Փաթեթայինն ու փուլայինը նոյն տապակին մէջ

Կարօ Արմենեան

Ռուսական Դաշնութեան ԱրտԳործՆախարար Պր. Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնը պարզապէս կու գայ դիմակազերծելու 2009-էն ի վեր Արցախեան հիմնահարցի միջազգային բանակցութիւններու բեմին վրայ բազմաթիւ արարներով բեմադրուող «փաթեթային լուծման» թատերախաղը։ Լաւրով – այս կէտին վրայ՝ արդէն բացայայտօրէ՛ն և բառերը առանց ծամծմելու– կը յստակացնէ առաջարկուող փաթեթին բնոյթը զայն ներկայացնելով որպէս «փուլային» գործընթաց…Սիրելիներ, ՓՈՒԼԱՅԻ՛Ն և ոչ ուրիշ բան…անշուշտ ընդգծելէ ետք՝ որ այս ՓՈՒԼԱՅԻՆՆ ալ կը բխի Յունիս 25, 2011-ին սկզբունքային վաւերացում ստացած Քազանի Գագաթաժողովի համաձայնութենէն։ Այսինքն՝ մէկդի շպրտելով այն վերջին «թուզի տերև»ը, որ ցարդ կը ծածկէր փաթեթայինի ակնյայտ մերկութիւնը։

Քննենք տուեալները այս բանակցային մանուածապատ գործընթացին, որպէսզի յստակ ըլլայ բոլորին, թէ իսկապէս ի՞նչ է, որ տեղի կ՚ունենայ քուլիսներու ետին և որմէ – ամէնազգի «քուրմ»երու որոշումով — բացարձակապէս անմասն պահուած է մեր ժողովուրդը անցնող բազմաթիւ տարիներու ընթացքին։

Մօտ տասներեք տարի առաջ, 2007-ի աշնան, տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ԳագաթաԺողովը Մատրիտի մէջ, ուր որդեգրուեցան Արցախեան հիմնահարցի հանգուցալուծման բանալի սկզբունքները։ Սկզբունքնե՛ր՝ որոնք այնուհետև պիտի ուղղորդէին կողմերու միջև տեղի ունենալիք բանակցութիւնները ճանապարհ հարթելով դէպի վերջնական խաղաղութիւն։ Այս սկզբնական համաձայնագիրը կը բխէր Հելսինքիի Վերջնական Աքթի թէզերէն և հաւասար հանգամանք կը շնորհէր մէկ կողմէ՝ հողային ամբողջականութեան և միւս կողմէ՝ ազգային ազատ ինքնորոշման զոյգ սկզբունքներուն և յստակօրէն կը ճանչնար Արցախի ժողովուրդին կամարտայայտութեան իրաւունքը։ Իր այս ձևին մէջ, Մատրիտեան փաթեթը նկատառելի լուսանցք մը կը հայթայթէր հայկական կողմին բանակցային գործընթացը հաւասարակշռուած պահելու և կարողանալ պաշտպանուելու Ազրպէյճանի որևէ կամայականութեան դէմ։

Փաստը այն է սակայն, որ այս փաթեթը արագօրէն բացայայտեց Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան մեծ սուտը։ Ան յստակ դարձուց, որ Ազրպէյճան – գէթ Ալիևներու օրով – հետաքրքրուած չէր բանակցելով։ Ազրպէյճան հետաքրքրուած էր բանակցային գործընթացը չարաշահելով։ Եւ անշուշտ գերտէրութիւններու «մեծ յաճախորդ»ի իր լծակներով՝ որոշած էր ճնշո՛ւմ բանեցնել ԵԱՀԿ- ի Մինսքի Խումբի Համանախագահ երկիրներու (իմա՛ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի և Ռուսական Դաշնութեան) քաղաքականութեան վրայ և բանակցային գործընթացը վերածել Ազրպէյճանական խաղադաշտի։

