Փելոսի. «Խստօրէն Կը Դատապարտեմ Հայաստանի Սահմաններուն Վրայ Ազրպէյճանի Մահացու Յարձակումները»

Հայաստանի Ազգային ժողովէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան երէկ հանդիպում ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Հանդիսաւոր ընդունելութեան յաջորդած է Սիմոնեան-Փելոսի առանձնազրոյցը, ապա տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով քննարկում:

Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ առանցքային տեղ կը գրաւեն Հայաստանի տնտեսական կեանքի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է 14 սեպտեմբերի երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած փխրուն զինադադարի համաձայնութեան համար, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան, ներառեալ բազմաթիւ քոնկրեսականներու` վերջին զարգացումներուն հասցէական գնահատական տալու համար:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահը նշած է. «Երբ մենք որեւէ երկիր կ՛երթանք, մեզի համար անվտանգութիւնը կարեւոր է: Չէինք գիտեր, որ մեր այցելութիւնը պիտի համընկնի զինուորական գործողութիւններուն յաջորդող օրերուն: Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հպարտանանք, որ շրջապատուած ենք հայրենասէր հայերով, որոնք նաեւ մեր քաղաքացիներն են: Անոնք մեր ուժն են, մեր ամբողջութեան կարեւոր բաղադրիչը», ըսած է Նենսի Փելոսի:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահը հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Հայաստանը մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ Ազրպէյճանի մահացու յարձակումները խստօրէն կը դատապարտենք»:

Ան վերահաստատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը, թէ տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ:

«Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն: Կ՛ուզենք ձգտիլ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցային խաղաղ եւ տեւական լուծում ըլլայ», յայտարարեց Փելոսի:

Ան պատասխանելով ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ հարցումի մը ըսաւ. «ՀԱՊԿ-ին առնչուած որեւէ բան չենք ըսեր, կը հասկնանք, որ Հայաստանը Ռուսիոյ հետ այդ կազմակերպութեան մաս կը կազմէ: Սակայն այն, ինչ որ մենք կ՛ըսենք, հետեւեալն է` Հայաստանի անվտանգութեան հարցերով մենք մտահոգուած ենք եւ կ՛ուզենք կարելի եղածին չափ այդ հարցին մէջ Հայաստանին աւելի աջակից ըլլան»:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ուժանիւթի եւ առեւտուրի հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ֆրանք Փալոն` պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, նշեց, որ իրենք Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ի անդամ ըլլալու, վերաբերեալ ոչինչ կ՛ըսեն, միայն մտահոգ են Հայաստանի անվտանգութեամբ:

«Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանը Ռուսիոյ հետ Անվտանգութեան կազմակերպութեան մէկ մասն է: Ատոր առնչուած որեւէ բան չենք ըսեր, սակայն շատ մտահոգ ենք Հայաստանի անվտանգութեամբ եւ կը փորձենք հասկնալ, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՛նչ կրնան ընել` առանց անդրադառնալու այդ զինուորական կազմակերպութեան», նշեց Փալոն:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փելոսի իր կարգին յայտարարեց.«Ժողովրդավար աշխարհի մէջ շատ կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը: Եւ ինչպէս պարոն Փալոնը նշեց, մենք Հայաստանին այդ կառոյցներուն մէջ հաղորդակցութիւններու մասին որեւէ ըսելիք չունինք: Սակայն, Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը մեզի համար կարեւոր հարցեր են, եւ կ՛ուզենք այդ ուղղութեամբ մեր գործօն աջակցութիւնը ունենալ: Անշուշտ, որոշումը Հայաստանը կը կայացնէ, մենք մեր պատրաստակամութեան մասին կրնանք խօսիլ»:

Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճեքի Սփիր իր կարգին յայտարարեց. «Ներկայացուցիչներու տունը արդէն յառաջ մղած է բանաձեւ մը, որով կը դատապարտենք Ազրպէյճանի գործողութիւնները»:

«Յոյսով եմ, որ այդ բանաձեւով յառաջ պիտի շարժինք: Ինչ կը վերաբերի մեր յանձնառութեան` պիտի շարունակենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցիլ եւ դէմ պիտի ըլլանք Հայաստանի սահմաններու որեւէ փոփոխութեան», յայտարարեց Սփիր` պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող հարցումին:

