Ցեղասպանութեան պատճառով որբացած հայորդիներու հանդէպ Գանատայի մարդասիրական արարքի 100-ամեակը նշուեցաւ Ճորճթաունի մէջ

100 տարի առաջ, Գանատայի պետութիւնը որոշում կը կայացնէր ստանձնելու հոգատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք որբացած հայ մանուկներու, որոնց առաջին խումբը Օնթարիոյի Ճորճթաուն քաղաքի Սիտըրվէյլ ագարակ հասաւ 1923 թուականի Յուլիս 1-ին։ Նոյն վայրին մէջ, 100 տարի ետք, Յունիս 24-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուեցաւ Ճորճթաունի հայ որբերու Գանատա ժամանման 100-ամեայ յոբելեանը, որուն ներկայ գտնուեցան Գանատայի խորհրդարանի եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական դէմքեր, հոգեւորականներ եւ Օնթարիոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր «Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսուցման Սառա Գորնինկ Կեդրոն»ին կողմէ։ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի փողերախումբի հնչեցուցած Գանատայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներէն ետք օրուան հանդիսավար Կապրիէլլա Բադիկեան բացումը կատարեց հանդիսութեան, իր խօսքին մէջ նշելով, որ Ճորճթաունի տղոց ցեղասպանութեան ոդիսականէն հարիւրամեակ մը ետք, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նոյն ցեղասպանական վարքագիծը որդեգրած են Արցախի հայ բնակչութեան հանդէպ։

Յաջորդաբար խօսք առին եւ պատգամներ փոխանցեցին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան, Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ, Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Մայքըլ Չոնկ, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, Հալթըն Հիլզի փոխ քաղաքապետ Պոպ Ինկլիս եւ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան, որոնք դրուատեցին Գանատայի պետութեան մարդասիրական արարքը։

Ճորճթաունի հայ որբերու յոբելեանին առիթով, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի ուղերձը ընթերցեց Պրաըն Մէյը։ Ուղերձին մէջ Գանատայի վարչապետը կը հաստատէ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան ամենամութ էջերէն մէկն էր եւ յոբելեանի ոգեկոչումը կարեւոր առիթ է յարգելու համար յիշատակը Ճորճթաունի տղոց եւ աղջիկներուն եւ նշելու անոնց վերապրելու պատմութիւնը: Ճորճթաունի որբերու յոբելինականին առթիւ Օնթարիոյի վարչապետ Տակ Ֆորտի ուղերձը փոխանցեց Արիս Պապիկեան, իսկ Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսաակցութեան ղեկավար Փիեռ Փոլիէվրի հրապարակած ուղերձը՝ Մայքըլ Չոնկ։

Յատուկ վկայութիւններով ելոյթ ունեցան Ճորճթաունի որբերու զաւակները, Միսաք Թումաճեանի զաւակը՝ Թոմ Թորոս Ճէքսըն, Փոլ Ատուրեանի զաւակը՝ Պոպ Ատուրեան եւ Մամբրէ Շիրինեանի եւ Մարիամ Մազմանեան-Շիրինեանի զաւակը՝ Լոռն Շիրինեան, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Գանատայի պետութեան։

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ հօր, Տէր Տաթեւ քհնյ. Միքայէլեանի եւ Տէր Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանի կողմէ կատարուած աղօթքով։ Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան եզրափակիչ իր պատգամով շեշտեց, որ Ճորճթաունի հայ որբերը դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան վկաները Գանատայի մէջ։