Ուժերու այս անհաւասար դասաւորումէն է, որ ծնաւ Մատրիտեան վերանայուած փաթեթը։ Եւ այդ փաթեթը շարունակաբար ամրագրուեցաւ երեք աշխարհակալ նախագահներու՝ Մետվետևի (և ի վերջոյ Փութինի), Օպամայի և Սարքոզիի միասնական եռակողմ միջամտութեամբ Լ՚Աքուիլայի, Մուսքոքոյի և Տովիլի G8 գագաթաժողովներու բովին մէջ։ Մատրիտեան վերանայուած փաթեթը կը բաղկանար վեց կէտերէ, որոնցմէ առաջինը պարտադիր կը դարձնէր, որ հայկական կողմը, առաջին հերթին և առանց այլևայլի, Ազրպէյճանի յանձնէր հայկական ուժերու կողմէ ազատագրուած տարածքները։ Այսինքն ա՛յն իսկ տարածքները՝ որոնք գետնի վրայ կ՚երաշխաւորեն Արցախի և Հայաստանի ապահովութիւնը։ Այս ճակատագրական քայլը առնուելէ ետք միայն, և որոշ «անորոշ» պայմաններ ստեղծուելէն ետք…հայկական կողմին կը տրուէր պատեհութիւն «կամարտայայտութեան», որուն հիման վրայ կազմակերպուելիք հանրաքուէ մը ճշտելու էր Արցախի կարգավիճակը…Այսինքն՝ հայկական կողմէն խլելէ ետք բոլոր իր բանակցային լծակները։ Փաթեթը ունէր նաև քանի մը այլ վիճելի կէտեր, բայց բանալի կէտերը վերոյիշեալներն էին։

Հայկական կողմի բանակցողները ի վերջոյ ընթացք տուին այս խնդրայարոյց բանաձևին իրենց յոյսերը կապելով փաթեթի մէ՛կ տրամադրութեան միայն։ Ո՞րն էր այդ ոսկեայ տրամադրութիւնը, որ հայկական կողմը կը մղէր նմանօրինակ զիջումի…Փաթեթը կ՚ակնկալէր, որ Ազրպէյճան Ի ՅԱՌԱՋԱԳՈՒՆԷ հաւանութիւն տար վեց կէտերու ամբողջութեան… ՀՀ ԱրտԳործՆախարար Պր. Նալբանդեան, այդ կէտին վրայ, փաթեթին տուաւ նոր բնորոշում մը զայն անուանելով՝ «փաթեթային համաձայնութիւն՝ փուլային իրականացմամբ»։ Բարեբախտաբար Ազրպէյճան անվերապահօրէն մերժեց այս վերջին պայմանը և այդ մէկը պատճառ հանդիսացաւ, որ բանակցութիւնները մտնեն տեղքայլի մէկ շրջան և յանգին էական սառեցման։ Այնուհետև Ազրպէյճան իր դիպուկահարներով և այլ գրոհումներով շարունակեց սահմանային իր ոտնձգութիւններն ու զինադադարի խախտումները ի վերջոյ նաև դիմելով այն մեծ արկածախնդրութեան, զոր այսօր մենք կը կոչենք Քառօրեայ Պատերազմ։

Ալիև համոզուած էր, որ բանակցութիւններու սեղանին վրայ ինք կը տիրապետէ ուժի հզօր դիրքերու։ Համոզուած էր նաև, որ միջազգային կողմերը կը շարունակեն իրենց պատմական կողմնակալութիւնը ի նպաստ իրեն և որ միայն ժամանակի խնդիր էր, որ անոնք մէկդի դնէին փաթեթայինի վերջին քողը և գործընթացը վերածէին մաքուր փուլայինի։ Ինք վստահ էր, որ ինք ժամանակ ունէր այս խաղին համար և որ այդ ժամանակը գործելու էր ի նպաստ իրեն։ Եւ ինք ճիշտ էր։ Այդ օրը եկաւ։ Այդ օրը հիմա հոս է։ Քորոնաժահրի համավարակը շաբաթներու ընթացքին սրբեց-տարաւ մեծ ուժերու ընդհարման դաշտը տարածաշրջանին մէջ և Մինսքի Խումբի կառավարումը ինքնաբերաբար յանձնուեցաւ Ռուսաստանի de facto իրաւասութեան։ Գէթ այս է պատկերը ներկայիս Արցախեան հարցի բեմին վրայ։ Արդէն իսկ մեծ լծակներ ունեցող Մոսկուան այժմ արդէն ունի միահեծան իշխանութիւն այս գործընթացին վրայ։

