Քեպէգի նահանգային երեսփոխան տիկ. Սէն Փիեր կը գնահատէ ՀՕՄ-ի բարեսիրական աշխատանքը

Մայիս 7, 2020-ին, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ. Հուրի Զաքարեան եւ վարչութեան անդամ Թամար Եաղճեան հանդիպեցան Քեպէգ նահանգի երեսփոխան տիկ. Քրիսթին Սէն Փիերի հետ, Հայ Կեդրոնի շրջաբակէն ներս: Աքատի ընտրաշրջանի նահանգային երեսփոխան տիկ. Սէն Փիեր եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու ՀՕՄի ծաւալած բարեսիրական գործունէութեան՝ համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս: Առ այդ, տիկ Սէն Փիեր 2000 տոլար արժողութեամբ նպաստի փոխանցում կատարեց:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.