սահմանը ու յարձակում գործեցին Քեսապի խաղաղ բնակչութեան վրայ: Յաջորդող դէպքերու շարանը ծանօթ է բոլորիս: Ահաւասիկ թրքական ցեղապաշտ ու ազգայնամոլ աւանդական քաղաքականութեան շարունակութիւնը։

Համաշխարհային պատմագրութիւնը մօտակայ ապագային պիտի գրէ այն մասին, թէ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները յետին ինչ նպատակներով հարուածը հասցուցին Քեսապին եւ իր հայ բնակչութեան, պատմական Հայաստանի սահմանամերձ այն միակ հայկական բնօրրաննին, որուն բնիկ ժողովուրդը, հակառակ բազմաբնոյթ արհաւիրքներու եւ յատկապէս թրքական ցեղապաշտ բռնադատական արարքներու առկայութեան՝ ԴԱՐԵՐՈՎ կառչած մնացած է իր հայրենի հողին եւ լեռնաշխարհին։

Աներկբայօրէն յստակ է թրքական պետութեան գործօն դերակատարութիւնը Քեսապի բախումներուն մէջ, որուն փաստացի վկայութիւնները տարածուած են նաեւ համացանցի էջերուն վրայ, ուր Քեսապի անտառներուն մէջ կը տեսնենք թրքական դրօշը կրող զինեալ խմբաւորումներու լուսանկարները:

Քեսապի զինուորական գործողութիւնը ռազմական արդի եզրաբանութեամբ «անուղղակի վնաս» collateral damage չէր, այլ հաշուարկուած, ծրագրուած ու կանխամտածուած թրքական պետական սադրանք էր: Պետութեան մը կողմէ գործադրուած ահաբեկչական գործողութիւն. պետական ահաբեկչութիւն:

Ինչ կը վերաբերի «ընդդիմադիր» զինեալներուն, որոնք գրաւեցին Քեսապը, անոնք յստակօրէն դրսեւորեցին քրիստոնէական կրօնքին եւ հաւատքին հանդէպ իրենց անհանդուրժողութիւնը: Քեսապը գրաւած «ընդդիմադիր» եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալներու իրագործած վանտալիզմի եւ քանդումի պատկերները այսօր սփռուած են համացանցի վրայ: Նոյն այդ զինեալները, որոնք ամիսներ առաջ համացանցի վրայ կը սփռէին յատուկ տեսերիզներ, ուր կը յայտարարէին, թէ Քեսապի հայկական եկեղեցիները իրենց հոգածութեան եւ խնամքին տակ են: Փաստը այն է, որ այդ «հոգածութեան» իբրեւ արդիւնք, ամէնէն ատելավառ մոլուցքով սրբապղծումի ենթարկուեցան Քրիստոսի հետեւորդներուն աղօթավայրերը, գետին շպրտուեցան եկեղեցիներու գմբէթներէն պոկուած խաչերը, փշրուեցան մարմարեայ խորանները ու պղծուեցան Աստուածամօր սրբապատկերները…

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.