Հայաստանի և Ազրպէյճանի նախագահներու Սէյնթ Փեթերսպուրկի Գագաթաժողովի (Յունիս 20, 2016) նախօրեակին գրուած իմ յօդուածով ես տուած եմ վերլուծումը այս կացութեան («Երկիմաստ Եզրերու Քաղաքականութիւնը»)։ Նոյն տարուան Օգոստոսին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը անընդունելի յայտարարեց Մատրիտեան (Քազանեան) Փաթեթը զայն համարելով հակաժողովրդավարական և բոլորովին անարդա՛ր՝ հայկական կողմի իրաւունքներուն։ Միաժամանակ ՝ պահանջելո՛վ Նախագահ Օպամայէն ընդփոյթ մերժելու այս փաթեթը։

Այսօր, յայտնօրէն կը գտնուինք նոր զարգացումներու սեմին։ Ի՞նչ դրդապատճառներէ դրդուած պէտք է համարել Պր. Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնը։ Արդեօք ի՞նչ ի մտի ունի Մոսկուան։ Ան մեր բարեկա՞մն է, թէ թշնամին…Այս մտմտուքները մեզ որևէ տեղ պիտի չտանին։ Ասոնք կ՚առաջնորդեն միայն ժամավաճառութեան։ Մենք պէտք է կեդրոնանանք մեր իսկ անելիքին վրայ և հարց տանք, թէ արդեօ՞ք մենք ըրած ենք և կ՚ընենք այն ինչ, որ պէտք էր ընէինք…Այս հարցումներն են, որոնք պէտք է առաջնորդեն հայ քաղաքական միտքը այսօր։ Մէկ բան յստակ է։ Հայկական կողմը պիտի չնահանջէ փաթեթային-փուլային խաղերու սադրանքին առջև։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԿԵՑԱԾ Է ՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ։ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԲԱՐ ԲԻՒՐԵՂԱՑՆԵԼ ԱՅԴ ԴԻՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԶԱՆՈՆՔ ԵՒ ԸՆԴԱՐՁԱԿԵԼ ԱՆՈՆՑ ԾԻՐԸ։ ԱՄԷՆ ՈՔ ՊԻՏԻ ԳԻՏՆԱՅ, ՈՐ ՈՉ ՈՔԻ ՊԻՏԻ ԹՈՅԼԱՏՐՈՒԻ ԲՌՆԱԲԱՐԵԼ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐԷՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ։

Ժամանակն է, որ ՀՀ իշխանութիւնները վերադառնան մեր ժողովուրդին։ Այս հարցը մեր ժողովուրդի հարցն է։ Պէտք է հայ հանրութիւնը լիովին իրազեկուի, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ դիւանագիտութեան քուլիսներուն ետին։ Ցարդ կտոր-բրդուճ տեղեկութիւններով է կերակրուած հանրութիւնը։ Այդ կցկտուր տեղեկութիւններով ան աւելի շատ ապակողմնորոշուած է քան լուսաբանուած։ Եթէ քու ուժի իրական խարիսխդ անտեղեակ է կացութեան, բարոյական ի՞նչ լիազօրութեամբ է, որ պիտի նստիս բանակցութեան։ Ժամանակն է, որ ՀՀ ԱրտԳործՆախարարութիւնը հրապարակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Բանակցային Գործընթացի Կապոյտ Գիրքը և այդ սպառիչ տեղեկոյթի հիման վրայ ի նորոյ թափ առնէ հանրային քննարկումը այս հարցին։

