Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի մէջ նշուեցաւ ՀՀ անկախութեան 28-ամեակը

Կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանատան, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, հոգեւորականաց դասուն, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Արամ Էլակէօզի, Քեպէգի հայ համայնքի կուսակցութեանց եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու եւ հայրենակիցներու, Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 28-րդ ամեակին տօնախմբումը։

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Քեպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի անդամ Թամար Շահինեան Փօլատեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա կատարեց հետեւեալ մէջբերումը՝ անկախութեան առթիւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձէն. «Անկախութեան օրը առանձնայատուկ պատգամ է՝ աւելի լաւ ճանաչելու ինքներս մեզ՝ մեր երկիրը, մեր ինքնութիւնը, մեր հնարաւորութիւնները, մեր ներուժը»։ Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ վերանկախացած Հայաստանը գործնապէս զօրացնելու՝ ըսելով. «Մենք պարտաւոր ենք աւելի՛ ամուր կառչած մնալու մեր հայրենիքին, աշխատելու անոր գոյութեան ամրապնդման եւ յարատեւութեան ի խնդիր, որովհետեւ անոր ապագան՝ մեր եւ գալիք սերունդներուն ապագան է, եւ ներկայ առիթը պէտք չէ՛ կորսնցնել։ Դարաւոր Պատմութեան էջերը մե՛նք է որ պիտի շարունակենք գրել, ուրեմն անկախութեանց կերտիչներու աւանդը մնայուն պահելու համար՝ գործը շարունակելու գրիչը մեր ձեռքն է…»։

Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ ջութակահար Նունէ Մելիքը։ Միջազգային բեմերու վրայ փայլող աստղը Կոմիտասէն «Կռունկ», «Ծիրանի ծառ» եւ «Քելեր, Ցոլեր» կտորները՝ անոնց վերապրեցնելով հայրենիքէն հեռու ըլլալու վիշտն ու հայրենիքին անկախացման զուարճութիւնը։ Անկէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Շուշանիկ Մելքոնեանը, որ ասմունքեց Գէորգ Էմինին «Մենք»ը եւ շարունակեց իր ասմունքը գրական համադրումով մը՝ նուիրուած հայրենիքին։ Արհեստավարժ ասմունքողը մի քանի վայրկեաններու ընթացքին ներկաները հոգուով ու սրտով փոխադրեց հայրենիք:

Գեղարոուեստական յայտագրի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի ատենապետ Վիգէն Սարգիսեան։ Ան ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց ՀՀ անկախացման 28-րդ ամեակը, ապա իր խօսքը փոխանցելէ ետք ներկայացուց ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի կենսագրականը։ Դեսպանը, իր կարգին, նոյնպէս ողջունեց ներկաները ու իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանի անկախացման առաջին օրուընէ իսկ, Հայաստանը զգացած էր սփիւռքի հոգատարութիւնը։ Ան հպարտութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ յայտնեց սփիւռքի անխոնջ աշխատանքները հայոց պատմութեան ու մշակոյթին տարածման ու պահպանման ի խնդիր։ Իր խօսքին մէջ սրտի կսկիծով ու մեծ յարգանքով յիշեց Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի առաւօտուն, հողին յանձնուած գանատահայ մեծանուն քանդակագործ Արտօ Ճաքմաքճեանն ու անոր նուիրումը հայրենիքին հանդէպ։ Շարունակելով իր խօսքը, ան նշեց որ այսօր եւս Հայաստանը ունի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ մեծագոյնը՝ Արցախի անվտանգութիւնն է։ Ան խնդրեց բոլորէն չմոռնալ իրենց պատասխանատուութիւնը, այս պահուս, անկախութեան իսկական պահապաններուն՝ սահմանի հայ զինուորներուն հանդէպ։ Դեսպանն իր խօսքին մէջ մէջբերեց ՀՀ վարչապետին այն բանաձեւը, որ իր կարծիքով ուղենիշը պէտք է ըլլայ աշխարհի մէջ ապրող ամէն հայու. «Հայաստանում ապրելուց բացի՝ անհրաժեշտ է ապրել Հայաստանով եւ յանուն Հայաստանի»։

Դեսպանը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Եկէ՛ք միասին աշխարհին պատմենք Հայաստանի մասին, հպարտանա՛նք մեր հաւաքական զօրութեամբ, եւ բոլորս միասին ընթանանք յանուն մեր միասնական նպատակին, որն է՝ հզօր Հայաստան եւ Արցախ»:

Դեսպանին խօսքով աւարտեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը, ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Շողիկ Սաֆար

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.