Փաշինեանի Կործանումներու Շարանը. Այսօր՝ Արցախը, Վաղը՝ Հայաստանը

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 Ապրիլ 2022ին Հայաստանի խորհրդարանին մէջ  հանդէս եկաւ չափազանց երկար եւ անիմաստ ելոյթով, որ կը վերաբերէր իր կառավարութեան 2021ի ձախողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն։

2020ի արցախեան աղէտալի պատերազմէն ի վեր, ես բազմիցս ըսած եմ, որ վարչապետը չափազանց ապաշնորհ է Հայաստանը կառավարելու համար։ Ան պատճառ դարձաւ Արցախի  մեծ մասին եւ հազարաւոր հայ երիտասարդներու կորուստին։ Իբրեւ պարտուած ու հոգեբանօրէն ջախջախուած ղեկավար՝ ան ի վիճակի չէ վերականգնելու երկրին հասցուած վնասը։ Օրէ օր վիճակը աւելի կը վատանայ. հիմնականին մէջ, Արցախը կորսնցուցած ենք, իսկ յաջորդը՝ Հայաստանն է։

Սակայն Փաշինեան կը մերժէ հրաժարական տալ՝ կառչած մնալով իր աթոռին եւ հաստատելով միանձնեայ իշխանութիւն։  Հեգնականօրէն, չորս տարի առաջ, երբ տիրապետեց կառավարութեան՝ ան յայտարարեց, որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին…

13 Ապրիլ 2022ի իր ելոյթին մէջ, Փաշինեան ըսաւ. «Մենք ունեցանք լրջագոյն ձախողութիւններ եւ լրջագոյն ձեռքբերումներ: Նախ պիտի խօսիմ ձեռքբերումներու մասին, յաջորդիւ կեդրոնանալով ձախողութիւններու վրայ, բայց ոչ այնքան կամ ոչ միայն զանոնք արձանագրելու, այլեւ Ազգային ժողովի բարձր ամպիոնէն գտնուելու պատեհութիւնը օգտագործելով՝ հանրութեան առաջ ինքնախոստովանութիւններ ընելու, տեղի ունեցած պատերազմի եւ պարտութեան պատճառահետեւանքային կապերը լուսաբանելու եւ կարելի լուծումներու մասին խօսակցութիւն յարուցելու համար»:

Իշխանութեան բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնեաներ վերջերս յայտարարեցին, որ Արցախ այլեւս տարածքային խնդիր չէ, այլ՝ մարդկային իրաւունքներու, ինչ որ կը նշանակէ, որ Հայաստան կը հրաժարի Արցախի անկախութեան կամ ինքնորոշման իր վաղեմի պահանջէն՝ փոխարէնը  ընտրելով հայերու մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ…

Քանի որ Փաշինեանի ծրագիրն է՝ Արցախի մնացած մասը եւս յանձնել Ատրպէյճանի, ապա ան ինչո՞ւ կը պարծենայ, որ «2020ի Նոյեմբերէն մինչեւ 2021ի աւարտը, (Հայաստանի) կառավարութիւնը Արցախի մէջ իրականացուցած է 136 միլիառ դրամի (մօտաւորապէս 272 միլիոն տոլար) ծրագիրներ»։ Հայաստան, իրականութեան մէջ, նիւթապէս կը հովանաւորէ Ատրպէյճանի ենթակառոյցները Արցախի մէջ, քանի որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը երեքուկէս տարի անց կամ աւելի քիչ, ահա՛ կը տիրանայ այդ տարածքին։

Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ 2021ին, բացասականը գերազանցած է դրականին։ Ան յայտարարեց, որ «ի սկզբանէ ընդունած եմ իմ մեղքն ու պատասխանատուութիւնը թէ՛ պատերազմի, թէ՛ պարտութեան համար»։ Բայց յետոյ հակասեց ինքզինք՝ ըսելով. «Չեմ ընդունած եւ չեմ ընդունիր 9 Նոյեմբեր 2020էն ետք ընդդիմութեան կողմէ ինծի ուղղուած մեղադրանքները՝ հող յանձնելու, հետեւաբար նաեւ դաւաճանութեան մէջ»։ Ան խոստովանեցաւ, որ իր ըսածը «կրնայ անհեթեթ թուիլ, որ կ՛ընդունիս մեղքը, բայց չես ընդունիր մեղադրանքը»:

Իր խոստովանութիւնը աւելի շփոթեցնող դարձնելով՝ Փաշինեան աւելցուց. «Վերջերս տուած հարցազրոյցներէս մէկուն մէջ ակնարկած էի, որ եթէ  կ՛ուզեն առարկայական մեղադրանք վերագրել ինծի, պէտք է որ զիս մեղադրեն ոչ թէ հողեր յանձնելու, այլ՝ հողեր չյանձնելու մէջ: Եւ ես հիմա, այո, կ՛ուզեմ խոստովանիլ, որ կրնայ ըլլալ որ մեղաւոր եմ այս իմաստով: Մեղաւոր եմ, որ 2018ին, 2019ին մեր հանրութեան առջեւ չեմ կեցած եւ չեմ բարձրաձայնած, որ մեր բոլոր, կը կրկնեմ բոլոր՝ հեռու եւ մօտիկ բարեկամները մեզմէ կ՛ակնկալեն, որ մենք այս կամ այն պատկերացումով Ատրպէյճանին յանձնենք եօթը յայտնի շրջանները եւ իջեցնենք Արցախի կարգավիճակին համար մեր սահմանած նշաձողը: Մեղաւոր եմ, որ մեր ժողովուրդին չեմ ըսած, որ միջազգային հանրութիւնը հաստատօրէն կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, կ՛ակնկալէ, որ մենք ալ ճանչնանք, կ՛ակնկալէ նաեւ, որ Ղարաբաղէն հեռացած ատրպէյճանցիները լիարժէքօրէն գրաւուած ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի ապագայի որոշման ու կառավարման հարցերուն մէջ»:

Վերոնշեալ պարբերութեան մէջ Փաշինեան ընդունեց իր մեղքը Արցախը կորսնցնելու գծով, սակայն տարօրինակ կերպով խուսափեցաւ ընդունելէ իր գործողութիւններուն հետեւանքները։ Ան նաեւ բազմաթիւ անգամ մեղքը բարդած է միջազգային հանրութեան ճնշումներուն վրայ։ Ճիշդ չէ, որ միջազգային հանրութիւնը կը պահանջէր, որ հայերը զիջէին Արցախը, բայց եթէ նոյնիսկ պահանջէին, պէտք է որ Փաշինեան աւելի շատ մտահոգուէր Հայաստանի ազգային շահերով, այլ ոչ թէ դուրսի առաջարկներով։ Միայն թոյլ ղեկավարն է, որ  կը կքի  երրորդ կողմերու ճնշման տակ եւ չի պաշտպաներ իր ժողովուրդին իրաւունքները:

Փաշինեան խոստովանեցաւ. «Եւ այսպէս չընելն է իմ իրական մեղքը եւ մեղադրանքի այս ձեւակերպումը երբեք ալ իրավիճակը մեղմացնելու փորձ չէ, այլ՝ ընդհակառակն, այդ ընելով աւելի եւս կը սրեմ իրավիճակը, որովհետեւ յանձնելով  (Արցախի հողերը), թերեւս փրկէի հազարաւոր կեանքեր, բայց չյանձնելով, փաստօրէն, հազարաւոր զոհերու յանգեցուցած որոշումներու հեղինակը դարձայ»։ Որպէս Հայաստանի վարչապետ՝ ան իրաւունք չունէր յանձնելու Արցախի այն տարածքները, որոնք իր իրաւասութեան տակ չէին։

Փաշինեան կը պատրաստուի ամբողջութեամբ յանձնել Արցախը՝ յայտարարելով, որ կը  ցանկայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ եւ ճանչնալ անոր տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ան պատճառաբանեց, թէ «միջազգային հանրութիւնը մեզի յստակ կ՛ըսէ. ըլլալ աշխարհի միակ երկիրը, որ չի ճանչնար Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մեծ վտանգ է ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի համար։ Այսօր միջազգային հանրութիւնը մեզի դարձեալ կ՛ըսէ՝ քիչ մը իջեցուցէք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով ձեր նշաձողը եւ միջազգային մեծ ամրապնդում կ՛ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ: Հակառակ պարագային, կ՛ըսէ միջազգային հանրութիւնը, կը խնդրենք մեր վրայ յոյս չդնել, ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք չենք ուզեր օգնել ձեզի, այլ այն պատճառով, որ մենք չենք կրնար օգնել ձեզի»:

Ի դէպ, երբ Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան չէ ճանչցած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ան հակասեց  ինքզինք՝ կեղծօրէն պնդելով, որ 1992ին, Հայաստան ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Անհիմն յայտարարութիւն է նաեւ անոր պնդումը, թէ միջազգային հանրութիւնը զգուշացուցած է, որ չի կրնար օգնել Հայաստանին, եթէ վերջինս զիջումներու չերթայ Արցախի հարցով։ Իսկ միջազգային հանրութիւնը ե՞րբ մատը մատին տուած է Հայաստանին օգնելու համար։ Փաշինեան ուղղակի կ՛օգտագործէ այս պատրուակը, հետագային զիջումներ ընելու համար Ատրպէյճանի։ Ան ի վիճակի չէ պաշտպանելու Հայաստանի սահմանները, ինչպէս տեսանք 12 Մայիս 2021ին, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմանին եղած ոտնձգութեան ժամանակ։ Աւելին, Փաշինեան կեղծօրէն մեղադրեց իր քաղաքական հակառակորդները՝ ատրպէյճանական այդ ներխուժման համար…: Ան նաեւ մեղադրեց Ռուսիոյ գլխաւորած ՀԱՊԿը (Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն)՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի կեցուածք չցուցաբերելուն համար, թէեւ ներկայիս ինքն է ՀԱՊԿի նախագահը…

Խորհրդարանին մէջ, Փաշինեանի պարտուողական արտայայտութիւնները խստօրէն դատապարտեց ոչ միայն քաղաքական ընդդիմութիւնը, այլեւ սովորաբար  տեղի  տուող Արցախի ղեկավարները։

Պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել՝ Փաշինեանէն շուտափոյթ ազատելու համար, քանի որ ան կը մերժէ հրաժարական տալ՝ նախընտրելով իր աթոռը, այլ ոչ թէ Հայաստանի շահը։ Հակառակ պարագային, Արցախէն ետք կարգը կու գայ Հայաստանին։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.