Ժամանակն է նաև, որ այս գործընթացը դուրս բերուի «տարածքներ վերադարձնելու» անպտուղ խօսակցութենէն և սեղանի վրայ դրուի իրական հարցը, որ այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ ՀՀ անվտանգութեան ապահովման հրամայականը, որ կապ չունի ոչ փաթեթայինի և ոչ փուլայինի հետ։ Գոյութիւն ունի նախայարձակ կողմ (aggressor), որ իր իսկ յայտարարութիւններով ՝Ազրպէյճանն է։ Եւ գոյութիւն ունի այդ նախայարձակումը յաջողապէս դիմագրաւած և կասեցուցած կողմ, որ հայկական կողմն է և որ իր զաւակներու արիւնով գծած է իր անվտանգութեան սահմանագիծը։ Համանախագահող կողմերը պէտք է դրուին անվտանգութեան այս հարցին de jure ձևակերպում տալու հրամայականին առջև և ատով իսկ ջանան ապահովել տարածաշրջանի կայունութիւնը։ Ազատագրուած տարածքները իրենց հարազատ իրաւատիրոջ՝ հայ պետականութեա՛ն ձեռքերուն մէջ կ՚ապահովեն տարածաշրջանը պատերազմի դէմ։ Նոյն տարածքները Ազրպէյճանի (և Թուրքիոյ) ձեռքերուն մէջ կը վերածուին ռազմամոլութեան խարիսխի և կը վտանգեն տարածաշրջանը։

Այս է իրական շրջագիծը այս հարցին։ Գոյութիւն ունեցող ռազմավարական սպառնալիքը միայն Ազրպէյճանի ռազմամոլութիւնը չէ, այլ թուրքևազրպէյճանական փանթուրքիզմի մեծ վտանգը, որ, առաջին հերթին, կ՚ըսպառնայ Ռուսաստանի կենսական շահերուն…Կը կրկնեմ. հայ ժողովուրդի գծած անվտանգութեան սահմանագիծը միաժամանակ Ռուսաստանի անվտանգութեան սահմանագիծն է և Կովկասեան տարածաշրջանի կայունութեան երաշխիքը։ Եթէ Համանախագահող կողմերը իրարու միջև կը տարակարծին այս էական ճշմարտութեան վրայ, կը նշանակէ, որ բանակցային գործընթացը արդէն սպառած է ինքզինք և իմաստ չունի զայն արուեստական միջոցներով կենդանի պահել…

Հետևաբար պայման է, որ ՀՀ իշխանութիւնները նախ և առաջ ապահովեն իրենց թիկունքը։ Շատ բարդ զարգացումներ կ՚ըսպասեն մեզի յառաջիկայ օրերուն։ Պայման է, որ ՀՀ իշխանութիւնները անյապաղ վերականգնեն երկրին և ազգին համաշխարհային միասնականութիւնը և պայման է, որ միասնաբար սկսինք ձևաւորել հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան համապարփակ ռազմավարութիւնը։ Ասիկա է մեծ մարտահրաւէրը այսօր և հոսկէ է, որ կ՚ըսկսի մեր յաղթական երթը։ Մի վատնէք ազգին սուղ ժամանակը և տկարութեան շինծու եզրերով մի սնուցանէք ձեզ և ազգը։ Հայ անկախ պետականութեան ողնայարը ամրապնդելու ժամանակն է։ Դաշնակցութիւնը վաղուց հնչեցուցած է յաղթանակի այդ բարձունքը հաւաքաբար նուաճելու մարտաշեփորը։

Կարօ Արմենեան
Ապրիլ 23, 2020
Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.