Փաշինեան. «Միջազգային Հանրութիւնը Մեզի Կրկին Կ՛ըսէ` Քիչ Մը Իջեցուցէք Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցին Մէջ Ձեր Նշաձողը»

«Միջազգային հանրութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ համախմբում կ՛ապահովէ, եթէ Երեւանը իջեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին մէջ իր նշաձողը», 13 ապրիլին խորհրդարանին մէջ յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ կ՛ուզէ ուղղել անցեալի սխալներն ու հիմա անկեղծ խօսիլ խորհրդարանի եւ հանրութեան հետ` Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին:

«Այսօր միջազգային հանրութիւնը մեզի յստակ կ՛ըսէ` ըլլալ աշխարհի միակ երկիրը, որ երկկողմանի մակարդակի վրայ չի ճանչնար Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մեծ վտանգ է ո՛չ միայն Արցախին, այլեւ Հայաստանի համար: Այսօր միջազգային հանրութիւնը մեզի կրկին կ՛ըսէ` քիչ մը իջեցուցէք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին մէջ ձեր նշաձողը եւ միջազգային մեծ միաւորում կ՛ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ», յայտնեց վարչապետը:

Խորհրդարանի ամպիոնէն մէկ ժամ տեւած իր ելոյթին մէջ Փաշինեան չյստակացուց, որ Երեւան ի վերջոյ համաձա՞յն է միջազգային հանրութեան առաջարկին` իջեցնել կարգավիճակի վերաբերեալ իր սահմանած նշաձողը, թէ՞ ոչ: Սակայն ելոյթի մէկ այլ հատուածին մէջ, խօսելով խաղաղութեան մասին` Փաշինեան նշեց, որ իր կառավարութեան մօտեցումը փոխուած է այս հարցին գծով, եւ որ եթէ մինչ այդ կարեւոր կը նկատուէր նախ կարգավիճակը, եւ անվտանգութիւնը կը կապուէր ատոր, ապա այժմ առաջին դիրքի վրայ է Արցախի անվտանգութեան եւ ժողովուրդի իրաւունքներու հարցը, որմէ ալ պէտք է բխի կարգավիճակը. «Այլ ձեւով ըսուած` մենք կ՛արձանագրենք, որ կարգավիճակը տուեալ իրադրութեան մէջ ոչ թէ նպատակ է, այլ միջոց` ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները»:

Ծաւալուն ելոյթին մէջ Փաշինեան քանի մը անգամ կրկնեց, որ բանակցային ամբողջ պատմութեան ընթացքին` անցած 30 տարիներուն, միջազգային հանրութիւնը միանշանակ ճանչցած է եւ կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը` նոյնը ակնկալելով նաեւ Հայաստանէն. «Մեղաւոր եմ, որ 2018, 2019 թուականներուն մեր հանրութեան առջեւ չեմ կանգնած ու բարձրաձայնած, որ մեր բոլոր, կը կրկնեմ բոլոր` հեռու եւ մօտիկ բարեկամները մեզմէ կ՛ակնկալեն, որ մենք այս կամ այն ուրուագիծով Ազրպէյճանին յանձնենք 7 յայտնի շրջանները եւ իջեցնենք Արցախի կարգավիճակի համար մեր սահմանած նշաձողը»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.