*
Ճորճթաունի հայ որբերը. Պատմական ակնարկ
Մերձաւոր Արեւելքի հազարաւոր կարիքաւորներու օգնելու նպատակով 1917 թուականինԹորոնթոյի մէջ հաստատուած հայ գորգավաճառ Լեւոն Պապայեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է Հայկական Նպաստամատոյց Հիմնադրամը (Armenian Relief Fund), որուն գործունէութեան մեծապէս աջակցած են եկեղեցական առաջնորդներ, կրօնական խումբեր, նշանաւոր հասարակական գործիչներ եւ ազդեցիկ դէմքեր, ինչպիսիք էին Օնթարիոյի վարչապետ Ուիլիամ Հերսթը, Գանատական Առեւտրային Դրամատան նախագահ Ուիլիամ Միւլոքը, Թորոնթոյի մէջ բնակող մեծահարուստներ, որոնք դարձան հիմնադրամին նուիրատուները: 1921 թուականին Հայկական Նպաստամատոյց Հիմնադրամը վերանուանուեցաւԳանատայի Հայկական Նպաստամատոյց Ընկերակցութիւն, եւ գլխաւոր քարտուղար նշանակուեցաւ դոկտոր Ա. Ճ. Ուինինկը: Նպաստամատոյց ընկերակցութեան գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուէր Թորոնթոյի մէջ, բայց մասնաճիւղեր ունէր Քինկսթընի, Վիքթորիայիեւ Բրիտանական Գոլումպիոյ մէջ:
Գանատայի Հայկական Նպաստամատոյց Ընկերակցութիւնը մարդասիրական օգնութեան հարցով,գանատացիներու մասնակցութիւնը կազմակերպելու նպատակով, քարոզչական լայն գործունէութիւն ծաւալեց: Այն իրագործուեցաւ հիմնականօրէնգանատական մամուլի, հանրութեան ուղղուած առանձին անհատներու եւ Օսմանեան կայսրութենէն վերադարձած միսիոնարներու ելոյթներուեւ կոչերու միջոցով: Բանախօսութիւններն ու զեկոյցները նպաստամատոյց ընկերակցութեան քարոզարշաւին անբաժանելի մասն էին. շատ յաճախ տարածաշրջանէն վերադարձած միսիոնարները Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ հանդիպումներ կը կազմակերպէինգանատացիներու հետ, որոնց ընթացքինկը ներկայացնէին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին եւ կոտորածներունմասին մանրամասնութիւններ: The Globe թերթի 1920 Յունուար 17-ի թիւին մէջյայտարարութիւն տեղադրուած էր «Հայաստանի աղէտը» խորագրով, որ կը հրաւիրէր ընթերցողները ներկայ գտնուելու Մերձաւոր Արեւելքէն վերադարձած միսիոնարուհի Իռա Փիրսի հետ հանդիպման:
1917-ին գանատական յայտնի The Globe եւ Winnipeg Free Press թերթերուն մէջ Գանատայի Հայկական Նպաստամատոյց Ընկերակցութիւնը տպագրեց «Սուրբ Ծնունդի գանատական մեծ տուփ` տառապեալ հայերուն» խորագրով պաստառներ, որոնց մէջ ներկայացուած էր ցեղասպանութենէն վերապրած հայ որբուհի Շուշանի պատմութիւնն ու նկարը` «Դուք թոյլ չէք տար, որ ես սովամահ ըլլամ, այնպէս չէ՞» կարգախօսով: Հանգանակութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցները ողջ Գանատայի տարածքին: 1918-1920 թուականներուն կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ երեք անգամ կազմակերպուած հանգանակութիւններուն ընթացքին հաւաքուած է աւելի քան 300000 տոլար:
1922 թուականին, երբ թրքական ազգայնական շարժումը մեծ թափ ստացած էր, լուրջ սպառնալիք ստեղծուած էր հայ որբերու անվտանգութեան հարցով, The Globe թերթի տնօրէն Ռ. Ճեֆրին եւ Գանատայի Հայկական Նպաստամատոյց Ընկերակցութեան գլխաւոր քարտուղար Ա. Ճ. Ուինինկը Լոնտոնի քաղաքապետական հիմնադրամին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի անունով 1922 Նոյեմբերին դիմեց Գանատայի վարչապետ Ուիլիամ Լիոն Մակքէնզի Քինկին եւ ներգաղթեալներու հարցերով նախարար Չարլզ Սթիուըրթին՝ հայ գաղթականներն ու որբերը Գանատա տեղափոխելու խնդրանքով: Նախապէս մի քանի անգամ նման ծրագիրներ ներկայացուած էին կառավարութեան եւ մերժում ստացած: Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք վարչապետ Քինկ թոյլատրեց իրականացնել այդ ծրագիրը, պայմանով որ Գանատա տեղափոխուելու էին միայն կոտորածներէն վերապրած որբ երեխաներ: 1922 Նոյեմբերին ընկերակցութիւնը կառավարութեան ներկայացուց յաջորդ 5 տարիներուն ընթացքին շուրջ 2000 երեխայ Գանատա տեղափոխելու ծրագիր: Զանոնք պիտի տեղաւորէին Գանատայի արեւելեան, կեդրոնական եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, Գանատայի Հայկական Նպաստամատոյցի խնամքին ներքոյ, մինչեւ իրենց 18 տարեկան ըլլալը: Մինչեւ Գանատա հասնիլը բժշկական քննութիւն անցնելը եւ 15 տարեկան երեխաներուն տառաճանաչ ըլլալը տեղափոխութեան պարտադիր պայմաններն էին: Ութէն տասներկու տարեկան հայ որբերու 46 հոգիէ բաղկացած առաջին խումբը, Լոնտոնի քաղաքապետական հիմնադրամին հովանիին տակ գտնուող Քորֆուի որբանոցէն Քեպէգ ժամանեց 1923 Յունիս 29-ին, ուրկէ ալ Յուլիս 1-ին՝ Ճորճթաուն: Յաջորդ վեց շաբթուան ընթացքին անոնց միացան եւս 4 տղաք: Յաջորդ խումբը (40 տղաներէ կազմուած) Քորֆուի որբանոցէն Ճորճթաուն եկաւ 1924-ին, իսկ 1926-ին՝ 8 երեխայ:
1924-ին Գանատայի Հայկական Նպաստամատոյց Ընկերակցութեան գլխաւոր քարտուղար Ա. Ճ. Ուինինկին փոխարինեց Պատուելի Իռա Փիրսը, որ երկար տարիներ ապրելով եւ աշխատելով Օսմանեան կայսրութեան հայերու շրջանակներուն մէջ, դարձած էր ցեղասպանութեան ականատես:
Գանատա տեղափոխուած երեխաներէն 109 հոգիէ բաղկացած խումբ մը նպաստամատոյց ընկերակցութիւնը տեղաւորեց Ճորճթաուն (Օնթարիո) գտնուող ագարակի մը մէջ, ուր զանոնք կրթեցին եւ դաստիարակեցին որպէս Գանատայի լիիրաւ քաղաքացիներ: Յետագային այդ երեխաները յայտնի դարձան Ճորճթաունի տղաներ անուանումով: Կառավարութիւնը այդ տղաքը խնամելուն համար, նպաստամատոյց ընկերակցութիւնը տրամադրեց 25000 տոլար:
1923-ին ագարակին ղեկավարութիւնը փորձ մը կատարեց անուանափոխելու տղաքը, պատճառաբանելով որ տղաներէն ոմանց անունները դժուար կ’արտասանուէին: Նախաձեռնութիւնը մեծ դժգոհութիւն առաջացուց հայ որբերուն շրջանակին մէջ եւ յետագայ ընթացք չստացաւ, իսկ խնդրին լուծում տալու համար տղաները համարակալեցին 1-109 թիւերով: Ագարակին մէջ, որպէս ուսուցչուհի աշխատանքի լծուած էր Ա. Լ. Ալեքսանեանը, որուն ջանքերով 1926 թուականին լոյս տեսաւ «Արարատ» ամսաթերթը: Այն 14 թերթէ բաղկացած ամսաթերթ էր, ուր կը տպագրուէին ագարակի տղոց յօդուածները եւ հայերէնէ անգլերէն թագմանուած պատմութիւններ: Օրիորդ Ալեքսանեանի այդ նախաձեռնութիւնը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ տղոց ինքնութեան եւ մայրենի լեզուին պահպանման հարցով, քանի որ ագարակին մէջ օգտագործուող լեզուն անգլերէնն էր: Ամսագրին տպագրութեան կ’աջակցէր Թորոնթոյի մէջ բնակող գորգավաճառ Լեւոն Պապայեան, որ հայերէն տառերով տպագրամեքենայ նուիրեց տղոց: «Արարատ»ը ունեցաւ ընդամէնը 15 թիւ: 1927-ին Ա. Լ. Ալեքսանեան շարունակեց ամսագրին թողարկումը միայն հայերէն լեզուով: Առաջին տղաքը ագարակը լքեցին 1925 թուականին: Գանատայի կառավարութեան ներգաղթեալներու վարչութեան պահանջքով 1925 թուականի տղաքը, որոնք բաւական հասուն էին ինքնուրոյն կեանք սկսելու համար, Ճորճթաունէն ուղարկուեցան հարաւային Օնթարիոյի այլ ագարակներ: Անոնց մէկ մասը տեղաւորեցին գանատական ընտանիքներու մէջ: 1927-ին ագարակին մէջ մնացեր էր ընդամէնը 20 տղայ: Ճորճթաունէն դուրս գալէ ետք տղոցմէ շատեր որոշեցին շարունակել իրենց կրթութիւնը եւ տեղափոխուեցան Թորոնթօ ու այլ քաղաքներ:
1925-ին ագարակը գնեց եւ 1928 թուականէն սկսեալ տղոց խնամքը իր վրայ առաւ Գանատայի Միացեալ Եկեղեցին: 1929-ին ագարակը վերանուանուեցաւ Cedarvale դպրոց աղջիկներու համար։ Ներկայիս այն նոյնանուն այգիին մաս կը կազմէ։ 2010 Յունիս 26-ին այգիին մէջ տեղադրուեցաւ յուշատախտակ (Ontario Provincial Plaque)՝ ի յիշատակ այդտեղ ապրած հայ տղոց։ Գանատական Նպաստամատոյց Ընկերակցութիւնը հայ որբերը Գանատա տեղափոխելու փորձեր կատարեց նաեւ յաջորդ տարիներուն: Մինչեւ 1927 թուական նպաստամատոյց ընկերակցութեան ջանքերով Գանատա տեղափոխուեցան 40 կանայք ու աղջիկներ՝ որպէս տնայնագործ բանուորներ աշխատելու համար, եւ տղոց 14 հոգինոց մէկ այլ խումբ՝ ագարակներուն մէջ աշխատելու համար:
Գանատայի Հայկական Նպաստամատոյց Ընկերակցութիւնը շարունակեց իր գործունէութիւնը մինչեւ 1930 թուական: 1916-1930-ի ընթացքին կազմակերպութեան ջանքերով հաւաքուեցաւ աւելի քան 1000000 տոլար, որ յատկացուեցաւ ցեղասպանութենէն վերապրած հայ գաղթականներու եւ որբերու կենսապահովման: Դեռեւս 1880-ին Գանատայի մէջ սկսած հայանպաստ շարժումը ունեցաւ աննախադէպ հանրային ընդգրկունութիւն: 19-րդ դարու երկրորդ կէսին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործունէութիւն ծաւալած գանատացի միսիոնարները մեծ դեր կատարեցին իրենց ժողովուրդի շրջանակներուն մէջ հայու կերպարը կերտելու հարցով: Մարդասիրական առաքելութեան աշխատակիցները իրենց գործունէութեան համար մեծապէս հիմնուած էին հանրային կապերու վրայ` օգտագործելով քարոզչական, հրապարակայնութեան եւ լրատուամիջոցներու լուսաբանման միջոցներ:

Comments are closed.