Նշենք, որ քոնկրեսական Փալոն նախապէս «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած էր, որ քոնկրեսական այլ անդամներու հետ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտող բանաձեւ մը: «Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ դադրեցնելու Ազրպէյճանին տրամադրուող որեւէ օգնութիւն եւ կը հաստատէ Ներկայացուցիչներու տան աջակցութիւնը Հայաստանին: Մենք պէտք է հզօր ուղերձ յղենք, որ Ալիեւի յարձակումը անընդունելի է», գրած էր քոնկրեսականը:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի աւելի ուշ, «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այցելութիւնս շատ աւելի կանուխ ծրագրաւորուած էր, սակայն այնպէս եղաւ, որ մենք այստեղ եկանք այն պահուն, երբ կրնանք անձամբ խստօրէն դատապարտել Ազրպէյճանի անընդունելի եւ սպառնալից գործողութիւնները, որոնք կը վտանգեն խաղաղութեան հոլովոյթի յաջողութիւնը:

Փելոսի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

«Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ եւ Հայաստանի բարեկամ, յանձնառու են աջակցելու բանակցային կայուն, խաղաղ հոլովոյթի լուծման: Միացեալ Նահանգներ շատոնց նշած են, որ այս տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ: Շարունակաբար տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւնները նորանոր կեանքերու կորուստին, նորանոր տեղահանութիւններու պիտի յանգեցնեն, եւ ատոր համար մեծ գին պիտի վճարուի», ըսաւ Փելոսի:

Ան աւելցուց, որ նախագահ Պայտընի եւ Քոնկրեսին համար ասիկա առաջնահերթ ուղղութիւն է:

«Մենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցերուն մէջ յանձնառու ենք», ըսաւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահը:

Ան շեշտեց Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ իր եւ քոնկրեսականներու այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու համար:

«Շատ յուզիչ էր: Մենք իմացանք սոսկալի ճշմարտութիւնը, զոր թանգարանին մէջ մեզի ներկայացուցին», ընդգծեց Փելոսին:

Ան աւելցուց. «Սակայն վէրքերը ամոքելու համար աշխարհը պէտք է ճանչնայ այն ոճրագործութիւնը, որ ոչ այլ ինչ էր, քան ցեղասպանութիւն: Ցեղասպանութեան ուղղութեամբ մեր ջանքերը պէտք է շարունակուին, որպէսզի նման ոճրագործութիւններ երբեւէ չըլլան: Մենք երբեք չենք կրնար զայն մոռնալ»:

Ան յիշեցուց, որ քոնկրեսական էտմը Շիֆ 2019-ին ներկայացուցած է բանաձեւ, որ ո՛չ միայն կը դատապարտէր Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պատմութիւնը ջնջելու ջանքերու դէմ էր: «Մենք կը մերժէինք բոլոր այն քայլերը, որոնցմով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնար ցեղասպանութեան մերժման հարցին հետ առնչութիւն ունենալ», նշեց Փելոսի:

«Ճօ Պայտըն Հայաստանի բարեկամն է, եւ մենք հպարտ ենք, որ ան ստորագրեց (Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը), նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հրաւիրեց ժողովրդավարութեան վեհաժողովին, որ շատ կարեւոր իրադարձութիւն էր: Այստեղ եմ ես` ըսելու, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու են աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարութեան: Եւ մենք դժուար պահերուն հայ ժողովուրդի կողքին ենք, երբ պայքար կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ: Հայաստանը այն վայրն է, ուր մենք կրնանք այս հակասութիւնները ակնառու կերպով տեսնել», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ ինք Ներկայացուցիչներու տան առաջին նախագահն է, որ կ՛այցելէ Հայաստան: «Ես հիմա կանգնած եմ երկու երկիրներու դրօշներուն մէջտեղ, ասիկա կը փաստէ Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը», նշեց Փելոսի:

Ան Քոնկրեսին շնորհաւորութիւնը յղեց սեպտեմբեր 21-ի` Հայաստանի անկախութեան տօնին ընդառաջ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահի Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնները:

«Անհիմն ու անարդար մեղադրանքները, որոնք Փելոսին Ազրպէյճանի հասցէին հնչեցուց, անընդունելի են», յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ ասիկա լուրջ հարուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն:

«Այդօրինակ միակողմանի քայլերն ու անհիմն յայտարարութիւնները չեն նպաստեր շրջանին մէջ փխրուն խաղաղութեան ամրապնդման, ճիշդ հակառակը` կը մեծցնեն լարուածութիւնը», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.